Եգիպտոսի Առաջարկած Այլընտրանքը

Եգիպտոսի Առաջարկած Այլընտրանքը

Զարմանալի կրնայ թուիլ նման միջամտութիւն մը, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, թէ Արեւմուտքը, յանձին Եւրոպական երկիրներու, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու, սկսած է հետզհետէ աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ կովկասեան բարձրաւանդակով, մինչեւ իսկ ռուս խաղաղապահ ուժերուն կողքին՝ միջազգային այլ խաղաղապահ դէտեր ուղղարկելով։

Զանազան մօտեցումներով եւ վերլուծումներով կարելի է դիտել Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ-Ֆաթթահ Սիսիի այցելութիւնը՝ Պաքու եւ Երեւան։ Ժամացոյցին սլաքները տասնամեակ մը ետ տանելով, պէտք է յիշենք, որ 2013-ին, ծայրայեղական Մորսիի իշխանութիւնը տապալած եւ երկրին ղեկը ստանձնած զօրավար Սիսի յաջորդ տարիներուն յարաբերութիւնները գրեթէ խզած էր Թուրքիոյ հետ, իսկ Եգիպտոսէն ներս «իսլամ» ծայրայեղականներու ետին, երբեմն տեսնուած էր Թուրքիոյ մատը։ Ուշագրաւ է, որ այդ տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը բազմիցս արծարծուած էր Գահիրէի մէջ. աւելին, տարիներ առաջ, Եգիպտոսի հովանին վայելող Լիպիոյ ընդդիմադիր ուժերը պաշտօնապէս յայտարարած էին, թէ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ Լիպիան երկիր մըն է, ուր նոյնիսկ հայկական նօսր գաղութ գոյութիւն չէ ունեցած, թէեւ որոշ շրջան մը, անհատ արհեստաւորներ եւ գործարարներ աշխատանք գտած են հոն:

Այսօր, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ սառոյցը բաւական հալած է եւ երկու երկիրները վերստին հաստատած են իրենց յարաբերութիւնները, այնքան մը, որ անցեալ Դեկտեմբերին, Մոնտիալի օրերուն, Քաթարի մէջ երկու երկիրներուն ղեկավարները դէմ առ դէմ տեսակցութիւն ունեցան ։

Յիշեալ իրադարձութիւնները ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ նախագահ Սիսիի առաջարկած՝ միջամտելու պատրաստակամութեան վրայ։

Տարբեր տրամաբանութեամբ կարելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, թէ ի՞նչ են դրդապատճառները Եգիպտոսի այս մօտեցումին։ Պէտք չէ անտեսել, որ հակառակ Անգարա-Գահիրէ ձիւնհալին, ընդհանրապէս անխախտ եւ միակամ կը մնայ Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա – Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ եռեակին գործակցութիւնը։ Եռեակ մը՝ որ տարածաշրջանին մէջ ըսելիք խօսք ունի կամ՝ ներկայութիւն ունի փաստելիք։

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ արաբական աշխարհի ղեկավարներէն է եղած Եգիպտոսը, որ երբեմն նոյնիսկ բուռն ճակատում ունեցած է արաբական աշխարհի այլ դրացի երկիրներու հետ, պահելու համար իր «առաջնորդ»-ի դերը։ Նոյնինքն Սիսի քաջատեղեակ է պատմութիւն կերտած եգիպտահայ գաղութին՝ քաղաքականութեան, տնտեսութեան, արուեստի եւ մշակոյթի կալուածներուն մէջ վիթխարի ներդրումով։

Թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Երեւանի հետ վերոյիշեալ եռեակին կապը կարելի է դիտել այն անկիւնէն, որ տնտեսական կապեր կան յատկապէս Ատրպէյճանի հետ, մինչդեռ Հայաստանի պարագային, Սէուտական Արաբիա մինչեւ օրս դիւանագիտական բարձր մակարդակ կապ չունի, իսկ Ա. Մ. Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս տնտեսական որոշ գործակցութիւն ունին։

Կովկասեան բարձրաւանդակ ժամանելով, Սիսի ոչ միայն անակնկալի բերած է Արեւմուտքը կամ նոյնիսկ ուքրայինական թնճուկով տարուած Ռուսիան, այլ նաեւ Պաքուի մօտիկ գործակից Թուրքիան, որ կրնայ այդքան ալ հանգստութեամբ չհետեւիլ իր երբեմնի հակառակորդին շարժումներուն։

Հանդիպումներուն առիթով տրուած պաշտօնական տեղեկութիւնները ուշագրաւ են. կարելի է որոշ գոհունակութեամբ դիտել Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ գործակցութեան դաշտերու բացման եւ ընդարձակման քայլերը: Սակայն վստահաբար դիւանագիտական ողջմիտ եւ առողջ գործելաձեւ մը՝ կրնար տարբեր կացութիւն ստեղծել: Առաջին տպաւորութիւնը, սակայն, այն էր, թէ Սիսի դժբախտաբար բարձր մակարդակի պատուիրակութեամբ մը չդիմաւորուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։ Հ․Հ․ փոխ վարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի պարտականութիւն տրուած էր դիմաւորելու Եգիպտոսի նախագահը, ապա՝ քայլերգներու ունկնդրութիւն եւ ժամանում պատուոյ հիւրասրահ․․․ Արդէն փրոթոքոլային թերացումը բացայայտ էր։

Բնականաբար պէտք է յուսալ, որ որեւէ երկրի, եւ ահա նաեւ Եգիպտոսի հետ կապերու խորացումը նպաստ բերէ Հայաստանին ու անոր դիմագրաւած հարցերուն լուծման: Սակայն նկատի ունենալով Պաքուի մէջ, Սիսիի այցելութեան առթիւ, բռնատէր Ալիեւի ծայրայեղական հաստատումները, ապա Երեւանի ղեկավարներուն կողմէ առաւելաբար տնտեսական ու մշակութային գործակցութեան հետամտութիւն ցուցաբերող յայտարարութիւնները, ի յայտ կու գայ թէ գէթ ներկայիս, Սիսիի միջամտութեան առաջարկը կը մնայ այլընտրանքային ուղի մը, դիւանագիտական արխիւներու դարակին մէջ պահ դրուած։

Հայաստան-Եգիպտոս գիծէն անդին՝ անտեսելի չեն այլ գիծեր, որոնցմէ՝ օրինակի համար, Արեւմուտքին հետ Եգիպտոսի սերտ կապերը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հակադրութիւնը իբրեւ չէզոք դիտելու հիւր նախագահին կեցուածքը, եւ ան նախագահն է այն երկրին, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հասնելու համար, յաջողեցաւ պատերազմներուն իր կորսնցուցած հսկայական տարածքները վերաշահիլ: Անտեսելի չէ նաեւ այն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղարար միջնորդի իր դերը կ’ուզէ վերստին լուսարձակի տակ բերել Վրաստանը…: Եւ անշուշտ, կրկնելու գնով նշենք, որ խաղաղարար որեւէ ԱՆԱՉԱՌ միջամտութիւն կրնայ օգտակար ըլլալ մեր հայրենիքին:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Share