Արցախի զօրակցութեան հաւաք՝ Պոսթընի մէջ

Արցախի զօրակցութեան հաւաք՝ Պոսթընի մէջ

Հինգշաբթի, Փետրուար 16-ին, Մասաչուսէցի մայրաքաղաք` Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, նահանգային պալատի մուտքին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը, զօրակցելով Արցախի շրջափակուած քաջարի ժողովուրդին, որ 2020-ին դիմադրելէ ետք ռազմական յարձակումը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, այս անգամ զրկուած է սնունդէ, վառելանիւթէ եւ զանազան այլ անհրաժեշտութիւններէ:

Ցուցարարները պաստառներով եւ լոզունքներով կը պահանջէին, որպէսզի բացուի այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ փակուած Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հաւաքին, խօսք առին զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Share