Վրէժ-Արմէն
Patrick J. Deneen, WHY LIBERALISM FAILED,
Yale University Press, New Haven and London, paperback edition, 2019, 225 pp
Ճիշտ ատենին լոյս տեսած գիրք մը, որ ցոյց կու տայ «ազատութիւն» վեհ յղացքին վրայ հիմնուած «ազատականութիւն» հասկացութեան իմաստազրկումը եւ կը նախատեսէ անոր վերջը։
Հեղինակը քաղաքական գիտութեան դասախօս է եւ ղեկավարը Նոթր Տամ համալսարանի Սահմանադրական ուսմանց ամպիոնին։ Գրած ու խմբագրած է բազմաթիւ հատորներ։ Գրքին գրախօսողներէն մէկը՝ Ճաքսըն Լիրզ (Jackson Lears), որ Ռաթճըրզ համալսարանի Կառավարիչներու խորհուրդի պատմութեան ականաւոր դասախօսն է, լաւագոյնս կը ներկայացնէ հեղինակը եւ իր գիրքը. «Փաթրիք Տենին զննող ու շնորհալի մշակութային քննադատ մըն է՝ ոգեւորուած բարոյական հակակշռուած կիրքով մը։ Ինչո՞ւ ձախողեցաւ ազատականութիւնը կը հայթայթէ կազդուրիչ հակաթոյն մը ձախին, թէ աջին հաւատալիքներուն դիմաց՝ ցոյց տալով ինչպէ՛ս ազատութեան աղքատացած, երկկուսակցական յղացք մը բանտարկած է հանրային կեանքը, զոր կը յաւակնի ազատագրած ըլլալ»։
Սոյն յօդուածին նպատակը չէ գրքին ամբողջ բովանդակութիւնը ներկայացնել, այլ միայն ընթերցողին ծանօթացնել անոր գլխաւոր միտք բանին, բայց կ’արժէ թուել գլուխները, որոնց վերնագրերէն ալ կարելի է գաղափար մը կազմել, թէ ինչի՛ մասին է գիրքը՝
– Ներածութիւն – Ազատականութեան վերջը
– Ա. Անպահպանելի ազատականութիւն
– Բ. Անհատականութեան եւ պետականութեան (statism) միաւորում
– Գ. Ազատականութիւնը որպէս հակամշակոյթ
– Դ. Արհեստագիտութիւնը եւ ազատութեան կորուստը
– Ե. Ազատականութիւնը ընդդէմ մարդկայնական գիտութիւններուն (liberal arts)
– Զ. Նոր ազնուականութիւնը (aristocracy)
– Է. Քաղաքացիութեան քայքայումը
– Եզրակացութիւն – Ազատութիւն՝ ազատականութենէն ետք
Հիմնական մտքերը ներկայացնելու համար այստեղ պիտի հիմնուիմ գլխաւորաբար ներածութեան ու եզրակացութեան վրայ ։
Շատ հետաքրքրական ու բնորոշիչ են եզրակացութեան առաջին եւ վերջին նախադասութիւնները։ Առաջինը՝ «Ազատականութիւնը ձախողած է, որովհետեւ ազատականութիւնը յաջողած է»։ Իսկ վերջինը՝ «Մարդկային ազատութեան մեծագոյն փաստը կը կայանայ մեր կարողութեան մէջ՝ երեւակայելու եւ կերտելու ազատութիւն՝ ազատականութենէն ետք»։ Գրքին ամբողջ բովանդակութիւնը այս երկու նախադասութիւններուն միջեւ կարելի է զետեղել՝ զանոնք մանրամասնելու եւ հասկնալու համար։ Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։
«Ազատութիւն»-ը հինէն եկած բառ մըն է,– կ՚ըսէ Տենին,–մինչ «ազատականութիւն»-ը հազիւ քանի մը հարիւր տարուան բառ է»։ «Ան կը յառաջանայ ազատութեան բնութեան վերասահմանումէ մը, որ իր նախնական իմաստին գրեթէ հակառակ նշանակութիւնը կու տայ անոր։ Անցեալի եւ քրիստոնէական հասկացողութիւններով ազատութիւնը ինքնակառավարման պայմանն էր, անհատի մը, թէ հաւաքականութեան մը համար»։ Եւ դիւրին չէր այդ ինքնակառավարումը, քանի որ կը պահանջէր «առաքինութիւններ՝ ինքնահակակշիռ ու ինքնակարգապահութիւն՝ ստորին, բայց յամառ ախորժակներու դիմաց»։ Ուստի ազատութեան հասնելու համար մարդիկ պիտի գիտնային իրենց անձնական ընտրանքներուն մէջ որոշ սահմանափակումներ ընդունիլ։ «Իսկ այդ սահմանափակումները չէին իրականանար գլխաւորաբար հռչակուած օրէնքով,– թէեւ օրէնքն ալ իր տեղը ունէր,– այլ ընկերային, տարածուն ընդհանուր կանոններով (norms)՝ բարքերու (customs) միջոցաւ»։
