Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Իբրեւ թերթի հրատարակիչ, յաճախ կը ստանամ ենթադրեալ փաստացի «լուրեր», սակայն յստակ ստուգումներէ ետք կը պարզեմ, որ անոնց մեծ մասը բամբասանք է:
Բամբասանքի տարածման վառ օրինակ դարձաւ իսրայէլցի ճամբորդ պլոկըր եւ լրագրող Ալեքսանդր Լափշին, երբ անցեալ շաբաթ եկաւ Լոս Անճելըս: Անոր այցը որոշ հայերու կողմէ բամբասանքներու եւ ատելութեան խօսքի տեղիք տուաւ։
Անոնց համար, որոնք ծանօթ չեն Լափշինի, ըսենք հետեւեալը. ան քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան, իսկ 2011ին եւ 2012ին մեկնած է Արցախ։ Ատրպէյճան զայն ներառած է «սեւ ցուցակ»ի մէջ՝ անոր Արցախ այցը նկատելով անօրինական: Այնուհետեւ, 2016ին, նախագահ Ալիեւ խնդրած էր Պելառուսիայէն՝ ձերբակալել եւ արտայանձնել Լափշինը՝ Ատրպէյճանի։ Երկու ամիս Պելառուսիոյ բանտը մնալէ ետք, 7 Փետրուար 2017ին, նախագահ Ալիեւի անձնական ինքնաթիռով Լափշինը տեղափոխած են Պաքու, ուր ան ենթարկուած է կեղծ դատավարութեան եւ դատապարտուած՝ երեք տարուան ազատազրկման։ 11 Սեպտեմբեր 2017ին, Լափշին բանտախուցի մէջ յարձակման ենթարկուած է դիմակաւորուած չորս ատրպէյճանցի գործակալներու կողմէ, որոնք կոտրած են անոր ծնօտը, կողոսկրները եւ ձեռքը՝ մասամբ անդամալոյծ դարձնելով զայն։ Ան երեք օր անցուցած է Պաքուի հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժինը, յետոյ Ալիեւ ներում շնորհած է անոր եւ զայն վտարած Իսրայէլ, ուր ան եւս երկու շաբաթ հիւանդանոց մնացած է։ Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները կեղծօրէն պնդած են, որ Լափշին փորձած է ինքնասպան ըլլալ, բան մը, որ ան հերքած է կտրականապէս։ Քանի մը անկախ բժիշկ-փորձագէտներ հաստատած են, որ Լափշինի դէմ մահափորձ կատարուած է Պաքուի մէջ։
Բանտէն ազատ արձակուելէն ի վեր Լափշին շրջած է տասնեակ երկիրներ՝ բացայայտելով Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգը եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները՝ սեփական քաղաքացիներու եւ Արցախի մէջ հայերու հանդէպ:
Հակառակ անհիմն լուրերու, ըստ որոնց Լափշին Իսրայէլի գործակալ է, ան մեծ բախում ունեցած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ, որոնք բազմիցս նախազգուշացուցած են զայն, որ եթէ հասկնայ, թէ ո՛րն է լաւը իր եւ իր ընտանիքին համար, ուրեմն եւ պէտք է դադրի քննադատելէ Ատրպէյճանը։ Իսրայէլի պաշտօնեաները Ատրպէյճանը բնութագրած են իբրեւ «Իսրայէլի դաշնակից» եւ ըսած՝ իրեն, որ իր գործողութիւնները կը հակասեն Իսրայէլի շահերուն: Նոյն բացասական պատգամը տրուած է Լափշինի, երբ ան հանդիպում ունեցած է ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու հետ։ Իսրայէլ նաեւ նախազգուշացուցած է Լափշինը այն մասին, որ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն պիտի չտրուի իր մոլտովացի կնոջ, քանի դեռ ան չէ դադրեցուցած վատաբանել Ատրպէյճանը։
Լափշին ներկայիս կը շրջագայի Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Մեքսիքօ, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ պետական պաշտօնեաներու հետ՝ բացայայտելու համար Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ պաշտպանելու արցախահայութեան շահերը։
