«Ազրպէյճանի համակարգուած գործողութիւնները, ներառեալ` քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներուն դէմ նախորդ միջադէպերը, անգամ մը եւս կը վկայեն այն մասին, որ Լաչինի միջանցքին փակումը Ազրպէյճանի կողմից նախօրօք ծրագրուած գործողութիւն է»: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան:
Յունանեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի այդ քայլը նպատակ ունի վնասել քաղաքացիական բնակչութեան ու լայնածաւալ մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: