Եւրոպայի մէջ Ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան հակադարձելու, անոնց հերթական սադրանքը ձախողցնելու ուղիներ մշակուած են

Եւրոպայի մէջ Ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան հակադարձելու, անոնց հերթական սադրանքը ձախողցնելու ուղիներ մշակուած են

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին հրաւէրով, Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու պատասխանատուներու առցանց քննարկում, որուն մասնակցած են աւելի քան տասը երկրի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու պատասխանատուներ։

Քննարկման օրակարգը վերաբերած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին եւ իւրաքանչիւր յանձնախումբի նախընթաց ամիսներու աշխատանքին վերագնահատման, ընթացիկ ու յառաջիկայ աշխատանքներուն՝ միտուած Ղարաբաղեան հիմնախնդրի ներկայ հանգրուանին եւ ազրպէյճանական շարունակական յարձակումներուն վերաբերեալ եւրոպական հասարակական-քաղաքական, պետական շրջանակներու հետ նպատակադրուած աշխատանքով առարկայական իրավիճակ ձեւաւորելուն։ Այս առումով գոհունակութեամբ անդրադարձ եղած է Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած վերջին բանաձեւերուն եւ կարեւոր համարուած է ԵՄ գործադիր իշխանութեան կողմէ խորհրդարանի քաղաքական դիրքորոշման հետեւելու անհրաժեշտութիւնը։ Յատուկ անդրադարձ եղած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք Հայաստան ժամանող Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու այցերու արդիւնաւէտութեան եւ ընդգծուած անոնց շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։

Առանձնայատուկ քննարկուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին եւ անոր ղեկավար Գասպար Կարապետեանի դէմ սկիզբ առած կեղտոտ հակաքարոզչութեան նոր ալիքը, որ ինչպէս նախորդները, ուղղակիօրէն կը ղեկավարուին ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Եւրոպայի մէջ կաշառակերութեան դրսեւորումներով իրականացուող ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան իրաւական, հասարակական, քաղաքական եւ քարոզչական տեսանկիւններէն հակադարձելու եւ ազրպէյճանական հերթական սադրանքը ձախողելու ուղիները։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

14.04.2023 թ.

Share