ՀՕՄի շաբաթօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու խմնամակալ մարմնի հանդիպումը շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու հետ

ՀՕՄի շաբաթօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու խմնամակալ մարմնի հանդիպումը շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու հետ

Լինտա Գանտիլեան

ՀՕՄ-իութեան, հարիւրամեայ երթի  ընթացքին, միշտ  առաջնահերթ նպատակներէն մէկը եղած է ՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել հայ մանուկին եւ պատանիին: Սերունդներ շարունակ հետեւած են այդ նպատակի իրագործման՝ համագործակցութեամբ եւ համապարբակ աշխատանքով, նուիրումով եւ հաւատքով, խրախուսուելով՝ հայաշունջ շրջանավարտներու  հոյլերով:

Ահա այս տեսլականով եւ հաւատքով ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւնները ստեղծած են Շաբաթօրեայ վարժարանները, որոնք տասնամեակներ շարունակ կը գործեն, կը ծաղկին ու կը բարգաւաճին՝ վայելելով ՀՕՄի գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը:

Այս յաջողութիւնները կ’ենթադրեն անշուշտ կազմակերպուած եւ հետեւողական աշխատանք,  որուն համար նշանակուած է Շաբաթօրեայ վարժարաններու յատուկ խնամակալ մարմին մը, որ կը հետեւի վարժարաններու կողմէ իրագործուած ուսումնական աշխատանքներուն՝ Շրջանային վարջութեան հովանաւորութեամբ:

Առ այդ 15 Նոյեմբեր 2022 ի երեկոյեան  Խնամակալ Մարմինը հանդիպումի մը հրաւիրած էր  Շաբաթօրեայ վարժարաններու Տնօրէնները,  ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին, խնամակալ մարմնի ընկերուհիները, վարչական ներկայացուցիչներ, եւ ուսուցչուհիներ. Կեդրոնէն ներս կը տիրէր մեծ խանդավառութիւն 

Ընկերուհիները բծախնդիր ճշդապահութեամբ ներկայ էին, համաճարակի պատճառով երկար բացակայութենէ ետք, մեծ կարօտով եւ ուրախութեամբ անոնք հանդիպեցան իրար: Հանդիպումը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ Խնամակալ Մարմնի Ատենապետուհի Ընկհ.Սոնա Մատարեանի  բացման խօսքով, ընկերուհին շեշտեց ընդհանրապէս հայ ուսուցիչի եւ յատկապէս Շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու նուիրական եւ անձնուրաց պատասխանատու աշխատանքը, որուն համար միայն շնորհակալութեամբ կարելի է արտայայտուիլ: Նախօրօք պատրաստուած օրակարգը կանոնաւորութեամբ շարունակուեցաւ,պարբերաբար  խօսք առին ընկերուհիներ Սոնա Մատարեան եւ ԼԻնտա Գանտիլեան եւ փոխանցեցին ուսուցիչներու եւ տնօրէններու կարգավիճակին յատուկ կարգ մը օրինական հարցեր, ապա յուշեցին ուսումնական  տարուան ընթացքին կիրարելի   յատուկ եւ անհրաժեշտ կարգ մը ապահովական ծրագրերու վարժողական փորձերու մասին, յայտարարուեցաւ տարեկան ծրագիրը եւ եղան թելադրանքներ, այս պարագային յատկապէս շեշտը դրուեցաւ հայրենախօսութեան վրայ, որուն համար քաջալերեցին օգտագործել այդ նպատակով եւ զանազան մակարդակներու համար պատրաստուած կայքերը օգտագործել: Նոյնպէս առիթ տրուեցաւ իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնին որ հակիրճ կերպով ներկայացնէ իր դպրոցի ներկայ իրավիճակը, նկատի առած համաճարակէն ետք ստեղծուած պայմաններն ու փոփոխութիւնները, զեկոյցներու աւարտին շնորհակալութեամբ եւ ուրախութեամբ հասու դարձանք, 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանին  վարժարաններու օրինաւոր, եռանդուն եւ դրական երթին, իւրաքանչիւր տնօրէն տեղեկացուց իր վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցչական կազմի մասին, բայց ակնյատ էր որ տակաւին անոնք ըսելիքներ ունէին ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր նաեւ ուսանելի փորձ պիտի ըլլար իւրաքանչիւրին երկամսեայ իրագործումները լսել, ուստի ժողովը առիթ տուաւ բաց զրոյցի, իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնուհի հպարտութեամբ դրսեւորեց իր վարժարանի ձեռքբերումները առ այսօր եւ ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները. հաճելի էր իւրաքանչիւրի հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը իրարմէ կարծիքներ առնելու եւ զիրար քաջալերելու  երեւոյթը:

Հանդիպումը փակուեցաւ ՇրջանայինՎարջութեան ներկայացուցիչ Ընկերուհի Անուշ Չալեան  փակման խօսքով, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ մեծապէս շնորհակալ եղաւ բոլոր նուիրեալներուն, որոնք անկարելին կը դարձնեն կարելի միշտ նպատակակէտ ունենալով նոր սերունդը հայկական արժէքներով դաստիարակելու վսեմ գործը, ներկայ էր նաեւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն Ժարմէն Միրզախանեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մաղթելով բարի երթ ներկայ ուսումնական տարեշրջանին:

Հանդիպումը պաշտօնապէս փակուած էր, բայց  ընկերուհիներու զրոյցը նոր սկսած, որքան հաճելի եւ ջերմ էր մթնոլորտը մանաւանդ հայկական հիւրասիրութեամբ, գաւաթ մը սուրճի եւ թէյի շուրջ. գիշերը յառաջացած էր, յաջորդ օր գործի օր էր, բայց զրոյցը կը շարունակուէր եւ ընկերուհիները հաճոյքով կը յամենային իրենց երկրորդ տան՝ ՀՕՄիութեան կեդրոնի ջերմիկ սեղաններու շուրջ:

Share