Ազգ. Ռ.Ա. Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Ազգ. Ռ.Ա. Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտութիւնը, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու:

Ամերիկեան եւ վարժարանի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, թիւով 54 աշակերտներ ապրումով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը՝ հայրենասիրական խմբերգներու եւ ասմունքներու ընտրանի մը: Աշակերտներէն մէկ քանին ելոյթ ունեցան սրտի խօսքերով, իսկ խումբ մը պարմանուհիներ ներկայացուցին հայկական պար մը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես աշակերտներու ելոյթներուն՝ մասնաւորաբար ընդգծելով, որ անոնք կը գտնուին Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, որ հայ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման տունն է, իսկ մեր մշակութային կեանքին մէջ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանը կը գտնուի բարձունքի վրայ, ըսաւ ան՝ մաղթելով, որ զինք այցելելու եկած հայ մատղաշ տղաքն ու աղջիկները կեանքի մէջ անսահման յաջողութիւններ ձեռք ձգեն եւ իրենց բարի ժպիտով ջերմացնեն շրջապատ ու աշխարհ:

Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեան, երախտագիտութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին՝ Ազգ. վարժարաններու հայ աշակերտութեան նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան եւ մնայուն ուշադրութեան համար, իսկ Աշակերտական խորհուրդի ատենապետ աշակերտը վարժարանին անունով Սրբազան Հօր յանձնեց յուշանուէր մը:

Մեկնումի պահուն, բոլոր աշակերտները ստացան գրող Ժագ. Ս. Յակոբեանի բանաստեղծական երկերէն օրինակներ եւ Անթիլիասէն բերուած փայտեայ խաչեր: 

Share