ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Թեհրանի «Սատապատ» համալիրի մէջ մասնակցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
Իրանի նախագահը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետի Իրանի իսլամական հանրապետութիւն այցելութիւնը, անկասկած, բեկումնային պիտի ըլլայ երկու երկիրներու զարգացման գործին մէջ:
Նշելով, որ բարի դրացիական քաղաքականութիւնը Իրանի կառավարութեան ընդգծուած քաղաքականութիւններէն մէկն է, ան աւելցուցած է, որ օրակարգի վրայ է նման երկկողմանի հանդիպումներու կատարումը` ուղղուած Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, առեւտրական եւ անվտանգութեան յարաբերութիւններու զարգացման:
Նախագահ Ռայիսիի համաձայն, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն 43 առ հարիւրի աճ արձանագրած են:
«Մեր նպատակն է մեծցնել առեւտրական յարաբերութիւնները մինչեւ երեք միլիառ տոլար, ինչին կարելի է հասնիլ երկու երկիրներուն կամքով», աւելցուցած է ան:
«Երկու երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւնները հաստատօրէն շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ պիտի բերեն աւելի լաւ յարաբերութիւններու», ընդգծած է Ռայիսի:
Նշելով, որ կովկասեան շրջանը Իրանի պատմութեան, քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին մէկ մասն է, Ռայիսի ըսած է, որ կովկասեան շրջանին մէջ զարգացումները, անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը շատ կարեւոր են Իրանի համար:
Ընդգծելով, որ շրջանային խնդիրները պէտք է լուծեն շրջանային դերակատարները, ան յայտարարած է. «Շրջանին մէջ օտարներու կողմէ որեւէ միջամտութիւն խնդիրի լուծման փոխարէն խնդիրներ պիտի ստեղծէ»: