Խաղաղարար դէտերու եւ ուժերու մասին

Խաղաղարար դէտերու եւ ուժերու մասին

Ս. Մահսէրէճեան

            Եւրոպացի դէտերու երկրորդ խումբ մը, 50 անզէն եւ 50 (հաւանաբար) զինեալ, Հայաստան հասաւ եւ տարբեր ալիքներ բարձրացուց քաղաքական ու ժողովրդային շրջանակներու մէջ: Անոնց կեդրոնը Վայքի մէջ է, Եղեգնաձոր (տեսնել քարտէսին վրայ), Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի սահաններուն միջեւ, Սիւնիքի սեմին:

            Իշխանութեան շրջանակը, որոշ քաղաքացիներու պէս, կը յուսայ, որ այս անգամ դէտերուն գործը քիչ մը աւելի ազդու պիտի ըլլայ. ֆրանսացի, գերմանացի եւ այլ զինուորականներ պիտի յաջողին զսպել ազերիական ոտնձգութիւնները, մինչեւ իսկ յոյս կայ, որ անոնք պիտի կարենան վերաբանալ Բերձորի անցքը, վերցնել Արցախի պաշարումը: Ո՞վ պիտի չուզէր, որ նման առաքելութիւն յաջողէր:

            Չմտնենք քաղաքական արձագանգներուն բաւիղներուն մէջ, այլ միան նշենք, թէ կայ նաեւ հատուած մը, որ յոյսեր չի կապեր այս հարիւր դէտերուն, գիտնալով, որ շինծու եւ պարտադրուած սահմանին միւս կողմը ո՛վ կանգնած է. գիտեն, որ թուրքն ու ազերին տրամադիր չեն ականջ տալու կոչերուն, միջնորդներու եւ խաղաղութիւն խոստացողներուն: Առաջին խումբին առաքելութեան արդիւնքն ալ չէ մոռցուած:

***

Մէկդի ձգենք նաեւ ռուսական հակազդեցութիւնները, անոնց յարուցած վէճերն ու մտավախութիւնները, եւ պահ մը մեր աչքերը սեւեռենք հազարաւոր քիլոմեթր հեռուները, հասնինք… Ափրիկէի արեւմտեան գօտին, ուր կան Մալի, Պուրքինա Ֆասօ եւ նման երկիրներ:

Այս օրերուն, քիչ-շատ ծանօթ «ճաշ» մըն ալ հոն կրակի վրայ դրուած է: Ֆրանսա իր ուժերը կը հեռացնէ յիշեալ երկիրներէն, մինչեւ իսկ դիւանագիտական սուր բանավէճ ստեղծուած է այդ երկիրներուն ու Ֆրանսայի միջեւ:

Չաճապարենք: Մալին եւ Պուրքինա Ֆասոն (որ նախապէս Վերին Վոլթա կը կոչուէր) Ֆրանսայի գաղութներուն շարքին էին 1890-ական տարիներէն սկսեալ, անկախացան 1960-ին: (Գաղթատէրերու ախորժակներուն մասին երկար չխօսինք): Շուրջ 10 տարի առաջ, երբ արաբական աշխարհը նոր սկսած էր տառապիլ դժոխային «գարուն»ի կրակներով, ափրիկեան շրջաններ ալ ինկան նմանօրինակ հոսանքներու գիրկը: Իսլամ ծայրայեղականներու անունները կրող խմբաւորումներ տարուէ տարի իրենց ոճրային արարքներու գօտին տարածեցին բազմաթիւ երկիրներու, ներառեալ՝ Մալիի եւ Պուրքինա Ֆասոյի մէջ (չկրկնենք նաեւ, թէ Էրտողանի Թուրքիան ինչպիսի՜ կաեր ունի ծայրայեղական խմբաւորումներուն հետ): Անշուշտ կային ներքին հակամարտութիւններ ալ: Հարցը հոն հասաւ, որ նախկին գաղթատէրը պատրաստակամութիւն յայտնեց զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել իր «ձագուկներուն»: Բազմահազար բանակայիններ հասան այդ (եւ շրջակայ) երկիրներ. Պուրքինա Ֆասօ ֆրանսացի ուժեր ընդունեց 2018ին: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՒՆԴԵՐԸ լիովին զինուած էին, անոնց գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլար դէմ դնել ահաբեկչական խմբակներուն:

Տարիները սահեցան, սպասուած արդիւնքը չիրականացաւ, գոնէ այն չափով՝ որ մասամբ իրականացնէր խաղաղութեան խոստումները: Օրինակի համար, ոսկիով հարուստ Պուրքինա Ֆասոն այժմ կը դասուի աշխարհի ամէնէն աղքատ եւ անապահով երկիրներուն շարքին: Դէպքերը այնպէս մը զարգացան, որ տեղւոյն իշխանութիւնները (ներքին վերիվայրումներէ ետք), պահանջեցին, որ Ֆրանսայի բանակները հեռանան իրենց հողերէն: Եւ ահա, ֆրանսական բանակները կը քաշուին, տեղի կ’ունենայ նաեւ դեսպաններու տունդարձ եւ այլն:

Ըսինք՝ դէպքերը այնպէս մը զարգացան որ…: Այդ «զարգացումներուն» մէկ գիծն ալ… ռուսական ազդեցութեան յաւելումն է Ափրիկայի արեւմտեան այդ գօտիին մէջ: Տեղացիք սկսած են գործակցիլ ռուսական ապահովութեան կազմակերպութիւններու հետ: Շրջանը Ուքրանիա չէ, բայց դժուար չէ ուրուագծային նմանակումներ գտնել: Այլ խօսքով, ֆրանսացի ԶԻՆԵԱԼ ուժեր եւ այլ դէտեր յաջողութեան չհասան իրենց առաքելութեան մէջ: Թէ ռուսերը ի՞նչ յաջողութիւն պիտի ունենան՝ այլ հարց:

***

            Ընթերցողս հիմա իրաւունք ունի հարցնելու: Մեզի ի՛նչ՝ Մալին ու Պուրքիան Ֆասոն: Մեզի ի՛նչ Ուքրանիան: Աւելի՛ն. մեզի հետ ի՞նչ կապ ունին Պայտընի մը (եւ այլոց) Ուքրանիա եւ Լեհաստան այցելութիւններն ու անկէ հնչող զինարշաւները: Մեզի ի՛նչ, թէ Փութին կ’առկախէ կորիզային զէնքերու մասին բանակցութիւնները, կը սաստկացնէ ռմբակոծումները, աւելի բարձրաձայն կը հնչեն Չինաստանի, Իրանի եւ այլոց հետ Մոսկուայի մերձեցման երգերը: Տակաւին, մեզի ի՛նչ, թէ Իրանի մէջ ինչպիսի «ապուրներ» կ’եփին…: Մենք հիմա կ’ուզենք (եւ արդարօրէն իրաւունք ունինք սպասելու) որ եւրոպացի կէս-զինեալ 100 դէտերուն առաքելութիւնը յաջողի, սուտ ելլեն բոլոր այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց՝ անոնց նպատակն է Հայաստանէն եւ Արցախէն ռուսական ուժերու հեռացումը, իրականանան այն ակնկալութիւնները, որ Հայաստան թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Արեւելքի աջակցութիւնը պիտի ունենայ ունենայ թուրք-ազերիական դաւերուն դէմ դնելու համար, մեզի հետ աշխարհն ալ պիտի տեսնէ, որ 2.5 տարիէ ի վեր ազերիներուն ձեռքը մնացող մեր գերիները պատանդ բռնուած են Ազրպէյճանի կողմէ, որ ահա նոր նախապայմաններ կը դնէ զանոնք ազատ արձակելու համար (մի՛ մեղադրէք նաեւ անոնք՝ որ կ’ըսեն, թէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը պիտի անցնի նախապայմաններէ զերծ ճամբաներէ):

Share