Արցախի Ազգային ժողովը երէկ` 23 մարտի իր նիստին երկրորդ ընթերցումով հաւանութիւն տուած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծին:
Ազգային ժողովի գլխադասային` պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբը առաջին ընթերցումէն ետք նախագիծին վերաբերեալ առաջարկ չէ ստացած: Խորհրդարանը քուէարկութեամբ միաձայն հաւանութիւն տուած է սահմանադրական փոփոխութեան:
Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուցած է փոփոխութեան Սահմանադրութեան համապատասխանելիութիւնը որոշելու հարցով Գերագոյն դատարան դիմելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը: 32 կողմ ձայնով ան հաւանութեան արժանացած է: Հարցի քննարկումը ընդհատուած է մինչեւ Գերագոյն դատարանէն պատասխան ստանալը: