Զօրակցութիւն Արցախին, մոմավառութիւն, միասնութեան հաւաք և համատեղ յայտարարութիւն՝ Գլենդելում

Զօրակցութիւն Արցախին, մոմավառութիւն, միասնութեան հաւաք և համատեղ յայտարարութիւն՝ Գլենդելում

«Արցախի հետ, Արցախի համար»

Այս նշանաբանով բազմաթիւ լոսանջելըսահայեր չորեքշաբթի՝ նոյեմբերի 9-ի երեկոյեան ժամը 7ից հաւաքուել էին Գլենդելի քաղաքապետարանի «Փերքինս» հրապարակում նախ յարգելու Արցախեան 44-օրյա պատերազմի ընթացքում զոհուածների յիշատակը և միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու արցախահայութեանը:

Միասնութեան այս միջոցառումը կազմակերպել էին ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆ Կենտրոնական Կոմիտէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Վարչութիւնը,  Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը, մասնակցութեամբ ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախմբի և Հ.Ե.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի, եւ ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութեան Վարչութեան:

Միջոցառումը սկզբում հանդիսավար Շանթ Սասունեանի հրաւէրով ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում զոհուածների յիշատակը, որից յետոյ հնչեցին Հայաստանի և Արցախի հանրապետութիւնների պետական հիմները Դրօ Գրիգորեանի կատարմամբ:      

Այնուհետեւ խօսք առաւ Գլենդելի քաղաքապետ Արդի Քասախեանը, որն իր ելոյթում կենտրոնացաւ Արցախի ներկայ ծանր պայմաններին և արցախահայութեանն աջակցելու անհրաժեշտութեան հրամայականին:

Միջոցառման յաջորդ բաժնում Ժպիտ Մելքոնեանն ընթերցեց օրուայ առիթով Հ.Ե.Դ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Վարչութեան խօսքը՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

Ապա բեմ հրաւիրուեց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ սրբազանի կողմից միջոցառմանը մասնակցող Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Թորոսեանը: Արժանապատիւ քահանայ հայրն իր խօսքում մասնաւորապէս նշելով, որ Արցախը երբեւէ չի եղել Ադրբեջանի կազմում և այսուհետ եւս չի լինելու, ներկաներին հրաւիրեց Տէրունական աղօթքով խաղաղութիւն հայցել արցախեան պատերազմի զոհերի հոգու խաղաղութեան համար:

Միասնութեան միջոցառումը շարունակուելով ներկաներին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց նոյն վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը:

Վիքի Մարաշլեանն իր խօսքում մասնաւորապէս անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի միջոցով Արցախում իրականացուած նախագծերին եւ կարեւորելով արցախահայութեանն աջակցելու անհրաժեշտութիւնն ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ի կողմից Արցախին ցուցաբերուող օժանդակութիւններն ու իրականացուող նախագծերը նոյնութեամբ շարունակուելու են:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէի անդամ Յովիկ Սալիբան: Նա իր խօսքում բարձր գնահատելով ներկաների մասնակցութիւնն անդրադարձաւ միասնութեան կարեւորութեանը և յաւելեց, որ այդ միասնութիւնը պիտի ձեւաւորուի երեք կարեւոր գործօնների շուրջ, որոնք են Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը, Հայկական պետականութեան ամրապնդումը եւ զօրակցութիւն Արցախեան ազատագրական պայքարին:

Յովիկ Սալիբան ի դէպ, յայտարարեց, որ հանրահաւաքի կազմակերպիչների անունից պատրաստուել է յայտարարութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ Միասնութեան հանրահաւաքից բացակայող կառոյցները եւս կմիանան այդ յայտարարութեանը: Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ ներկայացուած է սոյն յօդուածի վերջում:  

Միջոցառման աւարտին ներկաներին Պատանեկան Միութեան խօսքը փոխանցեց նոյն միութեան անդամ Ամարաս Օվայեանը:

Միասնութեան հանրահաւաքի աւարտին ներկաները մոմեր վառելով յարգեցին Արցախեան գոյամարտերի ու մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում ընկած հերոսների յիշատակը:

Թղթակցութիւնը պատրաստեց՝ Ռ.Մ.

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նոյեմբեր 9, 2022, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա

Սիրելի հայրենակիցներ,

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախը ոտքի է կանգնած։ Մենք բոլորս երկար էինք սպասած այս օրուան։ Արցախը միասնական է եւ տէր է իր պետականութեան։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին վրայ, աւելի քան 40,000 իրաւատէր Արցախահայերու մասնակցութեամբ, Հոկտեմբեր 30-ին հնչեցին յստակ ուղերձներ՝

  • Արցախը երբեք չէ եղած եւ չի լինելու Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
  • Արցախի Հանրապետութեան, Արցախի ժողովուրդին համար անընդունելի է Արցախը Ազրպէյճանին բռնակցելու ցանկացած փորձ։
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ո՛չ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, որտեղ ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը կասկածի տակ կ’առնուի։

Ա՛յդ օր, Ազգային ժողով հասարակութիւն զուգընթաց եւ փոխլրացնող կշռոյթներով այդ վճռականութեան դրսեւորումները հոգեպարար բնոյթ ունեցան ո՛ղջ հայութեան համար:

Յստակ է որ 1988էն ի վեր, մենք զօրակցած ու սատարած ենք Արցախի ազատագրական պայքարին, որովհետեւ անոր ազատագրումը կարեւոր քայլ մըն էր դէպի մեր նպատակադրած Միացեալ Հայաստանի կերտումը։

Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը կարեւոր ներդրում ունի Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ։ Հայ Դատի Յանձնախումբը, 1988էն ի վեր ու անկէ վերջ, հսկայական աշխատանք տարած է ամերիկեան օրէնսդիր թէ գործադիր իշխանութիւններուն մօտ, զօրակցութիւն ապահովելու համար Արցախի ազատագրութեան արդար դատին։

Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ էր, որ առաջին անգամ դրամահաւաք-թելեթոն կազմակերպեցինք՝ Արցախ Ֆոնտ անունով, նիւթապէս օժանդակելու համար այդ պայքարին։ Անկէ վերջ, ՀՕՄը եւ ՀԵԴն ընկերային, բարեսիրական ու երիտասարդական ծրագիրներու ճամբով մեծապէս սատարեցին արցախաբնակ մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի ամրապնդուի անոնց կապը ազատագրուած հողին հետ։

Թոյլ չենք կրնար տալ, որ հազարաւոր նահատակներու արեան ու համազգային զոհողութիւններու գնով ազատագրուած Արցախը լքուի իր բախտին։

Մենք անվերապահ կերպով կը զօրակցինք Արցախի Հանրապետութեան, որպէսզի ան լիիրաւ կերպով վայելէ ինքնորոշման բնական իրաւունքը։ Թոյլատրելի չէ որեւէ ազգակործան քայլ՝ Արցախի նկատմամբ։

Առ այս, արձագանգելով Հոկտեմբեր 30, 2022ին Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հուժկու հանրահաւաքին, կը միացնենք մեր ձայնն ու կամքը մեր արցախաբնակ հայրենակիցներուն։ Մենք կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անսասանութեան նկատմամբ ու մեր բոլոր միջոցներով կը զօրակցինք հայութեան այս արդար դատին։

ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆ Կենտրոնական Կոմիտէ

ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Վարչութիւն

ՀՕՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբ

 ՀԵԴ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնին

ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութիւն

Share