«Հայրենիք»ի յատուկ հարցազրոյցը գիրքի թարգմանիչ Պետօ Տէմիրճեանի հետ
Թարգմանութեան մղումը եղաւ այն որ պատմութիւնը փորձեմ ճիշդ պարունակի մէջ դնել եւ Թէհլիրեանի բերնով արտասանուած բանաւոր խօսքը անգլերէնով թուղթին յանձնել
-Վերջերս լոյս տեսած է Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւններու անգլերէն թարգմանութիւնը։ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւններու անգլերէն գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձնած է Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը` Արա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ:
Այս առիթով, «Հայրենիք» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ գիրքի թարգմանիչ Պետօ Տէմիրճեանի հետ։
Հ.- Առաջին անգամն է, որ թարգմանութիւն մը կը կատարէք։ Ի՞նչը մղեց ձեզի այս գիրքը թարգմանելու։ Արդեօք կա՞ր այս գիրքը անգլերէնով հրատարակելու տեսլականը, թէ՞ հետաքրքրութիւն մըն էր ու սկսաք թարգմանել։
Պ.- Ճիշդ այդպէս. հետաքրքրութիւն մըն էր եւ սկսայ թարգմանել։ Անշուշտ չէի մտածած, որ ո՞վ պիտի հրատարակէ այս գիրքը։ Մղումը կար, փափաքը կար, հետաքրքրութիւնը բնականաբար կար, որովհետեւ նման նիւթերու շուրջ հետաքրքրութիւնը միշտ եղած է։ Այսինքն՝ հետաքրքրութիւնս կ’երթայ պատմական նիւթերու եւ հայոց պատմութեան զանազան դրուագներու, եւ Նեմեսիս գործողութեան, աւելի ճիշդ ըլլալու համար՝ «Յատուկ գործ»-ի դրուագները մի՛շտ հետաքրքրած են զիս։
Քանի մը ելոյթի ընթացքին անդրադարձած եմ այս երեւոյթին։ Նեմեսիսը նիւթ մըն է, որ չարաշահումի ենթարկուած է, իր պարունակէն դուրս բերուած է եւ անճիշդ կերպով տարածուած։
Օրինակի համար այն, որ Նեմեսիսը պատահական գործողութիւն մըն էր, Թէհլիրեանը պատահական անհատ մըն էր, որ ատրճանակը ձեռքին Պերլինի փողոցներէն մէկուն մէջ տեսաւ Թալէաթը։ Այս չարաշահումը կատարուած է թէ՛ հայկական առումով եւ թէ՛ թշնամիներուն կողմէ չարաշահումի ենթարկուած է։ Այս բոլորը նկատի ունենալով եւ կարդացած ըլլալով Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւնները, որ հրատարակուած է 1953-ին, որոշեցի զայն թարգմանել։
Շատ հարցումներ կը տրուին ինծի, թէ այս գիրքը ո՞ւր եւ ի՞նչպէս գտած եմ։ Պատասխանը յստակ է, գիրքը ձեռքս անցած է գրադարանէն։
1953 թուականին, Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը, որ կը բաղկանար Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ Սիմոն Վրացեանէ, Վահան Նաւասարդեանէ եւ Գաբրիէլ Լազեանէ, ստանձնած են այս գիրքին խմբագրութիւնը։ Թարգմանութեան մղումը եղաւ այն որ պատմութիւնը փորձեմ ճիշդ պարունակի մէջ դնել եւ Սողոմոն Թէհլիրեանի բերնով արտասանուած բանաւոր խօսքը անգլերէնով թուղթին յանձնել։
Այս բոլորը կը նշեմ ըսելու համար, որ 1953-ին հրատարակուած Թէհլիրեանի յուշագրութիւնները գրի առնուած են Պելկրատի մէջ, Վահան Մինախորեանի կողմէ, երբ անոնք երկուքը կը բնակէին այդ օրերու Եուկոսլաւիան։
Սողոմոն Թէհլիրեան իր յուշերը պատմած է Վահան Մինախորեանին, որ իր կարգին գրի առած է զանոնք։ Այսինքն կարելի է ըսել, որ այս թարգմանութեան նպատակն է Թէհլիրեանի կողմէ պատմուած յուշագրութիւններուն հարազատութիւնը պահել եւ նախանձախնդիր ըլլալ զանոնք ճիշդ կերպով հասցնելու։
Այս պատմութիւնը իսկապէս հերոսական պատմութիւն մըն է եւ համոզուած եմ, որ անիկա աւելի լայն շրջանակներու պէտք է հասնի եւ ճիշդ ձեւով պատմուի։
Թարգմանութեան ընթացքին պարզուեցաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի անցած լայն ու հարուստ ուղին, որուն ընթացքին արձանագրուած են դէպքեր ու դերակատարութիւն ունեցած են դէմքեր, հետեւաբար մտածեցի ծանօթագրութիւններ զետեղելու մասին եւ այդպէս ալ կատարեցի։ Այսինքն՝ նախաձեռնեցի նաեւ ծանօթագրութիւններու, որպէսզի պատմութիւնը չիմացողին համար աւելի դիւրին ըլլայ դէպքերու, վայրերու եւ դէմքերու մասին իմանալ։ Սակայն նկատի ունենալով, որ ներառուած ծանօթագրութիւնները իրապէս մեծ թիւով էին, հրատարակութեան ընթացքին յարմար նկատուեցաւ նուազեցնել զանոնք, որպէսզի նաեւ ընթերցանութիւնը հեզասահ ըլլայ։
Աւելի՛ն. նկատի ունենալով, որ Սողոմոն Թէհլիրեան Կովկասի, Պարսկաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ շրջած է եւ շատ քաղաքներ այցելած, ապա անոր անցած ուղին նաեւ կարելի եղաւ պատրաստել եւ հրատարակութեան մէջ տեղադրել իբրեւ քարտէսներ, շնորհհիւ Կոմիտաս հիմնարկի։
Այս ամբողջը կատարուեցաւ, որպէսզի հայ եւ ոչ հայ ընթերցողը կարենայ լաւապէս ընկալել ամբողջ պատմութիւնը։
Հ.- Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնով հրատարակելու աշխատանքը ո՞վ ստանձնեց, եւ ի՞նչ կարելի է ըսել «Կոմիտաս» հիմնարկին մասին։
Պ.- Թարգմանութեան աշխատանքը կը կատարէի, սակայն իբրեւ գիրքի պաշտօնական թարգմանիչ չէի պատկերացներ ինքզինքս, այլ՝ կը մտածէի թարգմանութեան աշխատանքը աւարտելու ընթացքին դիմել տարբեր հրատարակչատուներու եւ որեւէ հրատարակչատան կողմէ որդեգրուելու պարագային, կարելի ըլլար գիրքը հրատարակել։
Թարգմանութեան աշխատանքին ընթացքին արձանագրուեցան դրական զարգացումներ։ Այս աշխատանքին մասին խօսած էի Քարլա Կարապետեանին հետ, որ Լոս Անճելըս բնակող ամերիկահայ բեմադրիչ մըն է, ծանօթ՝ «Screamers» վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրութեամբ։ Այդ վաւերագրականին մէջ ակնարկ կար Նեմեսիս գործողութեան եւ Սողոմոն Թէհլիրեանին, հետեւաբար Քարլա Կարապետեանին հետ կապը կար՝ ժապաւէնի ցուցադրութեան եւ անոր կապուած այլ նիւթերու շուրջ։
Այս ծիրին մէջ, անոր տեղեկացուցի, թէ նախաձեռնած եմ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանելու աշխատանքին, որուն մասին խանդավառութիւն եւ քաջալերական կեցուածք ցուցաբերեց, ու սկսաւ մտածել, թէ ի՞նչ կարելի է կատարել։
Քարլա Կարապետեանի մտածումները երկարատեւ չեղան, ան անմիջապէս զիս ծանօթացուց Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Արա Սարաֆեանին։
Եւ որովհետեւ «Կոմիտաս» հիմնարկը Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր կը հրատարակէ, յուշագրութիւններ, պատմական իրադարձութիւններու, սպանդնելու, վկայութիւններու, նոյնիսկ՝ Թալէաթի օրագրութիւնը հրատարակուած է այս հիմնարկին կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ «Կոմիտաս» հիմնարկը կը կատարէ Ցեղասպանութեան ընդհանուր շրջագիծին մաս կազմող տարբեր հրատարակութիւններ, ապա Արա Սարաֆեան նկատեց, որ այս նիւթը եւս կը տեղադրուէր այդ ծիրին մէջ։
Հ.- Որքա՞ն տեւեց գիրքը թարգմանելու աշխատանքը եւ պատմական ի՞նչ զուգահեռներու մասին կրնաս խօսիլ, թարգմանութեան ընթացքին հայութեան ապրած նոր ժամանակաշրջանի արհաւիրքը նկատի ունենալով։
Պ.- Թարգմանութեան աշխատանքը տեւեց երեք տարի։ 2019-ի հոկտեմբեր-նոյեմբերէն սկսած էի թարգմանութեան աշխատանքը եւ մինչեւ օրս, երբ արդէն թարգմանուած գիրքը հրատարակուած է, արդէն երեք տարի լրացած է։ Զուտ թարգմանութեան աշխատանքը տեւեց աւելի քան երկու տարի։
Բնականաբար շատ դժուար պայմաններու եւ ժամանակաշրջանի ընթացքին կատարուեցաւ թարգմանութիւնը, որուն սկսայ 2019-ին, Լիբանանի մը, ուր սկսած էր տնտեսական ահաւոր ճգնաժամի շրջանը, որուն անմիջապէս յաջորդեց «Քորոնա» համաճարակի իրարանցումը, աւելի ուշ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որուն զուգադիպեցաւ Հայաստան հաստատուելու որոշումս։ Իսկ Հայաստան հաստատուելէ շուրջ մէկուկէս ամիս ետք սկսաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը։
Այս բոլոր պայմաններուն մէջ ես կը շարունակէի թարգմանութեան աշխատանքս։ Ինծի համար շատ դժուար էր, յատկապէս Հայաստանի մէջ ըլլալը այս ժամանակաշրջանը։ Ճիշդ է, որ թարգմանութեան աշխատանքը կը շարունակէի, սակայն օրին աշխատանքս Լոռիի մէջ էր եւ անոր կողքին կը կատարէինք մարդասիրական օժանդակութիւններ՝ Արցախէն Հայաստան հաստատուող ընտանիքներուն։
Դժբախտաբար այս բոլորը կը համեմատէի 100 տարի առաջ Սողոմոն Թէհլիրեանի անցած ուղիին եւ կը վերապրէի նոյն պատմութիւնը։ Գիրքին Դ. գլուխը կը խօսի մեր հայրենիքը կորսնցնելու մասին. ճիշդ նոյնը կը պատահէր այն օրերուն Արցախի մէջ։
Զուգահեռները յստակ են, հոն են, անոնք նոյներն են այնպէս ինչպէս էին դար մը առաջ։ Հայրենիքի կորուստ, քաղաքական ճգնաժամ, օրին` Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանն էր, իսկ այս օրերուն Արցախի յետպատերազմեան ժամանակաշրջանն է։ Նոյն ռուսն էր, նոյն թուրքը, թուրք թաթարը կամ այսօրուան ազրպէյճանցին, նոյն Արեւմուտքը, Հայասատանը՝ տարբեր ուղղութիւններ որդեգրելու մէջ կորսուած։ Դժբախտաբար այդպէս էր, ամին ի՛նչ նոյնն էր. կարելի է ըսել, որ թարգմանածս կ’ապրէի։
Հ.- Նկատի ունենալով, որ գիրքը անգլերէնի թարգմանուած է, կա՞ն յատուկ շրջանակներ, որոնց ուղղուած է այս գիրքը եւ անոր ցրւումը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։
Պ.- «Կոմիտաս» հիմնարկն ու անոր տնօրէնը Արա Սարաֆեան կ’աշխատին տարբեր եւ այլազան շրջանակներու մէջ, քան՝ ես ինքս։ Ես ընդհանրապէս կ’աշխատիմ սփիւռքեան կազմակերպուած գաղութներու մէջ եւ կուսակցական միաւորներու, թերթերու, մամուլի մօտ։ Հետեւաբար այս գաղութներուն մէջ գիրքին մասին տեղեկացնելու աշխատանքը ես պիտի տանիմ։ Հոս կ’ուզեմ նշել նաեւ, որ «Հայրենիք»-ը առաջին թերթն էր, որ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւններու անգլերէն թարգմանութեան մասին լուրը լոյս ընծայեց եւ անոր օրինակին հետեւեցան հայկական այլ թերթեր եւս։
«Հայրենիք»-ի այդ քայլը խորհրդանշական կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ այս ամբողջ գործողութիւնը, որուն անունն է Նեմեսիս «Հայրենիք» հաստատութենէն կը ղեկավարուէր։ Թէհլիրեան իր յուշագրութիւններուն մէջ շատ ջերմ կերպով կ’արտայայտուի «Հայրենիք»-ի մասին, խօսելով հայրենիքէն հեռու «Հայրենիք» մը կերտելու մասին։
Ուրեմն այս շրջանակին կողքին կայ Արա Սարաֆեանին մօտիկ շրջանակը, որ աւելի ակադեմականներու շրջանակ է, պատմաբաններ, գիտնականներ, համալսարանական՝ Հայաստանի եւ եւրոպական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մէջ։
Մեր նպատակն է բոլորը իմացնել այս մասին, եւ այս գիրքը հասցնել անոնց, որոնք հետաքրքրուած են պատմութեան ճշգրտութեամբ եւ կ’ուզեն այս նիւթին մէջ աւելի խորանալ, ըլլան անոնք երիտասարդներ, պատմագէտներ, ակադեմական եւ քաղաքական շրջանակներ, համալսարաններ, թանգարաններ եւ այլն։
Գիրքի ցրւումի պարագային կը մտածենք նաեւ ելեկտրոնային գիրքի տարբերակով նաեւ տարածել այս հրատարակութիւնը՝ առաքումի հարցերը զանց առնելու համար։
«Կոմիտաս» հիմնարկը ծրագրած է յունուար 2023-էն սկսեալ նամակատան ճամբով այս գիրքը առաքել աւելի լայն զանգուածներու։
Գիրքը արդէն իսկ կը գտնուի Amazon կայքին վրայ, սակայն իմ նախընտրութիւնս է, որ մեր հայրենակիցները գիրքը գնեն «Կոմիտաս» հիմնարկէն՝ գրելով books@gomidas.org-ին, որպէսզի այդ հիմնարկը ունենայ իր նիւթական եկամուտը եւ շարունակէ պահել իր գոյութիւնը ու իբրեւ անկախ հրատարակչատուն կարենայ նման գործեր հրատարակել։
Հ.- Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւնները այլ լեզուներու թարգմանելու ծրագիր կա՞յ։
Պ.- Այո, գիրքը այլ լեզուներու թարգմանելու ծրագիր կայ, եւ առաջին հերթին կը փափաքինք գիրքը թրքերէնի թարգմանել։ Տակաւին յստակ չէ, թէ ան միայն ե-գիրքի տարբերակով լոյս կը տեսնէ, թէ իբրեւ հրատարակութիւն, սակայն թրքերէնի թարգմանելու ծրագիրը կայ։
Տակաւին կը մտածուի գիրքը թարգմանել ռուսերէնի, որպէսզի զայն կարելի ըլլայ հասցնել նաեւ ռուսական շրջանակներուն։ Գիրքին այլ լեզուներու թարգմանութեան աշխատանքը պիտի նպաստէ նաեւ գիրքը ցրուելու գործընթացին։ Լիբանանի մէջ գիրքին ներկայացումին ընթացքին, Փարիզի մէջ գտնուող հրատարակչատուն մը փափաք յայտնեց գիրքը ֆրանսերէնի թարգմանելու։
Հ.- Քիչ առաջ խօսեցանք «Հայրենիք»-ի մասին եւ այս հարցազրոյցը արդէն իսկ կը կատարուի «Հայրենիք»-ի համար։ Հետեւաբար «Հայրենիք»-ի եւ անոր ընդմէջէն դաշնակցական մամուլի ընթերցողներուն ի՞նչ ունիս ըսելիք։
Պ.- Կը փափաքիմ շեշտել, որ Նեմեսիսն ու Սողոմոն Թէհլիրեանի հերոսութիւնը համահայկական է եւ միայն Դաշնակցութեան անդամները, կուսակցականներն ու համակիրները պէտք չէ այդ մէկը ընկալեն իբրեւ քաջագործութիւն։
Պիտի մաղթէի, որ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշագրութիւններու անգլերէնի թարգմանութիւնը հայկական եւ ոչ հայկական գրադարաններուն մէջ ըլլային։ Բայց Հ․Յ․ Դաշնակցութեան շրջանակներէն եւ դաշնակցական մամուլէն կ’ակնկալեմ, որ գիրքի մասին լուրեր ու գրախօսականներ հրապարակեն, քննարկումներ կատարուին։ Անգլերէնով հրատարակուող Դաշնակցական մամուլէն պիտի ակնկալէի, որ գիրքին մասին գրախօսականներ կատարէ, նիւթին այժմէականութեան անդրադառնայ, որովհետեւ ի վերջոյ պատմական մեծագոյն իրողութիւնը այն է, թէ Նեմեսիս գործողութիւնը կեանքի կոչուեցաւ ՀՅԴ բարձրագոն ժոովին կողմէ, 1919-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 9-րդ ընդհանուր ժողովին կողմէ, եւ կազմակերպուեցաւ ու իրագործուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան բարձրագոյն մարմնին կողմէ, յանձին Արմէն Գարոյի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի հանրապետութեան առաջին դեսպանը եղած է։Կ’ուզեմ նաեւ նշել, որ Սողոմոն Թէհլիրեան իր յուշագրութիւններուն մէջ ջերմօրէն կ’արտայայտուի «Հայրենիք»-ին մասին։ Գիրքը կ’ընդգրկէ բաժին մը, որ ուղղակի «Հայրենիք»-ին կը վերաբերի. կ’ուզեմ անոր անդրադառնալ ուղղակի գիրքին մէջ լոյս տեսած հետեւեալ մէջբերումով.
«Հեռաւոր գաղութում հաստատուած, բայց երկրի հետ սերտօրէն կապուած «Հայրենիք»-ը մեծ դեր էր կատարում: Անվիճելի իրողութիւն է, որ եթէ հայութիւնը գաղութներում պահպանում էր իր կերպարանքը, դա խոշոր չափով արդիւնքն է այն կազմակերպուած աշխատանքին, որ վարում են հայ հանրային, քաղաքական հոսանքները, նրանց թերթերը եւ հրատարակութիւնները: «Հայրենիք»-ը մեծ տեղ ունէր այդ հրատարակութիւնների մէջ: Սկսուելով Նիւ Եորքում, նոր էր լրացրել իր քսանամեակը Պոսթոնում: Ընկերներից ոմանք- դոկտ. Թաշճեանը, փրոֆ. Չագմագճեանը, Մ. Համբարձումեանը, Ն. Տէստէկիւլը,- սպառել էին այդ գործի վրայ 10-15 տարուան աշխատանք, մեծ մասամբ դժուարին, անտանելի պայմաններում: «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը մի «Ազգային Բիւրօ» էր, առանց որի ոչ մի աշխատանք չէր կատարւում: Բոլոր ազգային հանգանակութիւնները նրա միջոցով էին ղեկավարւում, գաղթականների համար նա մի թղթատուն էր, տեղեկատու մարմին. այստեղ էին գալիս նամակները տարագիրների անունով: Հակառակ որ անցել էր հինգ տարի, դեռ մնում էր յայտարարութիւնների յատուկ բաժինը, ուր ջարդից ազատուածները փնտռում էին իրենց կորած, աքսորուած հարազատներին: Օրն ի բուն բաց էին խմբագրութեան դռները եւ ամէն մարդ մուտք ունէր այնտեղ, նրանց ընդունում էին մտերմօրէն, լսում ուշադիր, կարեկցում ցաւերին, օգնում բարոյապէս՝ միշտ պահելով նրանց մէջ հաւատը դէպի աւելի լաւ ապագան»:
Իսկապէս շատ ուրախ եմ ըսելու, որ «Հայրենիք»-ը իբրեւ թերթ տակաւին կը գործէ, եւ իբրեւ հաստատութիւն կը գոյատեւէ։ Ինծի համար հոգեկան մեծ գոհունակութիւն է, որ գիրքին թարգմանութեան մասին լուրը առաջին անգամ ըլլալով «Հայրենիք»-ը լոյս ընծայեց եւ այսօր ընդլայնուած այս հարցազրոյցը կը կատարենք «Հայրենիք»-ի համար։
