Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Սերկէյ Շոյկու Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու նիստի ծիրին մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի մէջ մեր դաշնակիցն է եւ Անդրկովկասի մէջ առանցքային ռազմավարական գործընկերը: Մենք չափազանց շահագրգռուած ենք շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման հարցով եւ ատոր համար կը գործադրենք բոլոր ջանքերը: Մենք առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տանք երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման եւ Հայաստանի զինեալ ուժերուն ներուժը մեծցնելու ուղղուած աջակցութեան», ըսած է ան:
Հանդիպումի ընթացքին նախարարները հաստատած են երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն մինչեւ 2023 թուական համագործակցութեան ծրագիրը:
Շոյկու նաեւ նշած է, որ ռուսական կողմը պատրաստ է շարունակելու միացեալ աշխատանքը:
Պապիկեան իր կարգին նշած է, որ ասիկա այս տարուան ընթացքին արդէն 4-րդ հանդիպումն է: «Մենք բարձր կը գնահատենք կայացած վեհաժողովի կազմակերպման ձեր նախաձեռնութիւնն ու ջանքերը: Դեկտեմբերը այն ժամանակն է, երբ պէտք է ամփոփել եւ իմաստաւորել ապագայի ծրագիրները: Այսօր մենք պիտի ստորագրենք 2023 թուականի ծրագիրը», ըսած է ան: