Ձերբակալուած Է Վիտալի Բալասանեանը

Ձերբակալուած Է Վիտալի Բալասանեանը

Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախանցեալ օր ձերբակալուած է Արցախի հերոս, Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը, կը հաղորդէ վերջինիս պաշտպանութիւնը ստանձնած Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան: Փաստաբանը չնշեց, թէ ի՛նչ գործի շրջանակներու մէջ եւ ո՛ր մեղադրանքով, միայն պնդեց, թէ Բալասանեանի «մարմինին վրայ առկայ են բազմաթիւ վնասուածքներ»:

Արցախի պաշտօնական աղբիւրները այս տեղեկութիւնները առայժմ չեն հաստատած, մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած:

Երէկ դատարանը մերժեց ձերբակալման իրաւաչափութեան վերաբերեալ Բալասանեանի փաստաբանին ներկայացուցած բողոքը, ան պիտի շարունակէ մնալ անազատութեան մէջ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Բալասանեան փոխադրուած է հիւանդանոց` սիրտի հետ կապուած առողջական խնդիրներու պատճառով:

Share