Գիտութիւնը ի սպաս մարդուն

Գիտութիւնը ի սպաս մարդուն

Ս. Մահսէրէճեան

Մայիս 2023

Միջազգային գիտական մամուլը վերջին օրերուն սքանչելի աւետիս մը կը բերէ մարդկութեան, մասնաւորաբար անոնց՝ որոնք արկածի կամ դժբախտ պատահարներու հետեւանքով, կորսնցուցած են շարժունակութիւնը, օրինակի համար՝ քալելու կարողութիւնը:

Խումբ մը գիտնականներ, Կրեկուար Քուրթէն անունով ֆրանսացի գիտնականի մը շուրջ խմբուած, արդի արհեստագիտութիւնը ի սպաս դրած են բժշկութեան եւ յաջողած են հնարել ելեկտրոնային մանր սարքեր, որոնց միջոցով՝ արկածի մը հետեւանքով անդամալոյծ դարձած երիտասարդ մը՝ հոլանտացի Կէրթ-Իան Օսքամ (40 տարեկան) վերագտած է քալելու կարողութիւնը: Առայժմ մասնակի ու դանդաղ, յենակներու օժանդակութեամբ, սակայն սա արդէն յուսատու իրագործում է:

Ինչպէ՞ս կը բանի սարքը: Գիտնականները կը բացատրեն:

Երիտասարդը, հեծիկի արկածի մը հետեւանքով, ողնաշարի վնասուածք ստացած է 12 տարի առաջ եւ անդամալուծուելով՝ դատապարտուած է անիւով աթոռի: Գիտական բացատրութիւնը այն է որ (ինչպէս նման վիճակի մատնուողներուն) ուղեղէն դէպի ոտքերը հասնող ջղային դրութիւնը ողնայարին վրայ տեղ մը «խզում» յառաջացուցած է, հետեւաբար, ուղեղէն արձակուող հրահանգները տեղ չեն հասնիր ու ոտքերը կը մնան անշարժ: Բժշկագիտական աշխարհին մէջ ծանօթ է, որ ջիղերու ցանցը, հատումի պարագային (արկած, կաթուած կամ նման ազդակներ), անդարմանելի է, կամ շատ մասնակիօրէն դարմանելի: Այլ հիւսկէններ կրնան վերաճիլ եւ վնասուած մասը՝ մկան, ոսկոր, մորթ եւ այլն կրնան վերագտնել բնական վիճակը, իսկ ջիղը՝ ոչ: Այս կալուածին մէջ, վերջին տասնամեակներուն աշխարհի տարբեր գիտաշխատանոցներու մէջ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ եւ փորձարկումներ կը կատարուին, երբեմն հասնելով մասնակի արդիւնքներու: Դրական կէտ մըն ալ այն է, որ արագ հաղորդակցութեան միջոցները կը դիւրացնեն ձեռք բերուած արդիւնքներու բաժնեկցութիւնը՝ մասնագիտական կեդրոններու միջեւ: Հիմա, երբ «մանրադիտակային»՝ թուայնացած արհեստագիտութիւնը արագ նուաճումներ կ’արձանագրէ, ահաւասիկ խումբ մը մասնագէտներ զայն դրած են ի սպաս մարդկութեան:

Հնարքը հետեւեալն է: Արկածահար երիտասարդին ուղեղին եւ վարին ողնաշարին կողքին տեղադրուած են ելեկտրոնային մանր սարքեր, որոնց միջոցով, ուղեղէն արձակուած հրահանգը, շրջանցելով վնասուած եւ հատումի ենթարկուած մասը, հեռավար կամուրջ մը կը ստեղծէ դէպի ողնաշարին կողքին տեղադրուած սարքը, ուրկէ հրահանգը կը հաղորդուի ոտքին, եւ ահա, քալելու կարողութիւնը կը վերականգնի դանդաղօրէն: Այս փորձարկումը ունի քանի մը տարուան կեանք եւ ահա տուած է սկզբնական այս արդիւնքը, այսինքն՝ արդիւնքը հասած է հրապատարկելիի հանգրուան: Երիտասարդը կ’ըսէ, թէ հիմա կրնայ օրական քանի մը հարիւր մեթր քալել, կը յուսայ, որ վիճակը աւելի եւս բարելաւուի:

Ինչպէս նշեցինք, գիտնականներ հետեւողականօրէն աշխատանք կը տանին՝ ջիղերու վնասուածքները դարմանելու միջոցներ հնարելու համար: Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ առաջ, անգլիացի գիտնականներու խումբ մը հնարած էր ջիղերը աճեցնելու ձեւ մը, որ սակայն թերի էր: Յարակից կալուածի մը մէջ, այլ գիտնականներ՝ արդի, հեռավար արհեստագիտութիւնը օգտագործած էին, կուրութեան մատնուած մարդու մը մէկ զգայարանքը՝ լեզուն, իւրայատուկ ոսպնեակներու միջոցով, հաղորդակցութեան մէջ դնելու ուղեղի տեսողութեան բաժինին հետ եւ շատ մասնակի արդիւնքի հասած:

Նման գիտական փորձեր կը կատարուին յարատեւօրէն, ասոնք միայն մէկ քանի օրինակ են: Ըսել կ’ուզենք, թէ բժիշկներ եւ արհեստագէտներ, ձեռք-ձեռքի տուած, աշխատանք կը տանին, որպէսզի անդարմանելին դառնայ դարմանելի, կիսամիջոցները կատարելագործուին: Օրինակի համար, Քուրթէնի խումբը կը յուսայ, որ այս հնարքը օգտագործուի նաեւ կաթուածահարներ դարմանելու, այսինքն՝ մասնակի կամ ամբողջական անշարժութեան մատնուած սրունք-բազուկ կարելի ըլլայ վերստին շարժունակ դարձնել: Անոնք կը յուսան աւելի եւս կատարելագործել այժմու գործիքները եւ ներկայի համեմատաբար մեծ սարքերուն փոխարէն, հնարել աւելի մանրերը, ինչպէս կ’ըլլայ այլ կալուածներու մէջ:

***

            Երբ կը լսենք գիտական նման նուաճումներու մասին, բնական է որ կ’ուրախանանք: Կը տեսնենք, որ աշխարհի վրայ կան «լուսանցքայնացուած» մարդիկ, որոնք կը բանին ի շահ մարդուն, անոր առողջական հարցերու լուծման: Ըսինք «լուսանցքայնացուած», որովհետեւ տարուան մէջ քանի՞ անգամ կը լսենք նման հնարքներու հեղինակներու անունները, մինչդեռ նախագահներ, վարչապետներ եւ զինուորական հրամանատարներ օր-աւուր կը տողանցեն մեր տեսողութեան դաշտին մէջ:

Մեր գոհունակութեան մէջ յատուկ տեղ ունին մանաւանդ մեր հայրենակիցները, պատերազմի եւ արկածներու հետեւանքով անշարժութեան մատնուողներ, որոնք ահաւասիկ բարելաւման իրենց յոյսերը աւելի ամուր կերպով կը խարսխեն նման նորութիւններու վրայ: Մեր հայրենիքին մէջ, բժշկութեան այս կալուածին մէջ հսկայ աշխատանք կը տարուի՝ պատերազմներու հետքերը դարմանելու համար: Ահաւասիկ նպաստող հնարք մը եւս:

            Չանտեսենք, սակայն, մետալին միւս երեսը:

            Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան այս կալուածը՝ բժշկագիտութեան դաշտը չի զարգանար այն թափով, որ սպասելի է: Կան բազմաթիւ պատճառներ: Անոնցմէ մէկն է՝ նոր հնարքներուն փորձարկումին ենթարկուելու կամաւորներու սակաւութիւնը: Բնական է, որ ոեւէ անձ պիտի չուզէ չփորձարկուած հնարքի մը առաջին փորձանօթը ըլլալ, որովհետեւ գիտական այսպիսի նորութիւններ ունին ռիսք-ի երես մը, կրնան վատթարացնել մէկուն վիճակը (ինչպէս որ է պարագան փորձարկումի տակ եղող նորահնար դեղերու): Այլ, եւ շատ աւելի ուշագրաւ պատճառ մըն է այն, որ այս կալուածը ընդհանրապէս պետական եւ համաշխարահային բժշկագիտական կառոյցներու կողմէ չի վայելեր նիւթական այն հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնը, որ այլապէս պիտի նպաստէր որոշ փորձարկումերու աւելի՛ արագ արդիւնաւորման: Բժշկագիտութեան կալուածին մէջ գործողներ շատ լաւ գիտեն, որ, օրինակի համար, զէնքի ճարտարարուեստը մղոններով աւելի յառաջ անցած է, մարդիկ սպաննելու, քաղաքակրթութիւն, շէներ փոշիացնելու ձեւերը աներեւակայելիօրէն յառաջդիմած են (մենք՝ հայրերս մեր մորթին վրայ զգացած ենք այս բոլորը): Մարդիկ հասած են լուսին, սարքած են անջրպետակայան,  կենսոլորտն ու անմիջական դրացնութեան մէջ եղող գօտին խճողած են արբանեակներով, աչք դրած են լուսնի կամ Հրատի վրայ կայաններ հիմնելու (առաւելաբար զինուորական նպատակներու համար),  պատերազմներու մէջ,  նորահնար զէնքեր առատօրէն կը փորձարկուին մարդոց ու շէներու դէմ: Անօդաչու սաւառնակները յաջորդած են «Միկ»երուն, «Սուխոյ»ներուն, «Միրաժ»ներուն, «Էֆ.»երուն, «Հոքըր հարիքըն»ներուն, նաեւ զարմանազան հրասայլերու, մրցակից են հեռահաս հրթիռներու. մարդիկ չեն երկմտիր բացայայտօրէն խօսելու դա՛րձեալ կորիզային ռումբ գործածելու մասին, սակայն մարդուն դժուար դարմանելի (առողջական եւ ընկերային) հարցերուն նկատմամբ չկայ նոյն նախանձախնդրութիւնն ու հոգածութիւնը: Ըսել չենք ուզեր, որ այդ կալուածը անապատ է, այլ պարզապէս կ’ուզենք մատնացոյց ընել համեմատութիւնը:

            Այս բոլորով հանդերձ, Քուրթէնի եւ նմաններու ԳՈՐԾԸ ցոյց կու տայ, որ մարդ արարածը չէ կորսնցուցած «Փանտորայի տուփ»ին յատակը մնացածը՝ յոյսը:

Share