Զախարովա. «Ռուսիոյ բոլոր պարտաւորութիւնները յստակ ձեւակերպուած են 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ»

Զախարովա. «Ռուսիոյ բոլոր պարտաւորութիւնները յստակ ձեւակերպուած են 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ»

Ռուսիոյ բոլոր պարտաւորութիւնները յստակ ձեւակերպուած են 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, հինգշաբթի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` արձագանգելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, թէ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդին կայացուցած որոշումով արձանագրուած է, որ Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը Ռուսիան է, եւ որ պատերազմէն ետք Հայաստանը չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան լիարժէք երաշխաւոր:

«Այս պարագային ոչինչ պէտք է յօրինել, պէտք է պարզապէս բանալ այդ փաստաթուղթը եւ տեսնել` ինչ պարտականութիւններ ունի մեր երկիրը, ինչ` ոչ, ու վերջ: Եւ ամէն ինչ շատ յստակ պիտի դառնայ: Ռուս խաղաղապահները կ՛ընեն իրենցմէ կախեալ ամէն ինչ, որպէսզի մագլցում չարտօնեն եւ այդտեղ կայունացնեն կացութիւնը, ատիկա կ՛ընեն իրենց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, ի հարկէ, այս հարցին մէջ շատ բան կախեալ է ներգրաւուած բոլոր կողմերու գործողութիւններէն ու յայտարարութիւններէն», ըսած է Զախարովա:

Ռուս դիւանագէտը նաեւ ընդգծած է, որ Մոսկուան Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները կը նկատէ իբրեւ «հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ տեղի ունեցած Փրակայի վեհաժողովին մէջ վերցուած գիծի շարունակութիւն: Այդ պատճառով ալ Հայաստանի ղեկավարութեան խիղճին կը ձգենք Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը երրորդ կողմի վրայ բարդելու փորձերը»:

Մարիա Զախարովա արձագանգած է Փաշինեանի մէկ յայտարարութեան, թէ «կան մտահոգութիւններ, որ ՀԱՊԿ-ն դուրս պիտի գայ Հայաստանէն»:

«Չես գիտեր ինչո՛ւ ես Պուլկաքովը յիշեցի` «ո՞վ որու վրայ կանգնած էր» ու Սթանիսլավսքին` «սիրեցէ՛ք արուեստը ձեր մէջ, եւ ոչ թէ ձեզ արուեստի մէջ»: Ահա այդ պատճառով ես անմիջապէս մտածեցի` հարցի այս հատուածը պիտի ձգեմ մեր հայեցողութեան, փորձեցէ՛ք հասկնալ, թէ խօսքը ինչի մասին է», հեգնած է Զախարովա` յիշեցնելով, որ անցեալ տարի ՀԱՊԿ-ը Միացեալ սպայակոյտի պետի գլխաւորութեամբ առաքելութիւն ուղարկած էր Հայաստան, հսկողութեան առաքելութիւն ծաւալելու ծրագիր կար, սակայն «հայկական կողմի պահանջներուն պատճառով, որոնք խնդրայարոյց էին դաշինքի միւս անդամներուն համար, դէտեր ուղարկելու որոշումը կարելի չեղաւ որդեգրել»:

Երեւան մերժած էր այդ առաքելութիւնը, որովհետեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը հասցէական գնահատական չտուաւ Ազրպէյճանին` անցեալ տարի Հայաստանի տարածք ներխուժելուն համար: Օրերս ալ Երեւան հրաժարեցաւ կառոյցին մէջ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնէն, յունուարին ալ ջնջուած էին Հայաստանի տարածքին մէջ ծրագրուած դաշինքի ռազմափորձերը:

Share