Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Գարլոս Սէֆէրեանի կորուստը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Գարլոս Սէֆէրեանի կորուստը

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Շաբաթ, 5 Օգոստոս 2023-ին, խոր կսկիծով գուժեց մահը իր կազմի անդամներէն, Հարաւային Ամերիկայի շրջանէն Գարլոս Սէֆէրեանին։

Գարլոս Սէֆէրեան ծնած է 16 Յուլիս 1954-ին, Պուէնոս Այրէս, Արժանթին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Հ.Յ.Դ. «Խրիմեան» վարժարանը։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ տարիներու ընթացքին տիրացած է պատասխանատու զանազան պաշտօններու։

1971-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի պատուիրակութեան հետ, Գարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է սկաուտական միջազգային 13-րդ Ճամպորիին, Ճափոն։ 1978-ին ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան։ 1981-1984 ան եղած է մասնաճիւղի «Արարատ» սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, իսկ 1984-1988՝ սկաուտական խումբի խմբապետ։ 1986-ին, Գարլոս Սէֆէրեան գլխաւորած է շրջանի սկաուտական պատուիրակութիւնը՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Բ. Բանակումին, Լոնտոն։ 1986-1990 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան։

1988-ին Գարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական խմբապետական երկրորդ համագումարին, Լոս Անճելըս։ 1992-ին, իբրեւ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, ան ստացած է «Wood badge»-ի աստիճան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութեան առընթեր, Գարլոս Սէֆէրեան ունեցած է ազգային-կուսակցական բեղուն ծառայութիւն։ Ան մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» երիտասարդական միութեան, որուն շարքերուն մէջ գաղափարական իր կազմաւորումը ստանալէ ետք՝ ան կատարած է դաշնակցականի իր երդումը եւ նետուած է կուսակցական կեանքի գործադաշտ։ Եղած է Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ, իսկ աւելի ուշ՝ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէի անդամ։ Բազմիցս մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի կազմերուն։ Այս տարի ան վերընտրուած է Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

Գարլոս Սէֆէրեան 2008-ին եղած է Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ։ Մաս կազմած է «Արմենիա» թերթի եւ ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» Հանգստեան Տան յանձնախումբերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 9-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2007-ին, ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ քառամեայ շրջանի մը համար։ 10-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2011-ին, ան կը վերընտրուի քառամեայ երկրորդ շրջանի մը համար։

14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութեան (Երեւան, Հայաստան), ի բացակայութեան, Գարլոս Սէֆէրեան կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։ Շքանշանը կը ստանձնէ զաւակը՝ Կարօ Սէֆէրեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահէն ետք, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, Գարլոս Սէֆէրեան կը նշանակուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչի հանգամանքով։

Գարլոս Սէֆէրեան ամուսնացած է եւ բախտաւորուած չորս զաւակով՝ Մելինէ, Կարօ, Վիգէն եւ Արի։ Անողոք հիւանդութեան դէմ կարճատեւ շրջան մը պայքարելէ ետք, Գարլոս Սէֆէրեան 69 տարեկանին կեանքէն անդարձ հեռացաւ, խոր սուգի մատնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի շրջանը, որուն վերջին քառորդ դարու պատմութեան մէջ ան ձգեց իր անջնջելի հետքն ու դրոշմը։

Գարլոս Սէֆէրեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8-ին (տեղական ժամանակով), Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, իսկ թաղումը կը կատարուի երկուշաբթի, 7 Օգոստոսի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, բրիտանական գերեզմանատան մէջ։

Ցաւակցութիւնները կը փոխանցուին ե-նամակի հետեւեալ հասցէով՝ office@homenetmen.org

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը կատարուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» Հանգստեան Տան եւ «Արմենիա» թերթին։

Share