Նիկոլը, ՔՊ-ն, թուրքն ու ազերին նոյն են. միացէ՛ք ՀԵԴ-ի եւ Հայ երիտասարդութեան ազգանպաստ դիմադրութեան ծրագրին. կոչ Սփիւռքէն

Կարօ Մատէնլեան

Միացէք ՀԵԴ-ի եւ Հայ երիտասարդութեան ազգանպաստ դիմադրութեան ծրագրին! Նիկոլը, ՔՊ-ն, թուրքն ու ազերին նոյն են։ Բոլորս պէտք է միանանք որ նիկոլին թրքասէր ծրագիրը կեցնենք ինչպէս 90ական թուականներուն միասնաբար լեւոնի եւ լեւոնականներու ազգավնաս գործունէութիւնը եւ բաժնելու ծրագիրները կեցուցինք, կամ աւելի ուշ միասնաբար protocol-ները կանխեցինք։ 

Ոմանք կըսէն պէտք է միասնութիւնը ապահովել այսօր առանց մատնանշելու ազգային նպատակներ եւ մոռնալով որ անցեալին իրենք մասնակցած են նոյնանման ցոյցերու, այսինքն այդ տարիներուն կարելի էր իշխանութեան դէմ բողոքել բայց ոչ հիմա երբ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար գայլերու եւ զիջումներու կերթան? Ուրիշներ, իրենց մանր ու ժամանակաւոր հաշիւներով, կը փորձեն հարուածել Դաշնակցութեան, եւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, կոյրցած ՔՊ-ականներու նման կը նպաստէն նիկոլին ու իր թրքական ծրագրին: (յիշեցումի համար կարդացէք Ռոստոմի վնասակար տարրերը) 

Մի խաբուիք! 

Միացէք ազգային ազատագրական պայքարին, մասնակցեցէք ՀԵԴ-ի կազմակերպած ցոյցին, Արցախի եւ Սիւնիքի օգնեցէք գործով ոչ թէ միայն խօսքով, Հայրենիքին պաշտպանեցէք, հայ ժողովուրդի թշնամիներուն դէմ ելէք եւ իրենց պաշտօնական եւ անպաշտօն ներկայացուցիչներու բաժանարար քարոզիչներուն անտեսեցէք, ըլլան անոնք հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ… 

Միասնաբար համախմբուինք ազգային նպատակներու շուրջ եւ գործի լծուինք մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին համար, եւ ոչ թէ անհատական անձնական ծրագիրներու կամ նախասիրութիւններու համար։ 

Այսօրուայ հրամայականը Արցախի եւ Սիւնիքի պաշտպանութիւնն է որու յաջողութիւնը կը պարտադրէ ներկայ ազգադաւ իշխանութեան հեռացումը որ կարենանք շարունակել մեր պայքարը մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացումը։

Share