Ամերիկահայ միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Ուաշինկթըն

Ամերիկահայ միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Ուաշինկթըն

21-22 Յունիսին, ամերիկահայ միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Ուաշինկթըն, Հայաստանի ու Արցախի տագնապալի վիճակին հետ առնչուող նոր նախաձեռնութեան մը առիթով։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ազդեցիկ օրէնսդիրներու ուշադրութեան յանձնել հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններն ու Արցախի մարդասիրական ահաւոր վիճակը, եւ իսկական բազմակուսակցական համաձայնութիւն մը գոյացնել ի նպաստ Հայ Դատին։ Այս նախաձեռնութիւնը սկիզբ տուած էր Յունիս 21-ին Քոնկրէսի Թոմ Լանթոսի անուան Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի՝ Արցախի նուիրուած ունկնդրութեան, որուն հետ զուգադիպած է պատուիրակութեան այցելութիւնը։


Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, Էջմիածնական Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիմէոն Ծ. Վրդ. Օտապաշեան, Նինա Յովնանեան, Ճուտիթ Սարեան, տոքթ. Ճոն Սարեան, Արլին Սարեան, Քրիստիան Ալեքսանտր, Ա․Մ․Ն․-ի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ծրագրի տնօրէն՝ Ալեքս Կալիցքի, Ամերիկայի Հայկական Համագումարի գործադիր տնօրէն՝ Պրայըն Արտունի, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Արմէն Մորեան, Քոնկրէսի նշանակեալ կապ՝ Տրիւ Պօուլինկ, եւ Մանհաթընվիլ քոլէճի քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ՝ դոկտ. Շըպան Նաշ-Մարշալ։

Պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Գործերու յանձնախումբի ատենապետ՝ Մայքլ ՄաքՔօլի, նոյն յանձնախումբի Եւրոպայի ենթայանձնախումբի ատենապետ՝ Թոմըս Քին կրտսերի, Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբի ատենապետ՝ Քրիստոֆըր Սմիթի, եւ անդամ՝ Կաս Պիլիրաքիսի եւ ծերակուտականներ Ճ. Տ. Վէնսի եւ Մարքօ Ռուպիոյի աւագ անձնակազմին հետ։

Share