Այս հարցազրոյցը նաեւ պիտի օժանդակէ գիրքին կարեւորութեան շեշտադրումին, անոր մասին քարոզչութեան եւ ցրւումին։
«Կոմիտաս» հիմնարկին հետ կան խորհրդակցութիւններ հայկական մամուլին ուղարկելու այս գիրքէն օրինակներ, որպէսզի անոնք գիրքին մասին գրախօսականներ կատարեն եւ նիւթեր լոյս ընծայեն։
Հ.- Գիրքի իբրեւ թարգմանիչ ի՞նչ են զգացումներդ եւ արդեօք այլ թարգմանութիւններու նախաձեռնելու ծրագիրներ կա՞ն ։
Պ.- Մինչեւ այս գիրքը թարգմանելը կատարած եմ այլ թարգմանութիւններ, որոնք յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու սահմաններու մէջ, սակայն գիրքի մը տարողութեամբ թարգմանութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը կատարէի։ Երբ հրատարակուած գիրքը ստացայ ու անոր վրայ անունս նշմարեցի մտքիս մէջ ամբողջ երեք տարուան աշխատանքը կայծակնային արագութեամբ տողանցեց, եւ վերապրելէ ետք այդ բոլորը, հոգեկան մեծ գոհունակութիւն մը զգացի։
Տակաւին կը փափաքիմ այս գիրքի ցրւումին ուղղութեամբ աշխատիլ, որովհետեւ այս գիրքը մեկնարկ մը պիտի ըլլայ, որ նման կարեւոր դրուագներ եւ դէպքեր աւելի լայն կերպով մատուցուին օտարալեզու աւելի լայն շրջանակներու։
Եթէ մենք իբրեւ հայ, այս դժուար օրերուն եւ պայմաններուն մէջ չկարենանք մեր պատմութիւնը տարածել, օտարը ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ այս ուղղութեամբ։ Իսկ եթէ ուրիշը պիտի կատարէ մեր աշխատանքը, ապա ան իր դիւտանկիւնէն մեկնելով է, որ պիտի ձեռնարկէ աշխատանքի եւ խեղաթիւրէ պատմութիւնը։
Մենք այս գործով ներկայացուցած ենք Թէհլիրեանի կողմէ պատմուած յուշերը, որոնք կ’երկարին մինչեւ Թալէաթի ահաբեկումը։ Ընթերցողներուն համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ Թէհլիրեանի յուշագրութիւնները կը ներարեն Թալէաթի ահաբեկումին նախորդող ժամանակաշրջանը, հասնելով մինչեւ անոր ահաբեկումը, եւ Թէհլիրեանի անձնական կեանքին, հետաքրքրութիւններուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին ոչինչ կայ։
Իմ փափաքս է տեսնել, որ երիտասարդներ, եւ ոչ միայն երիտասարդներ, թարգմանեն, ուսումնասիրեն, հետաքրքրուին եւ շարունակեն մեր պատմութիւնը ներկայացնելու աշխատանքը՝ ելեկտրոնային տարբերակով, անգլերէնով, արաբերէնով, ռուսերէնով, ֆրանսերէնով, եւ այլն։ Միացեալ նահանգներու մէջ զանազան համալսարաններէ ներս կը գործեն հայկական ամպիոններ, պիտի ուզէի նաեւ տեսնել, թէ անոնք աւելի աշխուժ եւ աւելի լայն աշխատանք կը կատարեն։
Պատմութեան ուղղութիւնը մենք պէտք է որոշենք, հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան մասին հսկայական արխիւ ունի եւ անիկա պէտք է տրամադրէ բոլորին, հետեւաբար կայ նաեւ այն հանգամանքը, որ ուրիշը կրնայ հայերէն սորվիլ եւ գալ ուսումնասիրելու մեր արխիւները։
Իմ կողմէս նման այլ թարգմանութիւններու ծրագիրներ չկան տակաւին, սակայն իսկապէս կը փափաքիմ, որ իմ կատարած աշխատանքս դուռը պիտի բանայ նման այլ աշխատութիւններու։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Արշօ Պալեան