Յունիս 2-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Մարալ Նազարեան եւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցան հովուապետական այցելութեամբ Գանատա գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութեանց քաղաքական իրավիճակն ու առկայ ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան Գանատայի հայ համայնքի ու Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։