Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կը յայտարարէ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը մուտք չէ գործած Լաչինի միջանցք:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը այս մասին յայտարարած է «Թուիթըր»-ի վրայ իր կատարած գրառումին մէջ:
«Կը շրջանառուի տեսանիւթ մը Եւրոպական Միութեան առաքելութեան պարեկի կողմէ Լաչինի միջանցք տանող ճամբու դիտարկման մասին: Պարեկը այդ ժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանէն շուրջ 1,2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հսկիչ անցակէտի մէջ էր: Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը, համաձայն իր լիազօրութեան, կը գործէ բացառապէս Հայաստանի տարածքին մէջ եւ մուտք չէ գործած միջանցք», նշուած է Քլաարի թուիթըրեան գրառման մէջ: