Թորոնթոյի համալսարանէն ներս Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Փիթըր Նոթպումը:
Ան թէ՛ դասախօսութենէն յետոյ ունեցած իր հրապարակային արտայայտութեան ընթացքին եւ թէ՛ առանձնաբար անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերին միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր քարտուղարին յայտնեց որ միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ ժամանակներուն կարիքը ունի նոր օրակարգի, նոր ոճի, եւ նոր մեթոտի: Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ընթացքին անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ միջ-եկեղեցական հարցերը եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը դիմագրաւող խնդիրները: