Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի երկար տարիներու անդամ՝ ընկեր Գրիգոր Աչըքեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Փետրուար 27-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Լոս Անճելեսի մէջ։
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկեր Աչըքեանի տիկնոջ ընկերուհի Վիքիին եւ իրենց բոլոր հարազատներուն:
Աստուած հոգին լուսավորէ: