Տոքթ. Մայք եւ տիկ. Էվելինա Սարեան 50,000 կը նուիրեն վասն հալէպահայութեան կարիքներու բաւարարման

Տոքթ. Մայք եւ տիկ. Էվելինա Սարեան 50,000 կը նուիրեն վասն հալէպահայութեան կարիքներու բաւարարման

Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ին, Արեւմտեան Ամերիկայի ժողովրդանուէր բարերարներէն Տոքթ. Մայք Սարեան եւ իր Տիկինը Էվելինա, առ ի զօրակցութիւն երկրաշարժէն ցնցուած հալէպահայութեան անմիջական կարիքներու բաւարարման, յիսուն հազար տոլարի վճարագիր մը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, իրենց տան մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին։

Բարերար Սարեան զոյգը, մնայուն կերպով կը զօրակցի հայ ազգի զանազան ծրագիրներու իրագործման։

Յիշեցնենք, որ Յունուարին, Մայք Սարեան կատարեց ազնուական այլ նուիրատուութիւն մը Պրիւքսելի հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն:

Share