Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ դիտարկում եւ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն կ՛իրականացուի:
Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով ինքնաշարժներու փոխադրութեան անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ:
«Պարեկութիւն իրականացուած է Մարտակերտի, Մարտունի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ` երեք երթուղիներով:
Ռուսիոյ խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հաւանական միջադէպերը կանխելու նպատակով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւններուն հետ շարունակական փոխադարձ գործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: