Բագրատունի կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութիւնը

Բագրատունի կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին շնորհաւորական նամակով յաջողութիւն մաղթած է Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին։  

Բագրատունիի նամակին մէջ կը նշուի․

«Մեծայարգ տիար Դավիթ Իշխանեան
Արցախի Հանրապետութեան
Ազգային Ժողովի Նախագահ

Սիրելի՛ պրն. Իշխանեան,

Մեծ գոհունակութեամբ ստացանք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին Ձեր ընտրութեան լուրը:

Մեր բոլորին արծուեբոյնը հանդիսացող Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի Ձեր այս պաշտօնը, ներկայ ամէնէն տագնապալի փուլին անգամ մը եւս կը վերահաստատէ պատասխանատուութեան այն վեհ գիտակցութիւնը, որ Դուք ցուցաբերած էք Արցախի համար, մեր ժողովուրդի պայքարին Ձեր անվիճելի դերակատարութեամբ:

Ձեր այս նոր պաշտօնը, զոհաբերութեան եւ պատասխանատուութեան նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնէ Ձեզ եւ Ձեր ներկայացուցած կազմակերպութիւնը:

Իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական համախմբումի ներկայացուցիչ ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթենք Ձեր աշխատանքներուն եւ վստահութեամբ կ’արձանագրենք, որ լաւագոյնս պիտի կարենաք արտայայտել ազատ Արցախի ազատատենչ ժողովուրդին ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու կամքը:

Յաջողութեան եւ անվտանգութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Ներկայացուցիչ` Լիբանանի խորհրդարանի
Հայկական երեսփոխանական համախմբումի»:

Share