Ազրպէյճանական կողմը միտումնաւոր կաթուածահար կ՛ընէ կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու աշխատանքը` օգտուելով այն հանգամանքէն, որ դէպի Արցախ եկող ենթակառուցուածքները կ՛անցնին ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ հաւաքագրուած փաստերու` յունուարի 12-ին` ժամը 15:30-ի սահմաններուն մէջ, ազրպէյճանական կողմը Շուշիի հատուածին մէջ (շրջափակման վայր) դիտաւորեալ կտրած է Հայաստանի Հանրապետութենէն դէպի Արցախ եկող հաղորդակցութեան լարերը` Արցախի ամբողջ տարածքին խաթարելով հեռահաղորդակցութեան եւ հաստատուն համացանցի հասանելիութիւնը:
Օգտուելով այն հանգամանքէն, որ դէպի Արցախ եկող ենթակառուցուածքները կ՛անցնին ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն, ազրպէյճանական կողմը միտումնաւոր կաթուածահար կ՛ընէ կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու աշխատանքը, որուն վառ ապացոյցն են կազամատակարարման խաթարումները (2022 մարտ, 2022 դեկտեմբեր), ելեկտրական բարձր լարերու վերանորոգումը 9 յունուարէն խոչընդոտելը, Արցախի տարածքին համացանցի եւ բջիջային կապի պարբերական խաթարումները:
Արցախի ամբողջական շրջափակման պայմաններուն մէջ ենթակառուցուածքային ահաբեկման այս մեթոտը նպատակ կը հետապնդէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը ենթարկել յաւելեալ տառապանքներու եւ մարդկային անտանելի պայմաններ ստեղծել Արցախի մէջ:
Ազրպէյճանի վարքագիծը անարգանք է մարդու իրաւունքներու օրակարգի, մարդասիրական արժէքներու եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ: Պետութիւններն ու միջազգային կառոյցները եւ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան պարտաւոր են վերջ դնել ազրպէյճանական յանցաւոր ամենաթողութեան ու անպատժելիութեան», գրած է ան: