Հ.Մ.Ը.Մ. Արևմտեան ԱՄՆի շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Եղբայր Սթիւ Արթինեանի անակնկալ մահը

Հ.Մ.Ը.Մ. Արևմտեան ԱՄՆի շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Եղբայր Սթիւ Արթինեանի անակնկալ մահը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԱՄՆի Արևմտեան Շրջանային վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ անակնկալ մահը՝ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ Պատուանշան»ի շքանշանակիր Եղբայր Սթիւ Արթինեանի, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 17 Յունիս 2023ին

Եղբ. Սթիւ Արթինեան ծնած է Պէյրութ: երբ ան 6 տարեկան էր անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Յունաստան եւ ետքը 1970ին Միացեալ Նահանգներ հաստատուելով Սբրինկֆիլտ Մասաչուսեթս, ուր փոքր հայ գաղութ մը արդեն գոյութիւն ունէր: Երեք տարիներ Արեւելեան շրջանի մէջ ապրելէ ետք, եղբ. Սթիւ եւ իր ընտանիքը կը տեղափոխուին Կլէնտէյլ Քալիֆորնիա, ուր ան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Եղբ. Սթիւ կը վարէր Marketing-ի փոխ նախագահի պաշտօը ընկերութեան մը մէջ, որ կը գործէ Գանատայի եւ ԱՄՆի մէջ:

Եղբ. Սթիւ ութ տարեկանին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի մասնաճիւղին որպէս սկաուտ:Ա նմասնակցած է տարբեր սկաուտական աշխատանքներու ԱՄՆ տեղափոխուելէ առաջ:

1973ին ան ադամակցած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան իսկ 1978ին մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին եւ ետքը ստանձնած է նոյն յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը: Այդ օրերուն Լոս Անճելըս մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը ունէր աւելի քան 60 գործօն անդամներ:

Եղբ. Սթիւ երկար տարիներ ծառայած է որպէս մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ 5 տարիներ որպէս մասնաճիւղի ատենապետ: Որմէ ետք ան 5 տարեշրջաններու ընթացքին ընտրուած է Շրջանային Վարչութեան անադմ եւ 2007էն 2010 եղած է Շրջանային Վարչութեան ատենապետ: Եղբ. Սթիւ մօտէն վերահսկեց Շրջանային Վարչութեան Կեդրոնի եւ Գէորգ Անտոնեան սրահի շինարարական աշխատանքներուն, որուն բացումը կատարուեցաւ 2009ին Իկըլ Րաքի մէջ:

2007ին եղբ. Սթիւի հետեւողականութեան եւ ջանքերու շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թեքույա

բանակավայրրի սեփականութիւնը՝ 26 acre բանակավայր Ֆրէյժըր Փարքի մէջ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մինչեւ օրս կօգտագործէ:

2019ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին Կեդր. վարչութեան կողմէ Եղբ. Սթիւ ստացաւ «Արտակարգ պատուանշան»ը՝ իբրեւ գնահատանք իր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի փայլուն վաստակին ու ծառայութիւններուն համար:

2019 եւ 2022 բծախնդրօրէն ստանձնեց Նաւասարդեան 44րդ եւ 45րդ մարզախաղերու Յաղթանակի Պարահանդէսի յանձնախումի ատենապետի պաշտօնը: Ան ներկայիս կը վարէր Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսի ատենապետի պաշտօնը, սակայն ցաւօք սրտի եղբօր անակնկալ եւ վաղաժամ մահը կիսատ թողեց եղբօր ժրաջան աշխատանքն ու ծրագիրները ցնցելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը:

2015-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին՝ եղբ. Սթիւ ստանձնեց Արդարութեան Քայլարշաւի Marketing յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը: 2018-ին եղբ. Սթիւ ստանձնեց Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադրման 50 ամեակը նշելու յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը:

2012-ին եղբ. Սթիւ ստանձնեց ԱՄՆի Հայ Դատի յանձնախումբի Թելեթոնի ատենապետի պաշտօնը, երբ ստացան աւելի քան 3500 նուիրատուութիւններ: Ան երկու շրջաններ ծառայած է որպէս Ազգային Առաջնորդարանի հանրային կապերու յանձնախումբի համանախագահ: Ան նաեւ ծառայած է ՀՕՄ-ի եւ շատ մը այլ կազմակերպութիւններու յանձնախումբերուն մէջ: Ինչպէս նաեւ եղած է ատենապետ Հայ Դատի յանձնախումբին C3 խորհուրդին, վերահսկելով յանձնախումբին կալուածները եւ տարբեր դատիարակչական ծրագրերը:

Եղբ. Սթիւ միշտ պատրաստ եղած է կամաւոր ծառայութեան: Ան միշտ կը հաւատար թէ մեր կազմակերպութեան ամէնէն կարեւոր մասը կը կազմեն մեր անդամներ, կամաւորները ինչպէս նաեւ մեր բոլոր համակիրները: Եղբ. Սթիւի համար շատ կարեւոր էր տաղանդի բազմազանութիւնն ու ընդհանրապէս դրական աճը կազմակերպութեան մէջ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը եւ իր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն այրիյին՝ տկն. Իվէթին, ընտանեկան պարագաներուն և Հ.Մ. Ը. Մ- ի իր քոյրերուն և եղբայրներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:


Share