Տեսակէտ. Դիմադրականութեան Եւ Կառուցողական Գործակցութեան Հաւասարակշռութիւնը, Այլընտրանքը Եւ Օրուան Հրամայականը

Մաս Ա.- Ժահրին Դէմ Յարատեւ Պայքարի Գործակցութիւնը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման վերջին փոխցեխարձակումներու մթնոլորտին ականատես ըլլալէ ետք, առիթ ունեցայ վերագնահատելու ընդդիմութեան քաղաքական վարքագիծի այլընտրանքները: Կատարելապէս համոզուած եմ, որ հայ քաղաքական միտքը այսօր պէտք ունի նոր մտայնութեան մը, որ խորապէս հիմնուած է մեր պետականութեան շահերուն վրայ: Ուստի պարտականութիւն զգացի քանի մը միտքեր արծարծել:

Խորհրդարանական ժողովրդավարութեան բնական պայմաններուն մէջ ընդդիմութեան մը հիմնական դերը հարցականի տակ դնել եւ պատասխանատուութեանց ենթարկել է օրուան կառավարութեան փորձածը, սակայն յետպատերազմական-համաճարակային օրերը բնական օրեր չեն Հայաստանի համար:

Հակառակ զանազան «կառուցողական կոչերու»` Ազգային ժողովի առաջին շրջանի նիստերը կարծես թէժ մթնոլորտի մէջ ընթացան, առանց արծարծելու մեզ յուզող էական նիւթեր: Քաղաքական զուտ առճակատման ուղիէն զատ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ կան այլընտրանքային օրակարգային կէտեր, ուր թէ՛ իշխանութիւնն ու թէ՛ ընդդիմութիւնը կրնան գործակցիլ երկիրը յուզող շարք մը էական հարցերու շուրջ: Սա չի նշանակեր, որ կողմերը իրենց քաղաքական վարքագիծերէն պէտք է զիջին, բայց ոչ ալ կը նշանակէ, որ մեր այս ճակատագրական պահուն հայ քաղաքական միտքին արտօնուած է թատերական անհեթեթութեամբ պղտորել վիճակը:

Այս եւ յաջորդող յօդուածներով պիտի փորձեմ էական օրակարգերու (ուր գործակցութեան կարելիութիւններ կան) մասին մտքեր արծարծել:

Կը սկսիմ այժմէական «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուած շարունակուող պայքարի նիւթէն: «Քորոնա»-ի չորրորդ ալիքը արդէն աշխարհի չորս կողմը կը տարածուի: Այսօր, բացի Հայաստանի անվտանգութեան մարտահրաւէրէն, մեր ժամանակակից արդիական բարոյական, քաղաքական, տնտեսական եւ ազգային հիմնական խնդիրը հանրային առողջապահութիւնն ու աղքատութիւնը կարելի է սեպել:

2020-ին զարգացող աշխարհի երկիրներու (ներառեալ` Հայաստանի) արտադրութիւնը լուրջ նուազած էր: 2021-ի սպասուած տնտեսական շրջադարձի յոյսերը կարծես արդէն կը հատին ժահրի «Տելթա» տարբերակի տարածման եւ հարուստ երկիրներէն դուրս պատուաստումներու դանդաղ ընթացքի պատճառով: Զարգացող աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին հաւանաբար չպատուաստուի մինչեւ այս տարուան վերջը: Այս երկիրներու շարքին կարելի է սեպել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքի քաղաքական պլոքի ընդդիմութեան մէջ գործող ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ըլլալով ընկերվարական-գաղափարական կուսակցութիւն մը, այսօր ստիպուած է Հայաստանի առողջապահական վատ իրականութեան մէջ աշխատող դասակարգի տնտեսական շահերուն  ձեւով մը նեցուկ կանգնիլ` միաժամանակ երկրի «անվտանգութեանց» ակնոցով դիտելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ընթացքը:

Համաճարակի սկիզբէն մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա»-ով վարակման 230.110 պարագայ եւ 4614 մահուան դէպքեր:

Օրին գրած էի Հայաստանի իշխանութեանց «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուող ձախող մարտավարութեան մասին:

Այսօր ՀՅ Դաշնակցութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները կառուցողական կարելիութիւններ ունին նախաձեռնելու «Քորոնա»-ի վերաբերող քաղաքականութեան մը եւ հանրայնացնելու զայն: Աւելի՛ն. այս քաղաքականութիւնը թէ՛տնտեսական եւ թէ՛ ռազմա-քաղաքական ուղղութիւններ կ’ընդգրկէ իր մէջ:

Շատ մը երկիրներու մէջ ընդդիմութիւններ կը կոչուին «սպասող կառավարութիւն», եւ ընտրազանգուածը ուշադրութեամբ կը հետեւի անոնց, մանաւանդ երբ կը մասնակցին յանձնաժողովներու եւ կամ որոշ յանձնաժողովներ կը նախագահեն:

«Քորոնա»-ն ո՞ւմ շունն ա» տրամաբանութեամբ կառավարող իշխանական մտայնութեան դիմաց «արմատական ընդդիմութեան» որակաւոր հակահամաճարակային կառուցողական լուրջ փաթեթ մը երկրին համար խիստ օգտակար քաղաքականութիւն մը կրնայ ներկայացնել այս ճգնաժամային օրերուն: Հետեւեալ սկզբնական միտքերը կարելի է հիմք գործածել սոյն քաղաքականութեանց համար:

Պատուաստումներ եւ քաղաքացիական պատուաստման քաղաքականութիւն

Մինչ աշխարհի մեծ մասը ապարդիւն կը սպասէ «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթերուն, Հայաստանի մէջ անոնք հասանելի են բոլոր անոնց, որոնք կը ներկայանան պատուաստման կեդրոններ (ներառեալ` իրանցի զբօսաշրջիկները):

Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը, սակայն, չի ներկայանար պատուաստ ստանալու: Այսօր Հայաստանի 153 հազար պատուաստուածները չնչին թիւ կը ներկայացնեն` համեմատած Ազրպէյճանի 4,97 միլիոն պատուաստուած քաղաքացիներուն: Ճիշդ հոս է, որ «արմատական ընդդիմութեան» դէմ կը յայտնուի ոսկի առիթ մը` կառուցողական գործակցութեան մը նախաձեռնելու:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցայսօր ստացած է չինական «Քորոնա վաք», բրիտանական-շուէտական «Ասթրա Զենիքա» եւ ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստները:  Յառաջիկայ ամիսներուն կարելիութիւններ կան այս ցանկը ընդլայնելու եւ բնակչութեան պատուաստման առաջին դեղաչափերը հասցնելու: Նկատի ունենալով նաեւ, որ ժահրը մարդկութեան ճակատագիրին մաս պիտի կազմէ երկար ատեն, որոշ երկիրներ, ինչպէս` Գերմանիան, Իսրայէլն ու Ռուսիան, արդէն կը պատրաստուին ելեկտրամղիչ դեղաչափեր (booster dose) հասցնելու իրենց տարեց բնակչութեան:

Հայաստանի նման երկրի մը համար կանխարգիլումը, նոյն ժամանակ սպասելով գիտութեան վստահելի տուեալներու կուտակման, յառաջիկայ ամիսներուն հանրային առողջապահութեան ռազմավարութեան համար իմաստուն քայլ մը կրնայ ըլլալ:

Ժամանակն է, որ հանրային առողջապահական քաղաքականութիւն մը  մշակուի աղքատ եւ գիւղաբնակներու համար` յաւելեալ հասանելիութեան նպատակով: Հարկ է մասնաւորապէս կեդրոնանալ անուս մարդոց տեղեկատուութեան տարածումին վրայ:

Միջազգային փորձը այսօր նաեւ ցոյց կու տայ, որ միջոցառումներու այլընտրանքները, ներառեալ` խրախուսիչ քաղաքականութիւնը կամ խիստ օրէնքները, կրնան ազդել քաղաքացիներուն վրայ եւ բարձրացնել Հայաստանի մէջ պատուաստումներու մակարդակը:

Սփիւռքի մարդուժի օգտագործումը

«Արմատական ընդդիմութիւն» խոստացած «Հայաստան» դաշինքին մէջ գործող ՀՅ Դաշնակցութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները նաեւ պատեհութիւնը ունին օգտուելու հայկական սփիւռքի մարդկային հնարքներէն` ՀՅԴ-ի համահայկական կազմակերպութեան միջոցով:

Հոս յօդուածագիրը համեստ յիշեցում մը կ՛ուզէ կատարել, որ մասամբ ՀՅ Դաշնակցութեան համազգային ցանցի ջանքերով (թէեւ` յօդուածագիրի անձնական նախաձեռնութեամբ), 90-ական թուականներու վերջը կարելի եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պատուաստման ծրագիրը արդիականացնել աւելի քան հինգ տարիներու աշխատանքով` նոր պատուաստանիւթեր ներառելով` սփիւռքեան մարդկային եւ նիւթական օժանդակութեամբ:

Հայութեան 21-րդ դարու կարելիութիւնները ա՛լ աւելի հզօր են այսօր` բժիշկներ Նուպար Աֆէեաններու, Յարութիւն Արմէնեաններու եւ հազարաւոր համազգային, բժշկական եւ մարդկային հնարքներու առկայութեամբ: Երէց ընկերոջս` Կարօ Արմէնեանի խօսքերով, այս գործադաշտին մէջ «Ոչի՛նչ, բացարձակապէս ոչի՛նչ կը գտնուի մեր կարելիութեան սահմաններէն դուրս»:

Լրատուամիջոցներ եւ մամուլ

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կրնայ նաեւ օգտագործել լրատուամիջոցները` նոր տեսակէտներ մեկնաբանելու եւ զանոնք ներկայացնելու հանրութեան:

Հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ «Քորոնա»-ի «Տելթա» տարբերակին վերաբերեալ լուսաբանումները մակերեսային են ընդհանրապէս: Կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ մարդիկը խրախուսելու վրայ, որպէսզի անտեղեակ քաղաքացին պատուաստանիւթերու ընդունակ դառնայ: Քաղաքական եւ հասարակական գործիչները պէտք է ամէն ճիգ թափեն` հանրութիւնը համոզելու, որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ վաւերացուած պատուաստումները անվտանգ են եւ պիտանի:

«Քորոնա»-ի «Տելթա» տարբերակը միջազգային սպառնալիք մըն է, որ հաստատուած է ամբողջ աշխարհի գիտնականներու եւ հանրային առողջապահութեան փորձագէտներու կողմէ: Ան յայտնուեցաւ առաջին անգամ Հնդկաստանի մէջ, 2020 թուականի աշնան եւ մինչեւ 2021 թուականի յուլիսը արդէն տարածուած էր առնուազն 104 երկիրներու մէջ, ներառեալ` Հայաստանի:

Հոս «անձնական ազատութեան» բանավէճը երկրորդական կարգի պէտք է անցնի: Դժբախտաբար Հայաստանը «գրեթէ այնտեղ չէ», երբ խօսքը կը վերաբերի համաճարակի աւարտին:

Անցնինք յառաջ:

Այս պայմաններուն մէջ «Քորոնա»-ն ո՞ւմ շունն ա» եւ «ժեխ ու զոմպի ժողովուրդի» քաղաքական բառապաշարէն անդին պէտք է անցնիլ:

Յետպատերազմեան-համաճարակային շրջանը առիթ է «արմատական ընդդիմութիւն» խոստացող պլոքին, եւ հայ քաղաքական մտքին` ընդհանրապէս, արդիականացնելու հայկական ազգային անվտանգութեան մօտեցումը, երկիրը վտանգող արտաքին (բայց անտեսանելի) թշնամիին դէմ թէժ պայքարը ընդլայնելով:

Այս ընթացքը կրնայ թէ՛ ընդդիմութեան եւ թէ՛ իշխանութեան առիթ ընծայել Ազգային ժողովին մէջ կառուցողական համագործակցական աշխատանք մը տանելու:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուած շարունակուող պայքարի նիւթով պէտք է աչալուրջ ըլլալ այսօրուան ազգային անվտանգութեան անմիջական սպառնալիքներու միջավայրին մէջ` առաջնութիւն տալով պետական շահին:

Անպատասխանատուութիւն պիտի ըլլայ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան կողմէ արհամարհել 5000-ի մօտ, ու տակաւին շարունակուող, ժահրի զոհերը եւ դասեր պիտի չքաղուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհի երկիրներու փորձէն:

Նոյնքան ամօթալի պիտի ըլլայ օրինագիր Ազգային ժողովին մէջ առճակատուող անդամներուն պետութեան շահերու շուրջ չհամագործակցիլը: Անոնք պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց քաղաքական ուղղուածութիւնները:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուած շարունակուող պայքարը մեր պետական անվտանգային համակարգի օրակարգի էական նիւթերէն մէկը պէտք է ըլլայ:

Մեր «հայրենասիրութիւնը» միայն հինցած ներքին հռետորաբանութեամբ չդրսեւորենք մարտահրաւէրներով լի յառաջիկայ տարիներուն: Հայաստանի եւ հայութեան զարգացումն ու վերելքը անյետաձգելի են: Ընդդիմադիր պլոքին մէջ միակ ընկերվարական քաղաքական ուժը այսօր հանրութեան ընկերատնտեսական խնդիրներն ու երկրի հեռակայ նպատակները հարկ է որ ներառէ իր քաղաքական վարքագիծին մէջ: Ամբողջական հայութեան պետականութեան շահը կառուցողական գործակցութիւն նաեւ կը պահանջէ:

Յօդուածս կ’աւարտեմ սերունդիս մարտունակութեան դաստիարակ, անկորնչելի յուշարար ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերով.

«Այն կուսակցութիւնը, որ յօժար չէ ամէ՛ն բանի գնով պաշտպանել իր հայրենիքի եւ իր ժողովուրդի գերագոյն շահերն ու արժէքները, չի՛ կրնար երբեք հաւատարմօրէն ու լիակատար կերպով ծառայել իր կոչումին եւ իր առաքելութեան»:

Մնանք պինդ եւ անցնինք սրբազան ԳՈՐԾԻ:

Share