ԵԱՀԿ Համանախագահը Լաչինի խնդրով պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու

ԵԱՀԿ Համանախագահը Լաչինի խնդրով պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահ, Հիւսիսային Մագետոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին ուշադրութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներու վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան առօրեայ կեանքի վրայ միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի ազդեցութեամբ։ Օսմանին կողմերուն կոչ ըրած է թուլացնելու լարուածութիւնը եւ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն սկսելու:

Օսմանին նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման քայլերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմի մաս, առանցքային տարրեր են առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար, որոնց «գետնի վրայ»  կը բախին մարդիկ։

Այս ծիրէն ներս ԵԱՀԿ գործող նախագահը վերահաստատած է լարուածութիւնը թուլացնելու եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն մէջ անձնապէս ներգրաւուելու պատրաստակամութիւնը։ Ան նաեւ յայտնած է, որ պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։

Share