Լոզանի Դաշնագրի Հարիւրամեակի քրտական յատուկ յանձնախումբի մը կազմակերպութեամբ, Յուլիս 22 եւ 23ին, Լոզանի մէջ յատուկ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ: Սոյն խորհրդաժողովին, աշխարհի տարբեր երկիրներէն շուրջ 3ՕՕ քիւրտեր մասնակցեցան եւ երկու օրերու ընթացքին քննարկուեցաւ Լոզանի դաշնագրի բացասական հետեւանքները: Ելոյթ ունեցողներուն մեծ մասը, զուգահեռներ անցնելով Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագիրներու միջեւ, անդրադարձան Սեւրով ձեռք բերուածները Լոզանի դաշնագրով ստուերուած եւ առ այսօր չգործադրուած կէտերուն:
Խորհրդաժողովին զուգահեռ, եւրոպական տարբեր երկիրներէն ժամանած քիւրտ երիտասարդներ, Լոզանի փողոցներուն մէջ քրտական դրօշներով ու ցոյցներով, կը փորձէին ուշադրութիւն հրաւիրել Լոզանի դաշնագրով կատարուած անարդարութեան:
Իրերայաջորդ բանախօսները կ’ընդգծէին այն փաստը, որ Լոզանի դաշնագրով քիւրտիստանը չորս մասի բաժնուեցաւ, իսկ այսօր անհրաժեշտութիւն է քիւրտ ժողովուրդի միասնականութեան հաստատումը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու միակամ ու մէկ դրօշի տակ աշխատանքային համադրումը՝ ի խնդիր վաղուան յաղթանակին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ եւ Դաշնակցութեան ուղղուած յատուկ հրաւէրին ընդառաջելով, խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ ընկերուհի Նայիրի Մկրտիչեան: Ան իր խօսքին մէջ (քրտերէն) նախ խօսեցաւ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին, ապա նշեց ճակատագրակից ըլլալու եւ միեւնոյն թշնամիին կողմէ հալածուելու փաստը: Ապա յաւելեց «Սեւրի օրինական պայմանագիրը, որ այդպէս ալ ուժի մէջ չմտաւ, ապօրինաբար դադրեցաւ գործել Լոզանի պայմանագրով: Լոզանի պայմանագիրը ստորագրած դաշնակից պետութիւններու երակներուն մէջ հոսեցաւ գարշահոտ նաֆթը, անոնց սրտի մէջ ամէն բանէ աւելի վառ էր դեղին ոսկիի կամ կանաչ տոլարի տենչը, որ մոռցնել տուաւ արդարութիւնը։ Գործեց նիւթական շահերու գռեհիկ պաշտպանութիւնը, Ամերիկեան կաշառքը եւս հրաշալի արդիւնքներ տուաւ՝ ազատախոհ ձեւացող երկրները պաշտպանեցին Թուրքիան եւ աշխատեցան անոր պատմութիւնը սրբել մեծ արատներէն»։
Լոզանի հետեւանքով հայկական հարցի կրած վնասները թուելէ ետք, Ն. Մկրտիչեան ըսաւ. «Այսօր ալ այնտեղ կը խօսի ու կը գործէ նիւթական շահերու գռեհիկ պաշտպանութիւնը, այսօր ալ ազատախոհ ձեւացող երկիրները կը պաշտպանեն Թուրքիան եւ կը շարունակեն պատմութենէն սրբել անոնց բարբարոսոթիւնը։ Այսօր ալ Թուրքիան իր եղբօր Ազրպէյճանի հետ կը փորձէ ընկճել հայ ժողովուրդը, կոտրել արցախցիի կամքը շրջափակման մէջ պահելով 120,000 հայեր, որոնք կը մերժեն լքել իրենց պապենական հողը։
«Այս բոլորը 20-րդ դարասկզբի Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական իրականութիւնը կը յիշեցնէ։ Ազրպէյճանը բացայայտօրէն ցեղասպանի վարքագիծ կը դրսեւորէ՝ Արցախի բնիկ ժողովուրդը դրդելով լքել իր հողը։ Դարձեալ անարդարութեան դէմ հանդիման կը գտնուինք, դարձեալ լուռ է միջազգային հանրութիւնը, լուռ են մարդասիրութեան ջատագովները։ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ չեն կիրառուիր, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան՝անտեսելով միջազգային իրաւունքը, կը շարունակեն իրենց բնորոշ վարքագիծը յանուն փանթուրքական ծրագրերու իրագործման։
«Սակայն հայու յարատեւ պայքարն ու անկոտրում կամքը այլընտրանք չունի: Ինչքան ալ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը ձեռք ձեռքի տուած փորձեն հայկական Արցախէն վերացնել հայկական հետքերն ու սեփական հայրենիքէն դուրս մղել մեր քաղաքակրթութիւնը՝ մէկ է չեն յաջողիր։ Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ հայկական»։
Խորհրդաժողովին ելոյթ ունացաւ նաեւ սուրիանիներու ներկայացուցիչը, որ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ այլ փոքրամասնութիւններու կրած զրկանքներուն ու ջարդերուն:
Յուլիսի 24ին, խորհրդաժողովի մասնակիցները, իբրեւ զայրոյթի ու բողոքի արտայայտութիւն, գացին այնտեղ, ուր ստորագրուած էր Լոզանի դաշնագիրը:
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
26. 07․ 2023 թ․