Առաջնորդ Սրբազանի այցը Սան ֆրանսիսքո

Առաջնորդ Սրբազանի այցը Սան ֆրանսիսքո

Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անունով 200,000 տոլար «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հիմնադրամին

Ընթացիկ շաբաթասկիզբին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչների, երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւին եկեղեցւոյ կողքի կառոյցի նորոգութեան աշխատանքներուն ու անոնց ընթացքին:

Յիշեցման կարգով՝ շուրջ երեք տարի առաջ, ատելավառ գործողութեան մը պատճառով նշեալ կառոյցը հրդեհի բռնուած եւ նիւթական ահաւոր վնասներու ենթարկուած էր: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի, Սան Ֆրանսիսքոյէն Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Կարպիս Պէզճեանի, շրջանի Հոգաբարձական կազմի ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնց փոխանցեցին իրենց ցուցմունքները, ապա, փոխադարձաբար, անոնցմէ քաղեցին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, համայնքային կեանքի եւ ընթացքի մէջ եղող կառուցողական աշխատանքներուն մասին:

Հանդիպումներուն առանցքային տեղ գրաւեցին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ այս տարեվերջին Արեւմտեան Թեմին շնորհելիք Հովուապետական այցելութիւնն ու այս ծիրէն ներս՝ վերջերս, Առաջնորդ Սրբազանի հովանաւորութեամբ եւ Ազգ. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հաստատուած «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հիմնադրամը:

Ականջալուր Առաջնորդ Սրբազանի շինիչ թելադրանքներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատասխանատուները, ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, նշեալ հիմնադրամին իրենց խոստումը բերին երկու հարիւր հազար տոլարով ($200,000), որ զանազան ձեռնարկներու ճամբով պիտի գոյանայ յառաջիկայ ամիսներուն: Նշենք, որ վաղը՝ Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ին, Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի, Տեարք Ռոստոմ Այնթապլեանի, Վահէ Յովակիմեանի, Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, Կարպիս Պէզճեանի եւ հոգաբարձական ներկայացուցիչներու, պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան եւ հաղորդ դառնայ դպրոցի գործունէութեան ու անոր ապագայ ծրագիրներուն:

Share