Այս տեղեկութեան առնչուող իմ աղբիւրը ո՛չ Լափշինն է, ո՛չ ալ անոր քննադատները։ Գոյութիւն ունի երկու պաշտօնական փաստաթուղթ՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէի, որոնք անկախ կերպով քննարկած են ինչպէս Լափշինի, նոյնպէս ալ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած տեղեկութիւնը։
2018ին, Լափշին Ատրպէյճանի դէմ բողոք ներկայացուցած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Դատարանը՝ 2021ին, 32 էջնոց որոշումով մը հաւաստի նկատած է, որ Ատրպէյճան փորձած է սպաննել զայն եւ պարտաւորեցուցած է Ատրպէյճանի՝ 30 հազար եւրօ փոխ հատուցում վճարել Լափշինի, բան մը, որ Ատրպէյճան մերժած է ընել:
2022ին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէն 10 էջնոց զեկոյցի մը մէջ ընդունած է, որ Պելառուսիա խախտած է Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի քանի մը յօդուած՝ ձերբակալելով եւ արտայանձնելով Լափշինը Ատրպէյճանի՝ այսպիսով վտանգի ենթարկելով անոր կեանքը։
Ահա՛ քանի մը հետաքրքրական փաստ՝ «Լափշին ընդդէմ Ատրպէյճանի» դատական գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռէն․
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Եւրոպական դատարանին կեղծօրէն ըսած է, որ Լափշին երկու նամակ գրած է Պաքուի հիւանդանոցէն՝ իբր թէ շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Ալիեւի՝ ներում շնորհելուն համար եւ յայտարարած, որ բանտապահները փրկած են իր կեանքը։ Լափշին հերքած է, որ ինք գրած է այս նամակները։ Եւրոպական դատարանը եզրակացուցած է, որ Ատրպէյճանի պնդումներուն «յատկապէս դժուար է հաւատալ՝ հաշուի առնելով այն դժուարութիւնները, զորս դիմողը (Լափշին) ունէր իր թեւին կապուած»։ Այսուամենայնիւ, կան որոշ հայեր, որոնք աւելի շատ կը հաւատան Ատրպէյճանի սուտերուն եւ կեղծ նամակներուն, քան Եւրոպական դատարանի վճիռին, այն իմաստով, որ պատճառ չկայ կասկածելու Լափշինի խօսքին: Դատարանը նաեւ «հաւանական» նկատած է Լափշինի այն պնդումը, որ Պաքուի բանտախուցին մէջ զինք սպաննելու փորձ եղած է։
Ատրպէյճանցի դատաւոր Լաթիֆ Հուսէյնով, որ «Լափշին ընդդէմ Ատրպէյճանի» դատական գործով նշանակուած եօթը դատաւորներու շարքին էր, մերժած է մասնակցիլ։ Զայն փոխարինած է ատրպէյճանցի այլ դատաւոր մը՝ Ճէյհուն Քարաչաեւ, որ մնացած դատաւորներուն հետ միաձայն՝ կողմ քուէարկած է «2-րդ յօդուածի խախտում յայտնաբերելու օգտին», որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի «Կեանքի իրաւունքն է»:
Եզրափակելով, անոնք, որոնք առանց որեւէ ապացոյցի կը մեղադրեն Լափշինը լրտեսութեան մէջ, կը վանեն իրենց աջակցած ազգութեամբ ոչ հայը, որ վտանգած է իր կեանքը՝ պաշտպանելով արցախահայութեան իրաւունքները։ Ասիկա կը հակասէ հայերու մշտական բողոքներուն, թէ աշխարհի մէջ ոչ ոք մտահոգուած է Հայաստանի եւ Արցախի ծանր իրավիճակով:
Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան