Ս. Մահսէրէճեան
1 Յունուար 2023
Յունուարի առաջին օրն է. շատերու պէս, ես ալ հեռաձայնով կապի մէջ կը մտնեմ հարազատներու, ընկերներու եւ բարեկամներու հետ, առողջութեան, խաղաղութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ բաշխելու համար (նաեւ… ստանալու ակնկալութեամբ): Զրուցակիցներէս մէկ քանին կ’ապրին Երեւան, Պէյրութ, այլ քաղաքներ, կամ քաղաքակից են ինծի:
Բնականաբար Հայաստանի եւ Լիբանանի տաժանելի, վտանգալից վիճակները մեր զրոյցներուն գլխաւոր առանցքներէն են, նաեւ՝ այլ հարցեր. Ուքրանիա, ապրուստի տագնապներ-սղութիւն եւ մասամբ նորին: Երբ մաղթանքներու փոխանակման զրոյցներու շարքը տեղ մը կը հասնի, յանկարծ կանգ կ’առնեմ, որովհետեւ կ’անդրադառնամ, որ իրերանման վիճակներ ապրող հարազատներս, առանց իրարմէ լուր ունենալու, գրեթէ նոյն բառերով ախտաճանաչումներ ըրած են: Արձանագրեմ մէկ քանին (բառացի չեն, այլ ըսուածներուն սեղմ պատկերը, միտումնաւոր քաղուածքներ): Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողիս:
ԵՐԵՒԱՆԷՆ. Արցախը ամբողջական պաշարումը արդէն մօտաւորապէս 20 օրուան պատմութիւն ունի: Խայտառակութիւններու ամբողջ խառնարան մը: Շատեր մտահոգ են, սակայն եթէ 31 Դեկտեմբերի գիշերը Երեւան ըլլայիր, պիտի տեսնէիր, թէ ինչպիսի՜ հրավառութիւն տեղի ունեցաւ, մարդիկ ինչպէ՜ս խճողած էին ճաշարան-զբօսավարերը, քէֆ կ’ընէին՝ անտեսելով դառն իրականութիւնները (խօսակիցս չի յիշեր, թէ Արցախի պաշարումը սեղմուեցաւ Երեւանի մէջ կայացած Եւրոտեսիլի փառաւոր մրցոյթէն անմիջապէս ետք, նոր ապացոյց մը բերելով, որ մեր իշխանութեան այրերը որքա՜ն մտահոգ էին հայրենիքի անմիջական կարիքներով, մինչդեռ անդին, թշնամին նոր սադրանքներ կը պատրաստէր անծածկոյթ): Հակառակ ապրուստի սղութեան ալիքին բարձրացման, մարդիկ շուկաներն էին ըստ հայու աւանդութեան, գնումներուն մեծ մասը կ’իրականանար… պարտքով: Ցնծութիւն կ’արտայայտէին պետական այրերու տրամադրութիւնները, իսկ իշխանաւորները կը հաւաստէին, թէ երկիրը դէպի բարելաւում կը վազէ, տնտեսութիւնը կը զարգանայ, ամէն բան լաւ է ու վաղն ալ շատ աւելի լաւ օրեր պիտի գան: Վայելք ապրողները պետական մարդիկն են ու անոնց անմիջական շրջապատը, այսինքն՝ ժողովուրդին մէկ փոքր մասնիկը, իսկ զանգուածին կոկորդը, Արցախի կոկորդին նման, կը սեղմուի ապահովութեան եւ ապրուստի տագնապներուն զոյգ ձեռքերով:
ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ. Սղութիւնը տանելիի սահմաններէն շատ անդին անցած է շատոնց, տագնապի մատնուած է ժողովուրդին մեծ մասը: Այս տարի, եթէ փողոցներէն անցնիս, պիտի չտեսնես սովորական լուսաւորութիւնները, որոնք «քաղաքացիական պատերազմ»ի ամէնէն ծանր փուլերուն իսկ որոշ թեթեւութիւն մը կը բերէին ռումբերէն հալածական մարդոց: Մարդիկ սիրտ չունին փողոց կամ տուն զարդարելու, օրապահիկն ու տարրական կարիքները վերածուած են անմատչելի հորիզոնի. որքան արագ վազես դէպի հորիզոնի գիծը, անիկա այնքան արագ կը հեռանայ, կը խուսափի քեզմէ: Միւս կողմէ, սակայն, ճամբաներն ու ճաշարան-զբօսավայրեր բերնէ բերան լեցուն են, մեծ մասամբ՝ դուրսէն եկողներով կամ «մենաշնորհեալներով»: 31 Դեկտեմբերի գիշերը, չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն կրակեցին, իսկ եթէ հաշուի առնես, որ իւրաքանչիւր փամփուշտ գոնէ մէկ տոլար կ’արժէ…: Կան փոքր խմբակ մը եւ հսկայ զանգուած մը, որոնք իրարու անհաղորդ են, փոքրամասնութիւնը կ’ապրի այնպէս մը, որ կարծես թէ երկիրը տագնապի մէջ չէ:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԷ ՄԸ. Երկու օրէ ի վեր ցուրտը քիչ մը մեղմացած է: Չէ մեղմացած ապրուստի սղութեան ալիքը: Վառելանիւթ, սննդանիւթեր եւ այլ անմիջական կարիքներ կը վաճարուին անհամեմատաբար բարձր սակերով: Ուքրանիոյ պատերազմին գինը կը վճարէ եւրոպացի ժողովուրդը, որուն բողոքի ձայները բաւարար արձագանգ չեն գտներ զանգուածային լրատու աղբիւրներէ: Իշխանաւորներ Ուքրանիան զինելու մրցավազքին նոր թափ կու տան, իսկ Ուքրանիոյ քանդումը կը շարունակուի ռուսական հրթիռներով: (Նկատել կու տամ, որ Ուքրանիոյ պատերազմին հաշուեցոյցը կը ճնշէ նաեւ աշխարհի բոլոր երկիրներու ժողովուրդին քսակներուն վրայ, իսկ անդին, կարագով մեղր քսուած է վառելանիւթի, զէնքի եւ այլ «շահաբեր ապրանքներ» վաճառողներու հացին: Խօսակիցս համամիտ է):
Եթէ նման զրոյցներ ունենայի Հալէպ կամ այլ «նահատակ քաղաքներ» բնակողներու հետ, չեմ կարծեր որ պատկերը տարբեր պիտի ըլլար, այլ նոր փաստեր պիտի ունենայի, թէ կ’ապրինք անհաղորդներու դարաշրջան մը
***
Կը փորձեմ արագ եզրակացութիւններու հասնիլ. աշխարհը, գոնէ հզօր երկիրներու ղեկերը կը գտնուին տխմար խամաճիկներու ձեռքին, փոքրամասնութիւն մը՝ որ անհաղորդ է զանգուածներու տարրական իրաւունքներուն, ակնկալիքներուն: Այդ խամաճիկները կը խօսին, գործել կը ձեւացնեն՝ համաձայն զիրենք այդ ղեկերուն հասցնողներու կամքին, շահերուն-հաշիւներուն: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պէս ոճրագործ իշխանութիւններ անտես կ’անցնին, աւելի՛ն, ուղղակի եւ անուղղակի քաջալերանք ալ կը գտնեն, ապացուցելով, թէ խամաճիկները միատեսակ չեն: «Տխմար-խամաճիկներու դարաշրջան»ը նոյն տրամաբանութեամբ վարակած է համեմատաբար փոքր ու տկար որակուած երկիրներու ղեկավարները, որոնք կամովին կամ ակամայ կը պարեն ըստ հնչող եղանակներուն (անգլիախօսը պիտի ըսէր. Dance to the music!): Զանգուածն ալ վարակուած է այլ ախտէ մը, որուն կարելի է տալ անտարբերութիւն, կրաւորականութիւն եւ անկարողութիւն անունները: Կ’ապրինք ուսեալ-զարգացածներու դարաշրջանը՝ իրարու անհաղորդ խմբակներու դարաշրջանը:
…Եւ ահա, այս պայմաններուն մէջ է որ սկսած ենք հինցնել նոր տարի մը եւս, առանց մոռնալու կամ արհամարհելու «Փանտորայի տուփ»ին յատակը մնացած ՅՈՅՍԸ: