Փետրուար 18ի երդման արարողութեան բացման խօսքը. Հրայր Շերիքեան

Փետրուար 18ի երդման արարողութեան բացման խօսքը. Հրայր Շերիքեան

Յարգելի համակիրներ եւ հարազատներ եւ շատ սիրելի ընկերուհիներ ու ընկերներ,

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Նորագիրներու Դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բարի եկած էք բոլորդ:

Այսօր հաւաքուած ենք հայ ազգի վրիժառու բազուկ, «Նեմեսիս»-ի արդարահատոյց գործիչ՝ Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմի շուրջ վկայելու դաշնակցութեան շարքերը միացող խումբի մը որ իրենց դաստիարակչական ծրագիրը ամբողջացուցած են եւ իրենց վճռական պատրաստակամութիւնը յայտնած միանալու կուսակցութեան մը որ աւելի քան 132 տարիներ կը ծառայէ Հայութեան:

Նորագիրները վստահութեամբ համոզուած են եւ իրենց ազատ կամքով կը միանան մեր շարքերը, երդուելու անսակարկ նուիրումով:

Թող, ընկեր Երուանդ Ֆունտուքեանի եւ իրեն նման հազարաւոր դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու նուիրումը ու զոհողութիւնը մեր գերագոյն նպատակի իրագործման ճանապարհին, ըլլան միտքերու խթան, ըլլան ամրոցներ, ըլլան մեկնակէտեր եւ թող ըլլան ինքնավստահութեան աղբիւր եւ ներշնչում մեր նոր սերունդներուն եւ մասնաւորաբար մեր այս խումբին:

Դաշնակցական ըլլալը երդման արարողութեամբ սկիզբն է  կեանքի մը  ծառայելու զոհողութեամբ, հաւատքով գործելու եւ մասնաւորաբար ինչպէս ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի խօսքերը կ’ըսէ  «… զոհելու մեր անհատական ԵՍ-ը, զայն միաձուլելու համար յստակ  առաջադրանքներով գործող կազմակերպութեան մը հաւաքական ԵՍ-ին հետ»:

Այո, Հայրենիքի եւ Հայ ժողովուրդի ծառայելը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամագրութեամբ, կը նշանակէ հրաժարիլ մեր «ԵՍ»-երէն եւ միայն ու միայն Դաշնակցութեան «ԵՍ»ը իրագործել:

Ահա կեանքի նոր ուղղութիւն, ահա նոր մարտահրաւէրներու դաշտ: Մեր այս երդուեալներու խումբը թող գիտակցի որ մեր առջեւ տակաւին դժուար գործեր կան եւ յաղթահարելի վերելքներ որ կը պահանջէ երկարաշունչ համբերութիւն եւ կեդրոնացում վերջնական նպատակին որն է ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան

Խօսքս կ’ուզեմ աւարտել մեր ֆետայի հերոսներէն Սերոբ Աղբիւրի նուիրուած յեղափոխական երգի բառերով:

Որ որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ,

Արդէն ժամանակն է թող գայ,                

Share