Արցախի ապաշրջափակման համար ընթացող հակամարտութիւնը

Արցախի ապաշրջափակման համար ընթացող հակամարտութիւնը

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը վերացնելու ուղղութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնները բազմաթիւ են եւ կը համոզեն խնդիրին աշխարհաքաղաքականացման մասին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին անդրադարձը կը յատկանշուի քանի մը կէտով: Նախ կը փորձէ հեռացնել կատարուածին մէջ Մոսկուայի պատասխանատուութիւնը եւ կը կեդրոնանայ դէպի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական բեռնատար մեքենաներու տեղ չհասնելու իրականութեան վրայ:

Ըստ Մոսկուայի ներկայացուցիչին, հակառակ անոր որ Երեւանը Ազրպէյճանի հետ չէ համաձայնեցուցած մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելը, այդուհանդերձ ռուս խաղաղապահները աշխուժօրէն երկու կողմին հետ կը շարունակեն բանակցիլ` հարցին լուծում ապահովելու համար: Զախարովան նոյնիսկ հաստատած է, որ կապերը հաստատուած են, եւ յուսացած, որ միջնորդական աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի:

Քանի մը հետեւողութիւն կարելի է կատարել այս յայտարարութենէն: Նախ այն, որ Մոսկուան ըսել կ՛ուզէ, որ Երեւանի այս նախաձեռնութիւնը կատարուած է ինքնուրոյն` առանց Մոսկուայի խաղաղապահ ուժերուն հետ համաձայնեցնելու: Երբ կ՛ըսուի, որ Երեւանը մարդասիրական օժանդակութեան ուղարկումը չէ համադրած Պաքուի հետ, ըսել կ՛ուզուի, որ այդ նախաձեռնութիւնը պէտք է միջնորդաւորուած ձեւով, այսինքն` Մոսկուայի միջոցով ստանար Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը:

Միջնորդի հանգամանքի պահպանման մօտեցումով, հաւասարութեան կանոնն է, որ կը գործէ: Մոսկուան պարզապէս կրնար յիշեցնել անշուշտ, որ ըստ եռակողմ համաձայնութեան, այդ անցքը պէտք է բաց ըլլար, ուր նաեւ բացառապէս ազրպէյճանական վերահսկողութիւն պիտի ըլլար եւ իր կողմէ ապահովուէր մարդոց ազատ տեղաշարժը: Այդ խախտումները կը շրջանցուին, եւ ընդգծում կ՛ըլլայ, որ Երեւանը իր նախաձեռնութիւնը չէ համաձայնեցուցած Պաքուի հետ, անշուշտ Մոսկուայի միջոցով: Անուղղակիօրէն արդէն կը նուիրականանայ ազրպէյճանական անցակէտը:

Կարեւոր ընդգծումը այն է, որ բանակցութիւններ կը վարուին ռուս խաղաղապահներու միջոցով, եւ մանաւանդ այն, որ հաստատուած կապերը յուսալիօրէն պիտի արդիւնաւորուին:

Մոսկուան ըսել կ՛ուզէ, որ հակառակ կոչերուն, պահանջներուն կամ այլ պետութիւններու յորդորներուն, գետնի վրայ ի՛նք է, որ բանակցութիւններ կը վարէ եւ հարցին յուսալիօրէն լուծում կը բերէ: Խաղի կանոնը կը փոխուի, եթէ Մոսկուայի ներկայացուցիչին յայտնած յոյսը` հարցի կարգաւորման առումով չիրականանայ:

Հիմա անցնինք Ուաշինկթըն. այնտեղ կայ պաշարումի վերացումէն անդին գացող ուղերձ: Այսպէս. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի եւ Ալիեւի միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի մասին պաշտօնական լրահոսը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգուած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի տարողութեամբ` առանց հասցէականացնելու այդ տագնապի ստեղծման պատասխանատուն: Ճիշդ է, որ շեշտուած է Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի եւ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ սակայն, ընդգծուած է փոխզիջման անհրաժեշտութիւնը այլընտրանքային ուղիներու հարցին մէջ, որպէսզի մարդասիրական մատակարարումները հասնին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան: Ահա այստեղ է եռակողմէն դուրս գալու եւ Պաքուի առաջ քշած օրակարգը: Այլընտրանքային ուղին մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու Աղտամի ճանապարհն է, որ ամբողջովին ազրպէյճանանպաստ օրակարգ է եւ որ կ՛առաջադրուի Պաքուի առաջ քշած համարկումի քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Պրիւքսելի մէջ այն, ինչ որ Շարլ Միշելը նշում կատարած էր, Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի իբրեւ այլընտրանքային լուծում կ՛առաջարկուի:

Լուսարձակը բանանք Պրիւքսելի վրայ, որ Միշել-Պորել երեւցած հակասութենէն ետք (Պորելը հաստատած էր, որ Աղտամը չի կրնար այլընտրանք նկատուիլ Բերձորին), այժմ վերադիրքորոշում կ՛արձանագրուի Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի ճամբով: Բացառապէս Բերձորի միջանցքի վերաբացման հրատապ անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծուի եւ յղում կը կատարուի 7 ամիս առաջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ միջանկեալ որոշումին:

Աշխարհաքաղաքական երեք տարբեր կեդրոններէ Արցախի պաշարումը վերացնելու ուղղութեամբ տարբեր մօտեցումներ կը դրսեւորուին: Աւելիով համոզելով դիպաշարին հետեւողները, որ խնդիրը միջնորդական հակամարտութեամբ կը յատկանշուի. կամ` տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող գործընթացներուն ղեկը պահպանելու կամ խլելու շարժառիթներով կը բացատրուի:

«Ա.»
aztagdaily.com

Share