Շաբաթ, 10 եւ Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ին, Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի 85-րդ Շրջանային ժողովը, որուն մասնակցեցան Յունաստանի տարածքի զանազան շրջաններու պատգամաւորները եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերը։
Ժողովը քննեց անցնող երկամեայ գործունէութեան ծաւալը ու համապատասխան գհահատումներ կատարեց։ Յաջորդաբար, օրակարգի ընդգրկուն մասերով, ժողովը քննութեան առարկայ դարձուց կազմակերպչական, Հայ դատի հետապնդման եւ քարոզչութեան, մամուլի, ազգային գաղութային կեանքի կարեւոր բնագաւառները եւ որոշումներու յանգեցաւ։
Այս ծիրէն ներս քննարկում կատարուեցաւ Հայ դատի հետապնդումներու կազմակերպ եւ ուժեղ հնչեղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Յատուկ անդրադարձ եղաւ Հ.Յ.Դ. կազմակերպ կառոյցի ուժականութեան եւ անկէ բխած յաւելեալ պարտաւորութիւններու արդիւնաւորման, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. առաջադրանքները մեր ժողովուրդին հաղորդ դարձնելու արդիւնաւէտութեան։
Նոյն շրջագիծին մէջ, կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ Արցախի հիմնահարցին շուրջ Հ.Յ.Դ. արտայայտած սկզբունքը, թէ մերժելի են բոլոր այն փորձերը, որոնք Արցախը կը տեսնեն Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մէջ։ Այս հիմնական կէտին վրայ ժողովը կարեւոր նկատեց հայութեան իրազեկման աշխատանքը եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին ըլլալու գերագոյն պարտականութիւնը, որուն գաղափարին շուրջ պէտք է յաջողցնել ամբողջ հայութեան համախմբումը եւ արծուաբոյն Արցախի ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտումը։
Շրջանային ժողովը իր աւարտին ընտրեց նոր Կեդրոնական կոմիտէ յաջորդ երկամեակին համար, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէն.-
· Հռիփսիմէ Յարութիւնեան
· Կարօ Նատեան
· Յարութիւն Սերոբեան
· Ռաֆֆի Գազարեան
· Սերգօ Մանկոյեան
· Յարութիւն Սպարթալեան
· Տիգրան Չիչէքեան
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի 85-րդ Շրջանային Ժողովի դիւան