Արարատն ա՛լ, Արագածն ա՛լ թէ՛ տեսլական, թէ՛ հիմք

Արարատն ա՛լ, Արագածն ա՛լ թէ՛ տեսլական, թէ՛ հիմք

Սարգիս Տաղտէվիրեան

17 մայիս 2023

«Մեր բոլոր պրոբլեմները գտնւում են Արագածի ու Արարատի՝ երազանքի ու իրականութեան միջեւ» — «գերագոյն դաւաճան (Նիկոլ Փաշինեան)»:

Վերոյիշեալ արտաբերումը վարչապետը ունեցած է քանի մը օր առաջ Արագածոտնի մարզի Ներքին Բազմաբերդ համայնքի դպրոցականներու հետ հանդիպումին ընթացքին. կը կրկնեմ՝ դպրոցականներուն…

Այս արտայայտութեան մէջ ամփոփուած է «գերագոյն դաւաճան»-ին արտաքին, պաշտպանութեան, տնտեսական, կրթական (եւ այլ) վարած քաղաքականութիւնը: Հոն կ’երեւին 2018-էն սկսած հայ ազգային հիմնարար սկզբունքներու եւ կառոյցներու քանդումի ծրագրաւորուած աշխատանքը, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին աղէտալի արդիւնքին սկզբնաղբիւրը ու հետագային ալ չվերականգնելու, չվերակազմակերպուելու եւ չվերազինուելու կեցուածքը:

Հայաստանը, հայրենիքը (ներկայ թէ պատմական) եւ պետականութիւնը (այսինքն, այս պարագային՝ Արարա՛տը եւ Արագածը) չեն նոյնանար Հայաստանի որեւէ կառավարութեան հետ: Իշխանութիւնները, «փառք Աստուծոյ», գնայուն են, հայրենիքն ու պետականութիւնը մնայուն, բացի եթէ «հազարազանգ» (Յովհաննէս Շիրազ) Անիին նման դաւաճանուի եւ ոտնակոխելու տրուի թշնամիներուն:

Դպրոցականները, ամէն տարիքի, կը ներկայացնեն մեր ազգի ապագան, մեր գուրգուրանքի առարկան, ազգային տեսակի շեշտը, հերոսութեան աղբիւրը, հարուածող ուժը, պարտուողականութեան բեկումը. մենք կ’որոշենք այս ածուին մէջ սնել զանոնք կամ հակառակին՝ «Արարատը չէ՛ մեր բարձր լեռը», «սրբեցէ՛ք հայոց հերոսապատումը», «մոռցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութիւնը», «նայեցէ՛ք առաջ, որ թշնամին մեզ նորէն ջարդէ»…

Այսօր ո՛չ միայն հազարաւոր հերոսներու արեան գնով կերտուած Արցախի հանրապետութեան մեծամասնութիւնը գրաւուած է, այլեւ նոյնինքն Հայաստանի մէկ մասը ու գոյութիւնը սպառնալիքի տակ: Այդքան կորուստէն եւ վտանգէ ետք տակաւին փորձ կը կատարուի այլակերպել դպրոցականները, փոխանակ զօրացնելու անոնց սեփական ուժերուն վստահելու պատրաստակամութիւնը: «Չի կարելի օգնել այն ընկածին, եթէ նրան պակասում է ինքնօգնութեամբ ոտքի կանգնելու կամքը» — Զօր. Գարեգին Նժդեհ:

Այլ օրինակ մըն ալ մատղաշ սերունդը այլասերելու . վերջերս գործընթաց մը սկսաւ դպրոցներէն վերցնելու ազգային հերոսներու նկարներն ու անոնց մասին գրառումները, որպէսզի պատանիները անոնց տիպարով չդաստիարակուին, անոնց ճանապարհով չընթանան:

Չմոռնանք նաեւ որ ՔՊ-ականները (Հայաստանի ներկայ իշխանաւորները), երկրին ղեկին տիրանալէ քանի մը ամիս ետք կրթական բարձրագոյն հիմնարկներէն վերցուցին հայագիտական նիւթերու պարտադիր պահանջը: Վասն ինչի՞…

«Արցախը տանք որ Հայաստանը հանգիստ ապրի»-ի գահավէժ ձախողութենէն, «խաղաղութեան դարաշրղան»-ին «պատերազմներու եւ շարունակական զոհեր»-ու վերածուելէն ետք, «Արագածն է մեր ամէնէն բարձր լեռը» քարոզչական խաբէութիւնն ալ օր մը կը վերածուի «Արա լեռը բարձրը սեպենք»-ի. չէ՞ որ «ես հպարտ եմ որ պարտուեցանք», « մենք յաղթած ենք նոյնիսկ եթէ պարտուինք», «Սեւ լիճին համար պատերա՞զմ պիտի ընենք», «այդ դիրքերը արդէն տարուան մեծ մասը ձիւնածածկ են, ինչո՞ւ պահենք» (ան)տրամաբանութեան տէրը տակաւին իշխանութեան աթոռին է եւ սպառնալիքի ու վարձատրութեան տակ ցարդ լսարան ունի… Այս բոլորով հանդերձ «գերագոյն դաւաճան»-ը կը փորձէ թափուած «արիւնը ուրիշի դռանը քսել»:

Հայաստանի ազգային հիմքերը այլափոխելու համար արտասահմանէն (իմա՛ մեր թշնամիներէն) ներմուծուած մեծ գումարները յաջողեցան եւ տակաւին կը շարունակեն իրենց աւերը գործել մեր յաղթական հայրենիքը դարձնելու սուտին, բաժանարարութեան, անհաւատութեան եւ իր սեփական ուժին անվստահութեան ստրուկը յօգուտ մեր ոսոխներուն:

Մեր թշնամիները շատ լաւ ուսումնասիրելէ ետք հայ հասարակութիւնը եւ «բերդը ներսէն գրաւել»-ու ռազմավարութիւնը, Հայաստանի եւ հայ Սփիւռքի իշխանութեան համար, նախ պատրաստեցին, ապա ղեկին տեղաւորեցին իրենց հակահայ նպատակները իրագործելու յարմար անձեր, որոնց մէկ մասն ալ իր բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Թուրքիոյ հայկական պահանջատիրութեան ժխտումի եւ ձախողումի կրթական ոստաններու մէջ, ուր հակառակորդին վարքն ու բարքը, մտածելակերպը, իբր թէ, ուսումնասիրելը կը վերածուի ազգայինը մոռնալուն, նպատակի շեղումին եւ արդիւնքը կ’ըլլայ ուղեղալուացք ու հետեւաբար դաւաճանութիւն, ինչ որ բացայայտ է Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վարքագծին մէջ: Այս անձերը իրաւունք չունին հայոց պատմութիւնը եւ հայ ապագայ սերունդը այլակերպելու իրենց նիւթականի գերութեան եւ հայրենադաւութեան մակարդակէն:

Մեր բոլոր հարցերը կը գտնուին Արարատը Արագածին հետ Հայաստանի սահմաններէն ներս չբերելուն մէջ:   

ՀՐԱՇՔ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Երազիս մէջ հորս տեսայ՝
Մորս նման յայտնուեց,
Խինդ ու վախով գիրկը հասայ,
Շիրիմից ելաւ ինձ գրկեց:

Հեկեկացինք դառն ու անուշ,
Հայրս նայեց իր չորս դին,
Արագածին նայեց քնքուշ,
Ասաց՝ կապրի իմ որդին…
Բայց երբ նայեց Արարատին՝
Ինձ խեթ նայեց հայրս ծեր,
– Էլ ինչո՞վ ես դու իմ որդին,
Երբ կիսատ է տունը մեր:
Վշտից նորից մեռաւ հայրս,
Ասաց՝ «Որդիս, թէ կուզես
Հողը թեթև լինի վրաս
Տունս կիսատ չթողնես…»

Share