Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըր անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելու խնդիրին` կոչ ուղղելով բանալու միջանցքը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Փաուըր այս նիւթին անդրադարձած է «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կատարած գրառումով:
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչը նկատած է, որ «արդէն աւելի քան մէկ ամիս է, որ փակուած են Լաչինի միջանցքով փոխադրումները:
«Իւրաքանչիւր օր, որ առեւտրական հոսքերը եւ մարդասիրական օգնութիւնները չեն կրնար մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ, կը մեծնայ մարդասիրական ճգնաժամի հաւանականութիւնը: Միջանցքով ազատ տեղաշարժը պէտք է վերականգնուի», ընդգծած է Սամանթա Փաուըր: