Սիրելի եղբայր, սիրելի ընկեր, Սիրելի Սթիւ…

Սիրելի եղբայր, սիրելի ընկեր, Սիրելի Սթիւ…


Մհեր Դաւիթեան
Այս առաւօտ արթնցայ յուսալով որ երեկուայ իմ լսած լուրը պարզապէս վատ երազ մըն էր:
Սկսաւ տեքստով մը, «բան մը լսեցի՞ր Սթիւին մասին», յետոյ մէկ հատ ալ, ապա քանի մը հատ եւս, այլեւս յստակ էր որ լուրը ճիշտ էր, և դուն հեռացած էիր մեզմէ՝ առանց հրաժեշտ տալու։
Դուն այդպէս լուռ ու մունջ հեռանալու սովորութիւն չունէիր, դու միշտ, կամ տաքուկ փաթթուկ մը կուտայիր եւ կամ նուազագոյնը պինդ կը ձեռնուէիր յետոյ կը հեռանայիր։
Այս անգամ տարբեր թուաց, լուռ հեռացար և առանց որևէ մէկուն խանգարելու, ինչպէս քու անհատականութիւնն էր:


Դուն առաջին «Ամերիկահայ» Հ.Մ.Ը.Մ.-ականն էիր, որուն հանդիպեցայ, երբ տեղափոխուեցայ Լոս Անջելես և միացայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անջելես-ի Մայր մասնաճիւղին 1979թ.-ին:
Դուն քաջ գիտէիր, որ կարող ես աւելի լաւը ընել, դուն գիտէիր, որ այդ ինչ որ կար կարող էր աւելի լաւ ըլլալ, և դուն աւելի լաւը ըրիր:


Լաւ կը յիշեմ, անգամ մը նոյնիսկ ըսիր, որ քեզի ներս չեն թողեր, որովհետեւ դուն «իրենցմէ չէիր», բայց դուն ճիշտ հակառակը փաստեցիր, փաստեցիր որ իրենք, որ մենք, սխալած էինք, դուն ոչ միայն մտար եւ մաս կազմեցիր, այլ բարձրացար եւ նաեւ բարձրացուցիր կազմակերպութիւնը։
Բարձրացար մասնաճիւղի առասպելական «Ընկերային յանձնախումբի» պարզ անդամէն՝ եւ վարեցիր յանձնախումբի ատենապետութեան պաշտօնը, ապա իբր մասնաճիւղի վարչական։ Բայց այդ մէկն ալ քեզի համար բաւականաչափ բարձր չէր, դարձար մասնաճիւղի ատենապետը, եւ քու անշահախնդիր կամաւոր աշխատանքը քեզի արժանացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութեան ատենապետի տիտղոսին:


Գիշերները արթուն մնացիր՝ մտածելով կազմակերպութիւնը առաջ մղելու նոր գաղափարներու մասին, և կարողացար անկարելին կարելի դարձնելով իրականացնել շարք մը հիմնական ծրագիրներ, սկսած HTV-էն (Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հեռուստատեսիլի ժամ) մինչև «Թեքույա» ճամբարի ձեռքբերումը, մինչև Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութեան նորագոյն, ժամանակակից կեդրոնի կառուցումը։


Դուն քեզ նուիրեցիր, տուիր լաւագոյնդ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը միշտ ըլլայ լաւագոյնը:


Կարծես Հ.Մ.Ը.Մ.-ը բաւական քու ազատ ժամանակդ չէր խլէր, նոյնպէս կամաւոր քու մասնակցութիւնդ ունեցար նոյնքան դժուար, եթէ ոչ աւելի դժուար, շատ մը այլ կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպիսին են ՀՕՄ, Հայ Դատ, ACF եւ ՀՅԴն՝ օգնելով իրենց կազմակերպել հեռուստամարաթոններ, սեմինարներ, ճաշկերոյթներ, բողոքի ցոյցեր, և այլն:


Քու մեծ սիրտդ, որակաւոր ճաշակդ, գերազանցութեան հանդէպ սերդ, կամաւոր հոգիդ, նուիրուածութեան և խանդավառութեան քու անզուգական զգացումդ շատ պիտի որոնեն ոչ միայն այդ բազմաթիւ կազմակերպութիւնները, որոնք այդ յատկութիւններուդ օգուտը քաղեցին, այլ նաև մենք՝ անոնք որ ճանչցան, գնահատեցին և սիրեցին քեզի:

Հանգչիր յաւերժ խաղաղութեան մէջ սիրելի եղբայր, սիրելի ընկեր, Սիրելի Սթիւ։

Share