Կրթութիւնը ինքնին մեծ մարտահրաւէր մըն է եւ անգիտութենէ լոյսի գիտութեան տեղափոխուելու համար առանցքային ու անփոխարինելի է ծնողք-ուսուցիչ առաքելութիւնը։ Ներկայ ժամանակներուն մէջ մեր նոր սերունդի զաւակներուն քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն ջամբելը աւելի մեծ մարտահրաւէր է, նուիրական գործ մը, որ սիրտը կը կազմէ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան։ Երբ ուսումնակրթական հաստատութիւններէն ներս առաջնահերթութիւն կը տրուի առաւելաբար գիտական կամ գրական-լեզուական ճիւղերուն առնչուած նիւթերու մատակարարման, պէտք չէ այսուամենայնիւ անտեսել հոգեւորը եւ մնայունը։
Անցնող ամիսներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին կողմէ լոյս տեսաւ լրջօրէն մտածուած ու պատրաստուած «Կրոնական Ձեռնարկ» երեք դասագիրքերու շարքը, յոյժ կարեւոր եւ այժմէական աշխատասիրութիւն մըն, որուն նպատակն է քրիստոնէական կրօնի ուսուցումը հայ աշակերտին հասանելի ու օգտուելու համար մատչելի դարձնել բոլորին։ Ձեռնարկը իր երեք հատորներով մեզի կը փոխանցէ աւետարանական ուսուցումներ, քրիստոնէական բարոյական վսեմ սկզբունքներ եւ եկեղեցագիտական հարուստ գիտելիքներ, համեմիչ աղ եւ լուսաւոր ճանապարհ հանդիսանալով հայ ընտանիքին, վարժարանին եւ աշակերտին: «Կրոնական Ձեռնարկ» դասագիրքերու հրատարակութիւնը կու գայ փաստելու՝ թէ ուսանելիք երկրորդական նիւթ մը չէ կրօնը, այլ անկիւնաքարը կը կազմէ մարդու կրթութեան, անոր հոգեմտաւոր պատրաստութեան ու բարոյական դաստիարակութեան։ Սոյն Ձեռնարկի հրատարակութիւնը ոչ միայն կը դիւրացնէ այլեւ մանաւանդ կը քաղցրացնէ ուսուցիչին աշխատանքը եւ միաժամանակ կը բեղմնաւորէ աշակերտին եռանդն ու ջանքը եւ աստուածգիտութեան մշտանորոգ հուրը վառ կը պահէ պատանի թէ երիտասարդ, ներկայ թէ ապագայ սերունդներուն մտքին ու սրտին մէջ։ Կրօնական դասագիրքերուն հայթայթած նիւթերով եւ աստուածային գիտելիքներով զինուած հայ աշակերտը եւ ապագայ ընտանիքի հայրն ու մայրը անպարտելի կամքով պիտի պատերազմին կեանքի փորձութիւններուն ու մոլորութիւններուն դէմ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ լոյս տեսած «Կրոնական Ձեռնակ»ի դասագիրքերու իր Ողջոյնի խօսքին մէջ կ՚ըսէ, թէ սոյն նախաձեռնութեան նպատակը «Հայ աշակերտի մտքի, սրտի եւ հոգու մէջ լայնօրէն տարածել աստուածգիտութեան լոյսը, Քրիստոսի սէրը, Հայ Եկեղեցու նուիրումի եւ ծառայութեան ոգին բարոյական կեանքի ճաշակը»: Սրբազանը իր խօսքի աւարտին կը հրաւիրէ հայ վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցիչները, ծնողները եւ աշակերտները առաւելագոյնս օգտագործելու Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութիւնը վայելող սոյն ձեռնակէն:
Երբ ներկայ մեր կեանքը լեցուն է մարտահրաւէրներով եւ մեր արժէքները վտանգող երեւոյթներով, միայն քրիստոնէական կրօնի ճշմարիտ ուսուցումը կրնայ աստուածգիտութեան, ընկերսիրութեան, ներողամտութեան եւ այլ արժէքներու հեզահամբոյր հոգին դրոշմել մեր նոր սերունդի զաւակներուն մէջ: Վստահ ենք, որ նոր, եզակի, արժէքաւոր դասագիրքերէն լաւագոյն արդիւնքը առատօրէն քաղելու ու վայելելու համար հարկ է մասնաւոր տեղ տալ անոնց հայ վարժարաններու ուսմանակրթական ծրագիրներուն մէջ: Սոյն հրատարակութիւնը առաձինն բաւարար չէ․ իր նպատակին ծառայեցնելու համար անհրաժեշտ է առաւելագոյն չափով տարածել եւ բոլորին սեփականութիւնը դարձնել: Արեւմտեան Թեմը «Կրոնական Ձեռնարկ»ը առանց պայմանի եւ սիրայօժար վերահրատարակութեան իրաւունք կը շնորհէ Հայաստանի թէ Սփիւռքի բոլոր հոգեւոր ու կրթական կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն, սոյն դասագիրքերու ճամբով Ս. Գրոց աղբիւրներուն ու մեր հաւատքի սկզբունքնըրուն հետ հաղորդուելու եւ մեր զաւակներուն կրօնական, հոգեւոր, բարոյական ծառաւը յագեցնելու:
«Կրոնական Ձեռնարկ»ին առաջին երկու դասագիրքերուն հեղինակը քրիստոնէական կրօնի հմուտ եւ փորձառու Հայկ Մադոյեանն է: Երրորդ դասագիրքին հեղինակը Արժ․ Զաւէն Քհնյ․ Արզումանեանն է։ Առաջին դասագիրքը կը պարունակէ Աստուածաշունչ մատեանի՝ Հին եւ Նոր Կտակարաններու կարեւորագոյն հատուածները, սկսելով տիեզիրքի եւ մարդու ստեղծագործութեան պատմութենէն հասնելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւն ապա համբարձում եւ անոնց մէջ ինկած երկար ժամանակահատուածի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները: Երկրորդ դասագիրքը իր մէջ կը պարփակէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կառուցուածքին, սուրբ խորհուրդներուն եւ կարեւոր տօներուն վերաբերեալ ուսուցողական դասեր: Իսկ երրորդ դասագիրքին մէջ կը ներկայացուին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ երկհազարամեայ պատմութեան եւ եկեղեցական կարգին վերաբերող կարեւոր դասեր: Իրաքանչիւր դասագիրք կը բաղկանայ 25 դասերէ իսկ իրաքանչիւր դասի մէջ նախ կը ներակայացուի մատուցուելիք նիւթը, որուն կը յաջորդէ հարցարան մը ապա բառարան մը։ Դասը կ՚աւարտի գրաբար եւ աշխարհաբար աղօթքով մը: Անցնող շաբաթներուն, իւրաքանչիւր դասագիրքէն երկու հարիւր օրինակ որպէս նուէր փոխանցուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդարանին, յանձին Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանին: Երեք դասագիրքերու արեւմտահայերէնը պատրաստ է եւ հրատարակութեան պիտի յանձնուի յառաջիկային։
Վստահ ենք, որ սոյն ձեռնարկի գործածութեամբ հայ աշակերտը շօշափելի օգուտներ պիտի քաղէ անկէ: Վերջապէս, դպրոցական դասագիրք ըլլալով հանդերձ, երեք հատորանոց ընդարձակ ծանօթութիւններով հարուստ այս ձեռնարկը բոլորին համար ընթերցանութեան շահեկան գիրք մըն է:
Դիւան Առաջնորդարանի
28 Յունիսի, 2023