Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը, 1954-ի մայիսէն մինչեւ 2023-ի մարտ ամիսը։ Այնտեղ ի մի բերուած են տարբեր բնոյթներու իր գրածները՝ 22 թերթերու եւ պարբերաթերթերու, յատկապէս իր գլխաւոր հարթակներուն մէջ լոյս տեսածները,– «Յուսաբեր»-ի (1955 – 1966), «Հայաստան»-ի (1964 – 1968), «Հայրենիք»-ի (1966 – 1981), «Դրօշակ»-ի (1985-էն մինչեւ օրս) եւ «Հորիզոն»-ի (հիմնադրութեան օրէն՝ 1979-էն մինչեւ այսօր)։ Առանձնաբար պիտի պատրաստուի իր ասպարէզի՝ ճարտարապետութեան առնչուող օտարալեզու յօդուածներու մատենագիտութիւնը։
Ընդգրկուած են իր ակնարկները, ընկերական մտորումները, խմբագրականները, թղթակցութիւնները, գրքերու եւ դէմքերու մասին յօդուածները, թարգմանութիւնները, հարցազրոյցները, «Ոստայն» ու նման պատումները եւ այլն, եւ այլն։ Յատուկ նշումով ցոյց տրուած են անոնցմէ անոնք, որոնք երեւցած են նաեւ Վրէժ-Արմէնի ցարդ լոյս տեսած 17 հատորներուն մէջ։
Իր «Լուսաբանութիւն մը» վերնագրուած ներածականին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Այս ցանկագրումը կատարուած ատեն որեւէ արժէքային նկատողութիւն չէ եղած, եւ եթէ որեւէ գրութիւն դուրս մնացած է, այդ եղած պիտի ըլլայ անուշադրութեան հետեւանքով, այսինքն ակամայ չէ առնուած ցանկին մէջ։ Եթէ նման գրութիւն գտնող ըլլայ, կը փափագիմ տեղեկանալ»։
Վերջաւորութեան ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայերէնblog կայքէջը վարող Իշխան Չիֆթճեանին, որ, «ինչպէս գիրքերս, նամականիիս մէկ մասը, նոր բառերու կազմած ցանկս՝ նաեւ այս մատենագիտութիւնը իր կայքէջին ճամբով կը մատուցուի ընթերցողին»։