Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ կորուստը Դոկտ. Րիչըրտ Յովհաննիսեանին: Ան ամենէն ականաւոր մշակներէն եղաւ ժամանակակից մեր պատմութեան տարեգրութեան մէջ:
Անոր ներդրումը եղաւ գնահատելի ոչ միայն երբ ներկայացուց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը չորս հատորներու մէջ, այլեւ իր հանգամանքը օգտագործելով որպէս Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ՝ կազմակերպեց զանազան համագումարներ նուիրուած պատմական Հայաստանի այլ շրջաններու, որոնք աւելի ուշ յանձնեց հրատարակութեան: Այդ նուիրական աշխատանքը օգտակար եղաւ ամերիկահայ նոր սերունդին անգլերէն լեզուով ծանօթանալու իր անցեալին ու պատմութեան:
Ան իր ծառայութիւնը բերաւ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դասաւանդումին ակադեմական շրջանակներէ թէ այլապէս, մանաւանդ երբ ժամանակ մը մեր հարցը կը բախէր զանազան դժուարութիւններու եւ տուայտանքի առաջ. նոյնիսկ թրքամէտ զանազան շրջանակներու դէմ պայքարելով երբ Թուրքիան կը նկատեն Ամերիկայի անփոխարինելի դաշնակիցը. նոյնիսկ իր պաշտօնավարած համալսարանէն ներս բարձրաձաձնելով իրականութեան ու արդարութեան ձայնը:
Դոկտ. Յովհաննիսեան արձանագրեց ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդի մը ականատեսի վկայութիւնները նոր սերունդներու համար որպէս պատմական անջնջելի արձանագրութիւն:
Ան ունեցած է յաճախակի այցելութիւններ Միացեալ Նահանգներու համայնքներ թէ զանազան արտասահմանեան երկիրներու գաղութներ տալով դասախօսութիւններ օգտակար ըլլալով այդ համայնքներուն մնալու շահագրգռուած մեր պատմական անցեալով եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ:
Դոկտ. Յովհաննիսեան իր գործով եւ անձնական օրինակով ապացուցեց թէ ներկայ պայմաններու տակ կարելի է մնալ որքան ամերիկացի նոյնքան՝ հայ: Հոս պէտք է արձանագրել որ իր կողակիցին՝ բժշկուհի Վարդիդեռ Քոչոլոսեան-Յովաննիսեան տասնամեակներ շարունակ նեցուկ հանդիսացաւ իր ամուսնոյն ակադեմական կեանքի աշխատանքներուն: Ողբացեալի զաւակներն ու թոռները կը շարունակեն իրենց հօր եւ մեծ հօր առաքելութիւնը, ինչպէս որդին՝ Րաֆֆի Յովաննիսեան ծանօթ քաղաքական անձնաւորութիւնը, որ դարձաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարարը:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքը կը միանայ հայ կեանքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ ազգայիններու ողբին: Անոր յիշատակը ընդ միշտ վառ պիտի մնայ անկասկած բոլոր սերունդներու մօտ յիշելով մեր անժամանցելի դատը եւ մեր արդար իրաւունքները: