Դաշնակցական երիտասարդութիւնը՝ ազգային դատին յանձնառութեամբ` 90 տարի եւ այսօր

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը՝ ազգային դատին յանձնառութեամբ` 90 տարի եւ այսօր

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու, ընկեր Արշակ Մեսպրոպեանի բանխօսութիւնը, արտասանուած՝ ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ Երիտասարդական Միութեան 90 ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 12-ին Լոս Անճելոսի մէջ:

Սիրելի հայրենակիցներ, յարգելի հիւրեր, ներկաներ եւ գաղափարակից ընկերներ,
Սիրելի երիտասարդներ,

Այս տարի բոլորեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 90 ամեակը․ կազմակերպութիւն մը, որ սկիզբը դրաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միաւորներու համաշխարհային ցանցի ստեղծման։

Այսօր, մենք ունինք շուրջ երկու տասնեակի հասնող շրջաններու եւ երկիրներու մէջ 40 գործող ՀՅԴ Երիտասարդական, ՈՒսանողական եւ Պատանեկան միութիւններ որոնց շուրջ համախմբուած են բազմահազարանոց անդամներ։

Ինչպէս Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձներու ժամանակ սովորութիւն է հաշուետու ըլլալ ժողովուրդին եւ ազգին առջեւ, նոյնպէս կ’ուզեմ այս առիթը օգտագործել վերջին շրջանի ՀՅԴ երիտասարդականի համաշխարհային ընտանիքի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու, ինչպէս նաեւ ապագայ աշխատանքներուն հետ կապուած որոշ ակնարկ մը տալու։

Խօսքիս մէջ շատ հակիրճ պիտի անդրադառնամ հայրենիքի եւ հայութեան շուրջ ներկայ ստեղծուած իրավիճակին, քանի որ վստահ եմ բոլորս լաւատեղեակ ենք այդ մասին։ Կը փափաքիմ, սիրելի ներկաներ, ձեր հետ զրուցել, ներկայ կացութենէն դուրս գալու ուղիներուն մասին, ազգային տեսլականի մասին, թէ ի՞նչ սկզբունքներով անհրաժեշտ է առաջնորդուիլ, որպէսզի հաւաքական աշխատանքը յաջողի այսօրուայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կեդրոնանալով՝ արժանապատիւ, յաղթանակած ապագայ կերտելու առաքելութեան եւ այդ գործին մէջ երիտասարդութեան՝ յատկապէս ՀՅԴ Երիտասարդականի ուրոյն դերակատարութեանը անդրադառնալով։ ՀՅԴ երիտասարդականը միշտ համոզուած եղած է, որ խօսքը առանց գործի անարժէք է, այդ իսկ պատճառով պիտի փորձեմ հնարաւոր եղածին չափով պատգամս հիւսել զերծ մնալով «պէտք է»-ներու տրամաբանութենէն, եւ խօսիլ այն ամէնի մասին, որ կը գործենք, պիտի շարունակենք գործել, եւ այն մասին թէ ինչի մէջ յառաջիկային պիտի լծուինք՝ հաւաքաբա՛ր։

Այսպիսով, սիրելի ներկաներ,

Եթէ շատ հակիրճ, ներկայ ստեղծուած իրավիճակը կրնանք նկարագրել ըստ հետեւեալին․ ունինք շրջափակուած Արցախ, վտագնուած Սիւնիք, իշխանութիւններ, որ հայկականութեան եւ ազգային պետական շահի հետ որեւէ աղերս չունին, նոյն իշխանութիւններու կողմէ պառակտիչ գործողութիւններու թիրախ դարձած մէկ ամբողջ հայ ժոողովուրդ եւ առհասարակ խրուած ենք մեր ազգային անվտանգութեանը սպառնացող լրջագոյն խնդիրներու մէջ։

Հակառակ այս բոլորին ՀՅԴ Երիտասարդականը միշտ եղած է եւ կը մնայ պատնէշի վրայ։ Սկսած մարտի դաշտէն՝ իր անձնուէր մասնակցութիւնը ցուցաբերելով հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, մինչեւ թիկունքային աջակցութեան աշխատանքներ իրականացնելով , սփիւռքի գաղթօջաղներէն ներս լայնամասշտապ բողոքի ցոյցեր եւ իրազեկման հաւաքներ կազմակերպելով, քաղաքական եւ յարաբերական գործունէութիւն ծաւալելով եւ վերջապէս՝ հայրենիքէն ներս դիմադրութեան հիմնական մղիչ ուժը հանդիսանալով։

ՀՅԴ Երիտասարդականը իր բոլոր ուժերը լարած, անտրտունջ լծուած է Հայրենիքի վտանգուած հատուածներու վերականգման, ամրացման եւ կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ։ Ժողովուրդին՝ յատկապէս երիտասարդութեան հետ աշխատելով, անոնց համախմբելով, որպէսզի կարողանանք միասնական ուժերով դիմագրաւել ապագային սպասուող մարտահրաւէրները։

Այս բոլոր աշխատանքները պիտի շարունակուին, անոնց պիտի տանք նոր թափ, ցուցական գործողութիւնները երթալով պիտի կարծրացնենք, երիտասարդութեան հետ աշխատանքները պիտի բազմապատկուին, յարաբերական գործունէութիւնը պիտի ընդլայնուի եւ հայրենիքի անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը պիտի մնայ առաջնահերթ։

Վարձքերնիդ կատար սիրելի ընկերներ, բայց արդե՞օք հերիք է, երբեւէ հերիք կրնա՞նք համարել։ Ո՛չ, երբէ՛ք հերիք չէ քանի դեռ չունինք վերազատագրուած Արցախ, չունինք Հայկական դատի հայանպաստ լուծում, չունինք կերտուած ամբողջական Հայաստան, չունինք միասնական դարձած մէ՛կ ժողովուրդ։ Այնպէս, որ մեր պայքարը երկարաշունչ է եւ նոյնիսկ որոշ հանգամանքներու բերումով կրնանք այն համարել՝ յարատեւ։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ իրաւունք ունինք յուսահատելու կամ հիասթափուելու եւ չի նշանակեր, որ ունակ չենք իրավիճակին մէջ բեկում մտցնելու, ընդհակառա՛կը: Համոզուած ենք, որ հնարաւոր է, իրատեսական եւ իրագործելի։

Սակայն, այսօրուայ իրավիճակը կը պահանջէ ազգային իղձերու իրականացմանն ուղղուած յստակ տեսլական, կը պահանջէ յստակ ճանապարհային քարտէզ եւ գործողութիւններու ժամանակացոյց։ Կը պահանջէ համազգային ճիգ, կարողականութեան եւ ներուժի կուտակում, որ չի կրնար մնալ լոկ գեղեցիկ լոզունգներու եւ կոչերու մակարդակին։ Ո՛չ այս յանցաւոր իշխանութիւնները եւ իրենց պառակտիչ գործողութիւնները, ապակողմնորոշող, կեղծ օրակարգերով շեղելու փորձերն ու իրենց ոճին յատուկ ժամավաճառութեան մարտավարութիւնը, Ո՛չ ալ թշնամական պետութեան ահաբեկչական արարքներն ու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ եթէ կայ գիտակցութիւնը մէկ հարցի շուրջ, որ՝ ազգը, հայրենիքը, պետականութիւնը եւ ազգային անվտանգութիւնը վե՛ր են ամէն բանէ եւ չխնայել ոչ մէկ ջանք ու որեւէ գին ապահովելու համար անոնց յարատեւումն ու ամրպնդումը։

Հաշուի առնելով այն իրականութիւնը, որուն մէջ կը գտնուինք այսօր, ՀՅԴ երիտասարդականը կազմակերպեց իր անդրանիկ համահայկական համագումարը, որպէսզի ճշդէ այսօրուայ իրավիճակին համահունչ ռազմավարութիւն եւ միասին համադրէ յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան ծրագիրը։

Տարաբնոյթ հարցեր քննելէ ետք, բազմաբովանդակ քննարկումներ ծաւալելէ ետք, համագումարը ճշդեց ռազմավարութիւն, որմէ կը փափաքիմ անդրադառնալ երկու հիմնական ուղղութիւններու․

