Հայոց պատմութեան մէջ երկար դարերու պետականութեան բացակայութենէն ետք, 1918 թուականի Մայիսին, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտերէն ետք Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ հանրապետութիւն: Չնայած անիկա միայն 2,5 տարուան կեանք ունեցաւ, բայց իր ունեցած իմաստով, արժէքով եւ թողած դասերով շատ կարեւոր փուլ մըն էր մեր ազգի պատմութեան մէջ:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 105-ամեակը Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ նշուեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2023-ին:
Բացման խօսքով հայերէնի ուսուցչուհի Այանա Համամճեան ըսաւ. «Մայիս ամիսը հայերուս համար միշտ եղած է ուրախութեան ամիս։ Մայիսին էր որ աւելի քան 70 տարիներ ետք վերադարձուեցաւ մեր սիրելի Արցախը։ Հիմա արդէն 3 տարիէ ցաւով կու տանք Շուշի անունը, սակայն անկախ բոլոր հանգամանքներէն յիշենք եւ երբեք չմոռնանք մեր հերոս տղաներուն սխրանքները։ Մայիսին էր որ հարենական մեծ պատերազմէն յաղթանակած դուրս եկանք եւ վերջապէս Մայիսին էր մեր առաջին Հանրապետութեան ծնունդը»։
Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուադրութիւն: Գեղարուեստական բաժնով, ասմունքներոու ներկայացումով ելոյթ ունեցան 3-րդ եւ 4-րդ կարգի աշակերտները՝ «Մայիս 28», 8-րդ կարգի աշակերտները՝ «To remember is to live», 7-րդ կարգի աշակերտները՝ «May 28th», 6-րդ կարգի աշակերտները՝ «Անկախութիւն», 5-րդ կարգի աշակերտները՝ «Հայու ոգին», իսկ մանկապարտէզի աշակերտները՝ «Հայկական դրօշ»:
2-րդ դասարաին աշակերտները երգեցին «Անուշ հայրենիք», իսկ առաջին դասարանցիները՝ «Գինի լից»:
Օրուան խորհուրդին մասին խօսելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հակառակ անոր որ մենք 1991 թուականին վերանկախացանք, բայց 1918-ի Ա. Հանրապետութիւնը մեզի դաս կու տայ, որ բազմատեսակ դժուարութիւններու ենթարկուեէ ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ կրցաւ ու կրնայ ոտքի կանգնիլ: «600 տարի ուրիշ ժողովուրդներու տիրապետութեան տակ ապրելէ, հպատակելէ, ջարդ ու կոտորած, տեղահանութիւն տեսնելէ ետք, մեր ժողովուրդը կրցաւ հերոսաբար պայքարիլ ու յաղթանակել ճակատամարտերուն մէջ ու ոտքի կանգնիլ անկախութիւն հռչակելով: Հիմա ալ, եթէ մեր մէջ վառ պահենք հայու չկոտրուող ոգին, ըլլանք միասնակամ, տէրը մեր հայրենիքին, լեզուին ու մշակոյթին, կրնանք ունենալ յաւելեալ յաղթանակներ»:
Գեղարուեստական յայտագիրը իրենց ներկայութեամբ եւ երգերով ճոխացուցին հայրենի հիւր երգիչներ Յակոբն ու Արմէնը: Անոնք հայրենասիրական երգերով Հայաստանի շունչն ու ոգին փոխանցեցին մեր աշակերտներուն:
Աւարտին, վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեան հիւրերը պարգեւատրեց յուշանուէրով, այնուհետեւ բոլոր աշակերտութիւնը միաբերան երգեց Սարդարապատի յաղթերգը: