Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն պիտի չի բաւարարուի Արցախի հայաթափմամբ

Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն պիտի չի բաւարարուի Արցախի հայաթափմամբ

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամը յայտարարութիւն տարածած է ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի փակման վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի․

«2022 թ. Դեկտեմբեր 12-էն ազրպէյճանը շրջափակած է Արցախի Հանրապետութիւնը աշխարհին կապող միակ ճանապարհը: Հակառակ ազրպէյճանի բերած տարատեսակ պատրուակներուն՝ վերջինիս ռազմավարական նպատակը մէկն է՝ հարկադրել Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան լքել իր պատմական հայրենիքը: ազրպէյճանը այս հարցով կ՝առաջնորդուի Արցախը աստիճանաբար Նախիջեւանի վերածելու ծրագիրով՝ չկան հայեր, չկան խնդիրներ: Միեւնոյն ժամանակ ազրպէյճանը ակնյայտօրէն պիտի չի բաւարարուի Արցախի հայաթափումով: 2020թ. արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք՝ ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ըրած հրապարակային յայտարարութիւնները յստակօրէն կը վկայեն Հայաստանի Հանրապետութեան, ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանի հանդէպ առկայ տարածքային յաւակնութիւններուն մասին:

ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ոգեւորուած է աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներով պայմանաւորուած ազրպէյճանի նշանակութեան աճով, ինչպէս՝ ազրպէյճանական, եւ ազրպէյճանի տարածքով թուրքմենական կազի միջազգային շուկաներ արտահանման աճող հնարաւորութիւններով: Հաւանաբար պաքուի մէջ կը կարծեն, որ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական շահերը պիտի ստիպեն աչք փակել Արցախի հայութեան հանդէպ ցեղասպանական գործողութիւններու իրականացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ նոր յարձակման սանձազերծման վրայ:

Սակայն, վերջին աւելի քան հարիւր տարիներուն փորձը, միանշանակ, կը վկայէ մէկ բանի մասին. ցեղասպանութիւն եւ ցեղասպանական գործողութիւններ իրականացնողները կրած են իրենց արժանի պատիժը: Մենք վստահ ենք, որ ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւս պատասխան պիտի տայ հայ ազգի հանդէպ արդէն իրականացուած եւ ներկայիս ծրագրաւորուող ոճրագործութիւններուն համար, իսկ Արցախի Հանրապետութեան հայութիւնը, հակառակ առկայ անասելի դժուարութիւններուն, պիտի շարունակէ ապրիլ եւ արարել իր պատմական հայրենիքին մէջ»:

Share