Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջնորդութիւնը Որեւէ Իրական Քայլ Չի Պարունակեր»

Զախարովա. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջնորդութիւնը Որեւէ Իրական Քայլ Չի Պարունակեր»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողի խնդրանքով մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուան խափանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը:

«Եթէ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման ջանքերը խափանողներ կան, ապա անոնք ինքնին արեւմտեան երկիրներն են` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը պատմութեան աղբանոցը ուղարկուած է, երբ ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները նախորդ տարուան փետրուարին մտացածին պատրուակով դադրեցուցած են ռուս գործընկերոջ հետ համագործակցութիւնը: Այս է փաստը: Անոնցմէ նման գործողութիւններու հասկնալի բացատրութիւններ չեն ստացուած:

«Հաշուի առնելով այդ փաստը` Ռուսիան կեդրոնացած է եռակողմ ձեւաչափով Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին աջակցելու ուղղութեամբ` հիմնուելով բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն վրայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեան, ապա մենք չենք տեսներ, որ անիկա կը պարունակէ որոշ իրական քայլեր կամ ունի որեւէ յաւելեալ արժէք», ըսած է Զախարովա:

Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան` նշելով, որ Ռուսիան կը շարունակէ այս հարցին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերել իր գործընկերներուն:

«Վերջերս կայացած են օգտակար այցելութիւններ, հաղորդակցութիւններ, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ եղած է հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցով Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը: Թէ՛ հայկական, թէ՛ ազրպէյճանական կողմերը հաստատած են իրենք հետաքրքրուածութիւնը մեր երկրի միջնորդութեան հարցին նկատմամբ: Հաշուի առնելով խաղաղութեան համաձայնագիրի նիւթին զգայնութիւնը` պիտի չներկայացնեմ խորհրդատուութեան մանրամասնութիւնները, սակայն կրնամ անգամ մը եւս վերահաստատել մեր պատրաստակամութիւնը` Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու այս հարցին շուրջ հանդիպումը», ըսած է Զախարովա:

Ան յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրը, առանց չափազանցութեան, պատմական նշանակութեան փաստաթուղթ է: Ըստ անոր, ատով ճշդուած է երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու նոր որակը:

«Սահմանուած են բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները: Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի դաշնակցային յարաբերութիւնները կայունացնող գործօն են թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ միջազգային ասպարէզին մէջ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: Անոր փոխանցումով, Մոսկուան եւ Պաքուն կ՛աշխատին այդ փաստաթուղթի կէտերուն իրականացման վրայ:

«Հռչակագիրի ստորագրման միամեակին վերաբերեալ կը ծրագրուին շարք մը ձեռնարկներ», ըսած է Զախարովա:

Share