Աշխատանքային այցելութեամբ Աթէնք գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան, որ քաղաքական բովանդակութեամբ կատարած հանդիպումներու շարքին, առիթը ունեցաւ յունահայ հանրութեան ներկայացնելու վերջին զարգացումները Արցախի մասին, Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ։
Ներկայ եղան Հ.Հ. դեսպանատան խորհրդական տիկ. Արմինէ Ալեքսանեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ պ. Արա Գիրազեան, Ազգային վարչութեան, Հ.Կ.Խաչի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութիւններու, Ուսումնական խորհուրդի, տեղական վարչութիւններու եւ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ ու հայրենակցիներ։
Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի անունով երեկոյի բացումը կատարեց ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ խնդրեց վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել Արցախին համար զոհաբերուած բոլոր հայորդիներու յիշատակը։ Յաջորդաբար, ան անդրադարձաւ օրուան ելոյթին. ընկերոջ խօսքը կու տանք առանձին։
Տպաւորիչ ներկայութիւն մը ունեցան Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամները, որոնք խանդավառ ոճով երգեցին «Գետաշէն» եւ «Գնդակ որոտաց» յեղափոխական երգերը, խլելով բոլորին ջերմ ծափահարութիւնները։
Օրուան գլխաւոր խօսող ընկ. Դաւիթ Իշխանեան իր ելոյթի մեկնարկին ուրախութիւն յայտնեց, որ դարձեալ առիթը ունեցաւ ներկայանալու յունահայ հանրութեան առջեւ։
Ընկերը մատնանշեց, թէ հակառակ ստեղծուած ծանր վիճակին, Արցախի հիմնահարցը կարելի չէ վերջացած նկատել, նոյնիսկ եթէ այսօր թուրք-ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ ամէն տեսակի սադրանքներ իրագործելով, միջազգային ընտանիքը համոզել, թէ Արցախի հարց այլեւս գոյութիւն չունի։ Ան շեշտեց, թէ արցախցին այս անգամ եւս ունի պայքարելու հզօր կամք։ Յաջորդաբար, ընկերը անդրադարձաւ վերջին երկու տարիներու իրավիճակին, խօսելով կարգ մը հիմնական խնդիրներու մասին, որոնց համառօտ պատկերը կու տանք ստորեւ։
Անվտանգութիւն
Ընկ. Իշխանեան նշեց, թէ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը, Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը։ Պատերազմէն ետք այս իրավիճակը փոխուեցաւ եւ Հայաստան ետ քաշեց իր երաշխաւորութիւնը Արցախի վրայէն, ստեղծելով նոր կացութիւն մը։ Այսօր, բաւական թուլացած է պաշտպանական համակարգը, Հայաստանի բանակը այլեւս զօրակոչիկներ չի ղրկեր Արցախ, այսուհանդերձ ընկերը յայտնեց, թէ Արցախի հայութիւնը կարողութիւնը ունի փոխելու ներկայ իրադրութիւնը։ Ան նաեւ նշեց, թէ ներկայիս գոյութիւն ունի նոր տուեալ մը՝ ռուսական բանակի որպէս երաշխաւոր ներկայութիւնը Արցախի մէջ։ Միաժամանակ, Ատրպէյճան շարունակաբար կը փորձէ խոչընդոտներ դնել՝ պահանջելով Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ պետական կառոյցներու լուծարումը։
Այս բոլորին դիմաց, Արցախ կը ներկայանայ ներքաղաքական կայուն վիճակով, ներքին համերաշխութեան նուաճումով, որ շնորհիւ Հ.Յ.Դ. ջանքերուն ստեղծուած է համախոհութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտ կառավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ։ Ընդգծելի է, որ ժողովուրդը եւս դրական վերաբերում կը ցուցաբերէ քաղաքական աշխարհին հանդէպ, միաժամանակ բարձր պահելով պայքարելու ոգին։
Կարգավիճակ
Այս հիմնական խնդիրը անորոշութիւն ստեղծած է ժողովուրդին մէջ, որ աւելի շեշտակի կը դառնայ, մանաւանդ երբ Ատրպէյճան միջազգային հանրութեան առջեւ կը յայտնէ, թէ Արցախի հարց գոյութիւն չունի։ Բերձորի ու Աղաւնոյի յանձնումը թշնամիի ուժերուն անկումային հոգեվիճակ ստեղծեց ժողովուրդին մօտ։
Քաղաքական գետնի վրայ, այն փաստաթուղթերը, որոնք շրջանառութեան մէջ դրուած են յոյս չեն ներշնչեր, հանգուցալուծումը մօտ չէ, սակայն կան կարգ մը նախադրեալներ, որոնք յուսադրիչ քայլեր կրնան նկատուիլ, ինչպիսին է գալիք հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահին հետ։ Այսուհանդերձ, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը նկատուի տարածաշրջանի տիրական ուժը եւ շատ բան կախեալ է ռուսական քաղաքականութեան ընտրանքներէն։ Խաղաղութեան պայմագիրի ընդունման համար ճնշում գոյութիւն ունի, թողելու համար ինքնորոշման հարցը եւ Արցախը տեսնելու Ատրպէյճանի կազմին մէջ։
Ատրպէյճան ամէն կերպով կը շարունակէ խանգարել ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը, մինչ Հայաստան եւս չի կարողանար իր դիրքորոշումը վստահօրէն ներկայացնել։ Այսուհանդերձ, Արցախի տարածքային վերականգնումը եւ ինքնորոշման իրաւունքը մեր հիմնական սկզբունքները կը շարունակեն մնալ։
Պատերազմի մթնոլորտի վերացում
44-օրեայ պատերազմը շատ ծանր վիճակ ստեղծեց Արցախի վրայ։
Այսօր, պետական կառոյցները կը փորձեն վերացնել պատերազմի հետեւանքները, որոնք ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի դժուար պայմաններ ստեղծած են։ Լուրջ փորձ կը տարուի տեղահանուածներու իրավիճակը փոխել։ Ընկերը ներկայացուց կարգ մը վիճակագրական տուեալներ, որոնք կապ ունին տեղահանուածներու ընդհանուր պատկերին եւ Արցախի բնակչութեան հետ։ Ան յայտնեց, թէ բնակարանաշինութիւնը ընթացքի մէջ է, որպէսզի կարելի ըլլայ գրաւուած շրջաններէն տեղահանուածներու համար տրամադրելի ըլլան նոր բնակարաններ եւ երաշխաւորուի նաեւ Արցախէն հեռացածներու վերադարձը։ Հայաստան եւս կը շարունակէ իր լուրջ պիւտճէական օժանդակութիւնը, որ կը միտի զօրացնել երկրի ենթակառուցուածքները եւ պետական համակարգը։
Ջրամբարներու եւ ելեկտրական ուժի արտադրութեան գործարաններու կարեւոր մաս մը անցաւ Ատրպէյճանի ձեռքը, իսկ կազի եւ ելեկտրական հոսանքի կապերու Լաչինի միջանցքով անցնելու իրողութիւնը լուրջ խնդիր կը ստեղծէ թշնամիին կողմէ եւ համակարգը բաւական խոցելի կը դարձնէ։ Բնակչութիւնը ներկայիս կը համրուի 120.000 անձի շուրջ եւ ջանք կը տարուի ստեղծել կայուն ժողովրդագրական վիճակ։ Ատրպէյճան ամէն տեսակի սադրանքներու դիմելով կը փորձէ խաթարել պատկերը, ներկայացնելով սուտ տեղեկութիւններ։
Յարգելի խօսողը նաեւ անդրադարձաւ Ռուբէն Վարդանեանի պետական նախարար նշանակուելու իրողութեան ու ատրպէյճանական հակազդեցութիւններուն, կարեւորեց երկխօսութիւնը Իրանի եւ Արցախի միջեւ, իսկ յատուկ անդրադարձ կատարեց մշակութային ցեղասպանութեան թեմայի արծարծումին շուրջ, միջազգային հարթակներու եւ օտար պետական-քաղաքական շրջանակներուն մօտ իրազեկելու համար Ատրպէյճանի կատարած բնաջնջումը Արցախի պատմամշակութային կոթողներուն վրայ։
Ընկերոջ համապարփակ եւ ընդգրկուն ներկայացումը բնականաբար ստեղծեց նաեւ ներկաներուն կողմէ հարցումներու առիթ մը, որոնք մանրամասնօրէն պատասխանուեցան խօսողին կողմէ։
Նախագահի փակման խօսքով վերջ գտաւ այս շահեկան ներկայացումը, իսկ մտերմիկ զրոյցը ընկ. Դաւիթ Իշխանեանին հետ շարունակուեցաւ աւելի յետոյ եւս։
Հոս պէտք է նշել, թէ հակառակ ժողովուրդի զգալի ներկայութեան եւ հարցումներու բազմազանութեամբ ստեղծուած հետաքրքրութեան, Արցախէն քաղաքական եւ պետական հանգամանքով այցելուներու ներկայութիւնը պէտք է անպայմանօրէն աւելի մեծ շարժառիթ դառնայ մեր հայրենակիցներուն մօտ, աւելի խուռներամ, նոյնիսկ սրահները ողողելու աստիճան ներկայութիւն ցուցաբերելու համար։
Հայ ժողովուրդի միջնաբերդը նկատուող Արցախի ամէնէն ճակատագրական պահերուն, մեր սեւեռումը եւ լարուած հետաքրքրութիւնը Արցախի լինելութեան ու գոյատեւման պայքարին կը պահանջէ բոլորին ներկայութիւնը, որու հիմնական նախադրեալներէն մէկը կը հանդիսանայ իրազեկ եւ տեղեկացուած ըլլալու հանգամանքը, որ մեզ պատեհաբար կը տրուի հայրենի հողէն ժամանած յարմարագոյն անձնաւորութիւններուն կողմէ։
azator.gr