«Ազատականութիւնը ազատութիւնը կը վերայղանայ իբր ճիշտ հակառակը այս աւելի հին յղացքին»։ Ան կը քանդէ բարքերու աշխարհը ու զայն կը փոխարինէ հռչակուած օրէնքներով։ Եւ ո՜վ հեգնանք, քանի ընկերային ոլորտի մէջ վարմունքը (behaviour) հակակարգաւորուի (unregulated), պետութեան դերը պէտք է այնքան աւելի ընդարձակուի՝ կարգ ու կանոնը պահելու համար։ Այսպիսով՝ «Ազատութեան կայսրութիւնը» կ’ընդլայնի համաքայլ տեւաբար ընդարձակուող պետական հակակշռին հետ՝ ի հեճուկս ժողովրդավարութեան։
«Ժողովրդավարութիւնը, իրապէս, ի վերջոյ չի կրնար գործել ազատական վարչաձեւի մը ներքեւ։ Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ մեծաթիւ ընկերային ձեւեր, զորս ազատականութիւնը կը հետապնդէ ապակերտել (deconstruct), յատկապէս՝ հասարակաց ընկերային սովորութիւններ եւ պարտաւորութիւններ, որոնք կը զարգանան հոծ համայնքներու մէջ, ոչ թէ անկապակից եսերու պատահական հաւաքածոներու, որոնք ընտրական խցիկները կը մտնեն ու կ’ելլեն»։
«Ազատականութիւնը նաեւ սահմանազերծութիւն է, – կ՚աւելցնէ հեղինակը»։ «Ազատական իմաստասիրութեան եւ քաղաքականութեան հիմնական յատկութիւններէն մէկն է գրեթէ բոլոր սահմանները կամայական համարելը։ Ասիկա ոսկի թելի մը պէս կ’անցնի բոլոր նկատողութիւններուն ընդմէջէն, ոչ միայն սահմաններու,– գլխաւորաբար ազգային սահմաններու,– քաղաքական ըմբռնումին, այլ որեւէ առկայ տարբերակումի, ուրոյնութեան, սահմանագծման եւ շրջագծման, որոնք բոլորը կասկածանքի կ’ենթարկուին՝ որպէս անհատական ընտրանքի ազատութիւնը կամայականօրէն սահմանափակող [ազդակներ]»։
Այս գիրքը, ըստ Տենինի, կը ձգտի ցոյց տալ, թէ․ «Ինչ որ աջին կողմէ կ՚ողբացուի (bemoaned) ոչ թէ ձախին պատճառաւ է, այլ ի՛ր իսկ սերտագոյն հաւատարմութիւններուն (commitments) հետեւանքներուն, յատկապէս՝ ազատական տնտեսագիտութեան մէջ»։ Նոյնն է պարագան ձախին, որուն խնդիրները կը ծագին ի՛ր իսկ որդեգրած կեցուածքներէն, յատկապէս «ընկերային ընդհանուր կանոններու լուծարումին ի հետեւանք, յատկապէս սեռային վարմունքի եւ ինքնութեան մարզերուն մէջ»։
Հետաքրքրական է այն տեսակէտը, թէ կը ձեւաւորուի կարիքը ուժեղ ղեկավարի մը, որ պիտի գայ ետ բերելու ժողովրդական հակակշիռը ազատականութեան վարչարարական կառավարման ու աշխարհայնացած տնտեսութեան վրայ, առանց սակայն անպայման նախկին, լուծարման ենթարկուած ընտանեկան, համայնքային, կրօնական կանոններու եւ հաստատութիւններու վերականգման պահանջքին, ինչ որ սակայն ճիգով ու զոհողութեամբ կրնայ ըլլալ, մինչ ազատականութեան մշակոյթը այդ արժէքներն ալ նսեմացուցած է։ Շատեր հիմա կը կարծեն, թէ ազատականութեան պետական ուժերով կարելի է պայքարիլ անոր իշխանական դասակարգին դէմ։
Տենին հաւատացած է, թէ փրկութիւնը քաղաքական յեղափոխութեան մը մէջ չէ, որ կը կայանայ, այլ «համայնքային նոր ձեւերու համբերատար խրախուսանքին, ձեւեր, որոնք կրնան իբր օթեւան (կամ ապաստարան) ծառայել մեր ներկայ ապանձնաւորուած քաղաքական ու տնտեսական համակարգին մէջ»։ […] «Միայն [հին յունական իմաստով] քաղաքի (polis) մը փորձառութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն մը,– միատեղ կեանքեր՝ հասարակաց նպատակի ըմբռնումով մը, սերնդական ժամանակամիջոցի մը մէջ ապրուած վիշտերով, յոյսերով եւ հրճուանքներով, եւ վստահութեան ու հաւատքի ընդունակութիւններու մշակումով,– կրնայ սկսիլ փոխարինել մեր դարաշրջանի անվստահութիւնը, խորթացումը, թշնամութիւններն ու ատելութիւնները»։
Տենին իր եզրակացութեան առաջին նախադասութիւնը՝ «Ազատականութիւնը ձախողած է, որովհետեւ ազատականութիւնը յաջողած է» գրելէ ետք դիտել կու տայ, թէ քանի ան աւելի կը հաստատուի, այնքան կը բազմանան կառավարման վէրքերը, որոնց վրայ չի հասնիր սպեղանի մը դնել կամ չի կրնար զանոնք քողով մը ծածկել, ինչ որ քաղաքացիներուն մէջ կը յառաջացնէ անվստահութիւն օրէնքին ու օրինականութեան նկատմամբ ու նախանշանը կը հանդիսանայ ազատականութեան աւարտին։ Ասոր չեն անդրադառնար ազատականութեան ջերմ պաշտպանները, որոնք դժգոհութիւնները կը նկատեն պատահական ու անցողիկ, առանց հասկնալու, որ խնդիրը համակարգային է, «որովհետեւ իրենց ինքնախաբէութիւնը կը բխի ներկայ դրութիւնը պահելու մէջ իրենց ունեցած սեփական շահի խոշոր պահեստէն»։ Ինչ որ կը յիշեցնէ, անշուշտ, Ալեքսիս տը Թոքվիլի (Alexis de Toqueville) «Ժողովրդավարութիւնը Ամերիկայի մէջ» հատորի եզրակացութիւնը, թէ ան ի վերջոյ պիտի վերածուի բռնակալութեան նոր ձեւի մը։
Ինչպէ՞ս խուսափիլ նման ապագայէ մը։ Հեղինակը իր տեսակէտը բանաձեւելու համար կը վերադառնայ Պղատոնի «Հանրապետութիւն» երկին ու կը հաւատայ, թէ երկար ժամանակ ու քանի մը սերունդ է պէտք՝ նոր համակարգ եւ իրավիճակ յառաջացնելու համար։ Ան երեք սկզբնական քայլեր կը նախատեսէ.
Առաջին՝ չփորձել վերադառնալ նախաազատական ժամանակներուն, այլ ընդունիլ ազատականութեան նուաճումներն ու անոնցմէ մեկնելով՝ վերացնել իր ձախողութեան հիմնական պատճառները։ «Չկայ յետ երթալ, այլ միայն յառաջ»։
Երկրորդ՝ «Գաղափարաբանութեան դարէն անդին պէտք է անցնինք։ Արդի երեք մեծ գաղափարաբանութիւններէն ամենէն հինը ու ճկունը կը մնայ, սակայն ազատականները իրենց մրցակիցներուն անկումը համարեցին պատմութեան վերջը, փոխանակ հասկնալու, որ ան պիւրոզեան յաղթանակ մըն էր իսկապէս»։ […] «Մենք պէտք է կեդրոնանանք մշակելու նոր հմտութիւններ (practices), որոնք կը խթանեն մշակոյթի, տնային տնտեսութեան եւ քաղաքային (polis) կեանքի նոր ձեւեր»։
Երրորդ՝ «Նման փորձառութեան եւ հմտութեան կաթսայէն քաղաքականութեան եւ ընկերութեան նոր տեսութիւն մը կրնայ ի վերջոյ դուրս գալ։ Այդպիսի տեսութիւն մը պէտք է խուսափի ազատականութեան գաղափարաբանական տարողութենէն, բայց միաժամանակ ընդունի անոր նուաճումներն ու իրաւացի պահանջքները, մասնաւորաբար՝ արդարութեան ու արժանապատւութեան առումով»։ Այսպիսի տեսութիւն մը համահունչ կ’երթայ հին դարերէն եկող արեւմտեան աւանդութեան։
«Անցեալի քաղաքական իմաստասիրութիւնը նուիրուած էր յատկապէս բռնակալութեան վերելքէն ինչպէս լաւագոյնս խուսափելու եւ քաղաքական ազատութիւն եւ ինքնակառավարում ինչպէս լաւագոյնս նուաճելու հարցերուն»։ […] «Քրիստոնէութեան գալուստը եւ անոր զարգացումը դէպի միջնադարու՝ այժմ ընդհանրապէս անտեսուած քաղաքական իմաստասիրութիւնը, կը շեշտէր անհատի արժանապատւութիւնը, անձին յղացքը, իրաւունքներու եւ համապատասխան պարտականութիւններու գոյութիւնը, գերագոյն կարեւորութիւնը քաղաքային ընկերութեան ու բազմազան ընկերակցութիւններու, եւ սահմանափակ կառավարութեան ըմբռնումը՝ որպէս լաւագոյն միջոցները կանխելու մարդկային անխուսափելի փորձութիւնը դէպի բռնակալութիւն»։
Հետաքրքական է նաեւ հեղինակին այն հաստատումը, որ «Ազատականութեան խզումը անցեալէն հիմնուած էր կեղծ մարդաբանութեան մը վրայ, բայց նոյն ատեն այդ իտէալները դարձան աւելի տիեզերական ու ապահով շնորհիւ աճող դժգոհութեան՝ հանդէպ ազատականութեան ձախողութեան զանոնք իրագործելու։ Հսկայ խզում մը գոյութիւն ունեցած է ատենին Արեւմուտքի իմաստասիրութեան ու անոր կիրարկումներուն միջեւ։ Ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան իտէալները գոյակցած են ստրկութեան, գերութեան, անհաւասարութեան, կիներու ներդրումի անտեսումին, իշխանապետութեան կամայական ձեւերուն եւ օրէնքի կիրարկման հետ»։
«Ազատականութիւնը այդ իտէալները ջատագովելով հանդերձ, ի վերջոյ դաւաճանեց անոնց՝ մարդկային բնութիւնն ու քաղաքականութիւնը, տնտեսագիտութիւնը, կրթութիւնը՝ ձեւազերծող իր ըմբռնողութեամբ ու անկէ յառաջացած արհեստագիտութեան կիրարկումով»։
Զանազան օրինակներու կարգին գրողը կ’անդրադառնայ ազատականութեան յաւակնութեան, թէ տնային պարտաւորութիւններէ ձերբազատելով՝ ան ազատագրեց կիները, մինչդեռ իրականութեան մէջ թէ՛ կիները եւ թէ՛ այրերը դրաւ աւելի համապարփակ գերութեան մը մէջ են։ Նոյնպէս ազատականութեան ճարտարապետները իւրացնելով քաղաքական լայնօրէն ընդհանրացած իտէալները՝ զանոնք այլափոխեցին ի նպաստ անոնց, որոնք ամենէն աւելի կրնային օգտուիլ ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ հանրապետականութեան նոր սահմանումներէն։
Ըստ ազատականութեան՝ «Գաղափարաբանութեան՝ կրօնական, մշակութային եւ ընտանեկան [խումբի մը] անդամակցութիւնը ծննդեան արկած մըն է»։ Մինչդեռ «Մշակոյթն ու աւանդութիւնը արդիւնք են հմտութեան եւ փորձառութեան կուտակումներու, զորս սերունդներ կամովին աճեցուցած ու իբր ընծայ փոխանցած են ապագայ սերունդներուն։ Այդ ժառանգութիւնը արդիւնքն է աւելի խոր ազատութեան մը՝ միջսերնդային փոխներգործութեան աշխարհի հետ եւ իրարու հետ»։
Մշակոյթի կարեւորութեան ու արժէքին մասին բացառիկ լուսամիտ բանաձեւում է, որ Տենին կ’ընէ. «Մինչ մշակոյթը կը մշակուի ու կը փոխանցուի ամենէն անմիջականանօրէն ընտանիքներո՛ւն մէջ, ան կը զարգանայ ընտանիքներու համայնքի մը մէջ ու միջոցաւ ու կը կեդրոնանայ ծննդեան, հասունացման, ամուսնութեան ու մահուան վրայ։ Մշակոյթը նկատի կ’առնէ տեղական պայմաններ՝ յաճախ սնուելով ու ներշնչուելով տեղական աշխարհագրութենէն ու պատմութենէն։
Սերունդ առ սերունդ յիշողութիւնը կը փոխանցուի պատմութիւններու եւ երգերու միջոցաւ, ոչ այնպէս, ինչպէս ծրարուած կը մատուցուի Հոլիվուտի կամ Մատիսըն պողոտայի կողմէ՝ այլ յառաջանալով մասնայատուկ տեղերէ եկող ձայներէ»։ […] Այս ձեւով է, որ կը ստեղծուի իսկական պէսպիսութիւնը՝ «Մշակոյթներու այլազանութիւն մը, որ բազմազան է, բայց միաժամանակ հիմնուած է մարդկային ճշմարտութիւններու վրայ, որոնք անդրմշակութային են, ուստի եւ կրնան շատ ժողովուրդներու կողմէ փառաբանուիլ (celebrate)»։
Շինելու, նորոգելու, եփելու, տնկելու, պահպանելու եւ պարարտանիւթելու (composting) ձիրքերը տան մը ոչ միայն անկախութեան ու ամբողջականութեան նեցուկը կը հանդիսանան, այլեւ կը զարգացնեն հմտութիւններ ու կարողութիւններ, գլխաւոր աղբիւրներն են մշակոյթի ու քաղաքացիական կեանքի։ Անոնք իւրաքանչիւր սերունդի կը սորվեցնեն բնութեան պահանջքները, նուէրներն ու սահմանափակումները. բնութեան կշռոյթներուն եւ ձեւուածքներուն (patterns) մարդուն մասնակցութիւնն ու փառաբանումը եւ անկախութիւնը արդի շուկայի կեղծ (erzatz) ազատութեան խթանած մշակութաքանդ տգիտութենէն եւ յուլութենէն։
Տենին իր եզրափակիչ բաժինին մէջ անգամ մը եւս կը վերյիշէ Թոքըվիլ եւ անկէ կը մէջբերէ վկայութիւն մը Ամերիկայի մէջ այն ատեն անոր նկատած իրավիճակին մասին. «Քաղաքացիներ, որոնք հասարակական կեանքին մէջ յանձնառութիւն պիտի վերցնեն, պէտք է սեփական շահերէ անդին նային եւ պարբերաբար նային նաեւ իրենցմէ անդին ուրիշ բանի։ Անմիջապէս որ հասարակաց հարցեր քննութեան առարկայ դառնան, ամեն մարդ կը նկատէ, թէ ինք իր խմբակիցներէն այնքան ալ անկախ չէ, որքան կ’ենթադրէր, որ էր եւ անոնց աջակցութիւնը ստանալու համար ինքն ալ իրը պէտք է մատուցէ անոնց»։
Հեղինակը կը ջատագովէ վերադարձը նման ըմբռնումի մը։
Եւ գիրքը կ’աւարտի հետեւեալ պարբերութեամբ. «Այսօր պէտք ունինք հմտութիւններու (practices)՝ կազմուած տեղական միջավայրերու մէջ, կեդրոնացած նոր եւ արդիւնաւէտ մշակոյթներու եւ ներընտանեկան վարպետութիւններէ յառաջացած տնտեսագիտութեան ստեղծման եւ քաղաքացիական քաղաքային (polis) կեանքի ստեղծման վրայ։ Ոչ թէ աւելի լաւ տեսութիւն մը, այլ աւելի լաւ հմտութիւններ։ Այսպիսի պայման ու տարբերող իմաստասիրութիւն մը, զոր կը քաջալերէ, կրնայ ի վերջոյ արժանի ըլլալ «ազատական» անունին։ Հինգ հարիւր տարուան իմատասիրական փորձարկումէ մը ետք, որ իր ճամբուն վերջը հասած է, յստակ է ուղին աւելի լաւի վերակերտման։ Մարդկային ազատութեան մեծագոյն փաստը կը կայանայ մեր կարողութեան մէջ՝ երեւակայելու եւ կերտելու ազատութիւն՝ ազատականութենէն ետք»։
Անշուշտ, հեղինակը կը գիտակցի, որ իր առաջադրանքները կրնան բոլորին կողմէ ընդունելի չըլլալ, կրնան խստօրէն քննադատուիլ, եւ կ’ակնկալէ, որ այդպէս ալ ըլլայ՝ յուսալով, որ աւելի երիտասարդ մտածողներ ի յայտ կու գան ու կ’առաջարկեն նորանոր միջոցներ մարդկութիւնը իր ներկայ անելէն դուրս բերելու համար։
Մեզի՝ հայերուս համար ալ, յատկապէս մեր հայրենիքի ճակատագիրը վարելու յաւակնութիւն ունեցողներուն համար ահա՛ մտածելիք բաներ…