Ապրիլ 20-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան այցելեց Վանգուվըրի Հայ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Վանգուվըրի մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներու եւ տեղւոյն ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան կոմիտէութեան անդամներուն հետ։
Կոմիտէի ատենապետ Վահիկ Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Թիթառ Քէօշկէրեանը, որ ներկայացնէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը, որմէ անմիջապէս ետք Խաժակ Մկրտիչեան զեկուցեց Արցախի, Հայաստանի եւ Ջաւախքի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։
Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու, որոնց պատասխանեց Բիւրոյի անդամը։