Առաջինը,

Ներազգային իմաստով, ՀՅԴ Երիտասարդականը պիտի շարունակէ ընդվզում արտայայտել ցանկացած ապազգային քաղաքականութեան եւ անկէ բխած բոլոր դրսեւորումներուն եւ հետեւանքներուն դէմ։

Սակայն համոզուած ենք, ընդվզման յաջողութեան գրաւականը կը կայանայ իրական համախմբում ձեւավորելու մէջ։ Եռամիասնութեան վերականգնումը հրամայական է, ձեւավորելով համազգային համախոհութիւն սկզբունքային հարցերու շուրջ եւ անոր կից ունենալ պայքարի նոր հանգրուան թեւակոխելու գործունէութեան ամփոփոխ ծրագիր։

Իրական համախմբումը կազմակերպուած եւ համակարգուած աշխատանք կ’ենթադրէ, այն ունի ցանցային կառուցուածք, որպէսզի ունենայ աշխատող համակարգ եւ չմնայ վերացական թուացող անհասանելի նպատակ մը։ Համաշխարհային պատմութեան փորձը ցոյց կու տայ, որ ներազգային ճգնաժամէ եւ բռնակալութենէ ձեռբազատուելու համար կայ երկու տարբերակ՝ կամ գոյութիւն ունեցող համակարգը ներսէն կազմաքանդել եւ կամ ստեղծել այլընտրանքային համակարգ, որ կը գերազանցէ գոյութիւն ունեցողը։ Իսկ քանի որ գոյութիւն ունեցող համակարգը հայրենեաց համակարգն է, մեր պետական կառավարման համակարգն է, եւ ո՛չ այսօրուայ իշխանութիւններու սեփականութիւնը ապա մեզի կը մնայ ընտրել երկրոդ տարբերակը։ Կառուցել գերազանցող համակարգ՝ համազգային տարողութեամբ։ Միայն այդ ժամանակ պիտի կարենանք մեր բոլորիս ներուժը կուտակել մէկ զամբիւղի մէջ եւ այն կեդրոնանցել դէպի Արցախ, դէպի սիւնիք եւ դէպի Երկիր։

Եւ երկրորդ, արտաքին սպառնալիքները չեզոքացնելու վերաբերեալ՝ սիրելի հայրենակիցներ,

Աննախընթաց ժամանակաշրջան մը կ’ապրինք եւ այսպիսի պայմաններու մէջ գետինն է, գետնի վրայ զօրաւոր ըլլալն է, գետնի վրայ արդարութեան բանակ կազմավորելն է, որ իրավիճակ կը փոխէ, իրաւունք կը պարտադրէ եւ օրակարգ կը թելադրէ: Յարաբերական եւ դիւանագիտական աշխատանքներն առոչինչ են եթէ չունինք պատրաստուած եւ կազմակերպուած գետին։ Վերոնշեալ փաստը արձանագրելով եւ գիտակցելով, որ մեր պայքարն սոսկ քաղաքական պայքար չէ այլ ազատագրական բնոյթ կրող եւ այսօրուայ յետ ընթացը յառաջընթացի վերածելու նպատակով. կը յայտարարենք՝ ՀՅԴ երիտասարդականը ստանձնած է իր բաժին յանձնառութիւնը ազգային ազատագրական պայքարը նորոգելու գործընթացին մէջ: Նորոգել՝ արդիականացնելով, հմտանալով անհրաժեշտ ոլորտներուն մէջ եւ գաղափարականացած, յեղափոխականացած, մարտունակ երիտասարդութիւն պատրաստել։ Իրական յեղափոխական ընթացքը կասեցում երբեք չի կրնար ունենալ։ Ուրեմն, գետինը զօրացնել, երիտասարդութեան կազմակերպել եւ պարտաստ ըլլալ ինքնապաշտպանութեան։ Միայն այդ ժամանակ է, որ քաղաքական, յարաբերական եւ դիւանագիտական աշխատանքները կ’արդիւնաւորուին։ Երբ նախ եւ առաջ դատ ունեցող ժողովուրդը պատրաստ ըլլայ իրական պայքար մղելու եւ ի՛ր իսկ իրաւունքները պաշտպանելու՝ բոլոր ճակատներուն վրայ։

Յեղափոխականացում կը նշանակէ՝ չհանդուրժել՝ անարդարը, անմարդկայինը, անընդունելին, իրականութեան խեղաթիւրումը, խտրականութիւնը, կեղծիքը, ինքնախաբէութիւնն ու կաղապարուածութիւնը եւ գործել այդ հոռի երեւոյթներու ամբողջական փոփոխութեան կամ աւելի ճիշդ՝ փարատելու ձգտումով։

Յեղափոխականացում կը նշանակէ՝ օժտուած ըլլալ անհատական կարողութիւնները գերազանցելու մղումով, հակառակ բոլոր անհնարին թուացող հանգամանքներուն, չհամակերպուիլ եւ ամէն ձեւով ձգտիլ կերտելու նոր արշալոյս։

Երիտասարդութիւնը միայն կատարող չէ, այլ նախաձեռնող եւ առաջնորդող, պարտաւորութիւնը ունի սթափեցնելու եւ մղելու․ երիտասարդութիւնն է, որ պիտի յեղափոխէ իրականութիւնը քանի որ ան է մեր նորագոյն պատմութեան ազատագրական պայքարի ջահակիրն ու առաջամարտիկը։

ՀՅԴ երիտասարդականի համաշխարհային կառոյցը իր բազմահազարանոց շարքերով կը գիտակցի, եթէ այսօրուայ մեր սերունդը ամէն ջանք ու ճիգ չծառայեցնէ ի սպաս հայրենիքի պաշտպանութան եւ անվտանգութեան պահպանման, ապա, ապագայ սերունդը պիտի չունենայ հնարաւորութիւն հայրենիքն ապրեցնելու եւ զարգացնելու։

Այսպիսով, սիրելի ներկաներ, եթէ սահմանելու ըլլանք այսօրոայ ծանր կացութենէն դուրս գալու բանաձեւ մը կարող ենք ձեւակերպել ըստ հետեւեալի․ – համախմբել, համազգային ներուժը կուտակել, գետինը հզօրացնել եւ պատրաստ ըլլալ ինքնապաշտպանութեան։

Եթէ կայ՝ կամք, գործին ատակ պատրաստուած մարդուժ, նպատակին նկատմամբ հաւատք եւ նուիրում, համախմբուածութիւն եւ ծրագիր․ ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ իշխանութիւն, ուժ կամ նոյնիսկ պարտադրուած աշխարհակարգ կրնայ խանգարել մեր ընթացքը վասն հայրենեաց եւ ազատութեան։ Այս է ազգային տեսլականը, այս է հայկական օրակարգը, այս է համազգային ծրագիրը եւ վերջապէս այս է ճամբան յաւիտենականութեան։

Dear compatriots,
honorable guests,
By concluding my speech,There are a couple of points that I wish to touch upon in English.

We are living in unprecedented and extraordinary times which require measures to be implemented that are equally extraordinary by their nature. We need to exceed all expectations on all fronts in order to succeed in times when morals, values, and rights have been distorted. The most important feature of a revolutionary is to challenge his/her own limits, capacities and abilities. And to correct the wrong to right we must evolve and transform into an army of justice.

Always remember, Fate is a decision not a verdict. We can either decide to take the problem in our own hands and rewrite it according to our own goals and visions or we can make a decision to ignore and allow others to decide on our behalf.

We are our own advocates and we must fight for what we deserve. There is no other that will defend the interests of our people and our nation instead of us. It’s vital to have faith and rely on our own capabilities and take action to claim what is rightfully ours. By standing up and fighting for our rights we can achieve remarkable feats and pave the way for a brighter future for our nation and humanity as a whole.

ARF youth has never and will never avoid a challenge or a struggle especially when our nation is facing an existential threat and our homeland is under siege. Life is a struggle and also struggle is the only path to a fulfilled, dignified life itself.

Actions, persistence and dedication to our cause is all you need to rebel against what seems impossible – to penetrate or neutralize. There is no power on this planet that is able to disrupt our process because our god is our national vengeance that must succeed for the sake of the restoration of justice.

Therefore, let the righteous triumph.

Բարի երթ սիրելի ընկերներ։

Ստորեւ Արշակ Մեսրոպեանի ելոյթի տեսագրութիւնը

Share