Ազրպէյճան լայնածաւալ սադրանքի կը դիմէ Տեղ գիւղին ուղղութեամբ և ականանետ կը կիրարկէ

Ազրպէյճան լայնածաւալ սադրանքի կը դիմէ Տեղ գիւղին ուղղութեամբ և ականանետ կը կիրարկէ

11 ապրիլին` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 16:00-ի սահմաններուն մէջ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Տեղ համայնքի ուղղութեամբ ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնող Հայաստանի զինեալ ուժերու զինուորներուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու:

«Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Ազրպէյճանական սադրանքին ընթացքին, ըստ հայկական լրատուամիջոցներու, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը ունեցան երեք զոհ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին նոյն տեղեկութիւնը յայտնած է նաեւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան: Ըստ հայաստանեան աղբիւրներու, ազրպէյճանական կողմի կորուստները չորսն են:

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը առաջ անցնելով իրենց սադրանքին մէջ ականանետեր կիրարկած են Տեղ գիւղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

«Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն սադրանքը: Ժամը 17:30-ի սահմաններուն մէջ նոյն ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կիրարկած են ականանետային միջոցներ: Զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ պաշտպանական միջոցներ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ», նշուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են նաեւ  հայ-ազրպէյճանական սահմանի Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ դադրեցուած են Սոթքի ոսկիի հանքավայրի աշխատանքները, իսկ աշխատակիցները տարհանուած են:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեց Սոթքի ոսկիի հանքավայրը շահագործող «Կէոփրոմայնինկ» ընկերութեան  ներկայացուցիչ Ռուզաննա Գրիգորեան:

Ժամը 19:00-ի դրութեամբ փոխհրաձգութեան աշխուժութիւնը Տեղ գիւղի հատուածին մէջ էականօրէն նուազած էր:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, «Վարդենիսի ուղղութեամբ այս պահուն գնդակոծութեան մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, յիշեալ ուղղութեամբ այս պահու դրութեամբ յարաբերականօրէն կայուն է: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներով տարածուող տեղեկութիւնները այն մասին, թէ իբրեւ թէ հայկական կողմը կը կիրարկէ իրանական անօդաչու թռչող սարքեր, չի համապատասխաներ իրականութեան. Հայաստանի Հանրապետութեան  սպառազինութեան մէջ իրանական անօդաչու թռչող սարքեր չկան: Կը յորդորենք չճշդուած տեղեկութիւններ չհրապարակել, հետեւիլ բացառապէս պաշտօնական լրահոսին: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ իրադրութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւններով»:

Ժամը 19:55-ի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագիծին մէջ յարաբերականօրէն կայուն էր: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յորդորեց հայկական կողմի զոհերու թիւին մասին չճշդուած թիւեր չհրապարակել:

Նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ ժամը 20:30-ի տուեալներով, ազրպէյճանական սադրանքին պատճառով հայկական կողմը ունի 4 նահատակ եւ 6 վիրաւոր:

Share